Յունաստանի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան երաժշտանոցի տարեվերջի հանդիսութիւն-համերգը տեղի ունեցաւ Շաբաթ՝ 17 Յունիսի կէսօրին, Նէա Զմիռնիի «Ֆիլիփոս Նաքաս» երաժշտական հաստատութեան երաժշտանոցին մէջ, ի ներկայութեան Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան, մասնաճիւղերու, երաժշտանոցի դաստիարակներու, համազգայնականներու, ծնողներու եւ հայ թէ յոյն երաժշտասէր հասարակութեան մը։
Երաժշտանոցը կը գլխաւորէ դաշնակի ուսուցչուհի ընկ. Գոհար Չիմանեան, իր կողքին ունենալով Գոսթաս Գոնսթանտինուն (կիթառ) եւ Տիմիթրիս Մորոսը (տեսաբանութիւն)։
Հանդիսութեան բացումը, յանուն Շրջանային Վարչութեան, կատարեց ընկ. Մարի Միքայէլեան, հայերէն եւ յունարէն լեզուներով։
Իր բացման խօսքին մէջ ընկերուհի Միքայէլեան նշեց.-
«Մի քանի տարուան կեանք ունի Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան երաժշտական դպրոցը, որ համազգայնական ընտանիքի անդամներու բուռն փափաքն ու ցանկութիւնն էր՝ երկար ժամանակէ ի վեր։
Հայկական մշակոյթին ծառայութիւնը անկատար պիտի ըլլար մեր գաղութէն ներս, եթէ մեր նոր սերունդին տաղանդներն ու ձիրքերը մշակելու, երաժշտական յատուկ դպրոց գոյութիւն չունենար։
«Այսօր, հոս ներկայ կը գտնուինք վայելելու, այլեւ քաջալերելու տիկին Գոհար Չիմանեանին, Գոսթաս Գոնսթանտինուի եւ Տիմիթրիս Մորոսի աշակերտներու աշխատանքին արդիւնքը։ Անհրաժեշտ է Համազգայինի երաժշտական դպրոցը զարգացնել, նոր երաժշտարաններու ուսուցումով եւ հայկական աւանդական գործիքներու օգտագործումով, որպէսզի աւելիով կարեւորուին եւ շեշտուին հայ մշակոյթին գեղեցկութիւնն ու զայն փոխանցելու անհրաժեշտութիւնը հայ երիտասարդ ուժերուն։
«Որպէս Շրջանային Վարչութեան անդամ, պարտք կը զգամ երախտագիտական խօսք ուղղելու երաժշտանոցի ուսուցչական կազմին, յատկապէս Գոհար Չիմանեանին, որ ճիգ չխնայեց աշակերտներուն մօտ երաժշտական գիտելիքներ եւ ճաշակ զարգացնելու համար։ «Ջերմ շնորհակալութիւն նաեւ ձեզի, սիրելի ներկաներ, որ վստահութիւն եւ քաջալերանք կը ցուցաբերէք այս աշխատանքին նկատմամբ»։
Ապա՝ գործադրութեան դրուեցաւ օրուան գեղարուեստական յայտագիրը։ Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան հետեւեալ նուագողները՝ մեկնաբանելով անուանի յօրինողներու ստեղծագործութիւններէ հատուածներ։
Դաշնակի վրայ Էլիսավէթ Մելիքեան մեկնաբանեց Կ. Սարաճեանի Հայկական Պարը, ժողովրդային ստեղծագործութիւն մը, «Քերքիրայիքոս» ժողովրդային յօրինումը, Ա. Ետիքէի Պարը, իտալական Bella Ciaoն եւ Արամ Խաչատուրեանի Andanteն։
Ռոզի Չիլինկիրեան կիթառի վրայ մեկնաբանեց Հ. Ֆերերի Վալսը։
Մարիանթի Քուրեմէնու դաշնակի վրայ մեկնաբանեց Ա. Պախի «Musette»ը եւ «Menuette»ը, Ք. Չերնիի Etudeը, Քլեմենթիի «Սոնաթինա»ն, Մ. Կլինքայի Փոլքան, Ռ. Շումանի «Ուրախ իշխան»ը, Շուպերթի Վալսը։
Վերժին Գասարճեան կիթառի վրայ մեկնաբանեց Խ. Սակրերասի Etudeը, Պ. Փիրիսի «Un parfum qui berce»ը։
Սանտրա Քիքեան դաշնակի վրայ նուագեց Ք. Չերնիի Etudeը, Ե. Պախի «Menuette»ը, Կոմիտասի «Շողեր ճան»ը, Տ. Քապալեվսքիի Վարիասիոնները, Արամ Խաչատուրեանի հայկական աւանդական պարերը։
Գոզմաս Նիքոլաու կիթառի վրայ նուագեց Մ. Ճուլիանիի Andantinonն, Ք. Հենսի «Nocturno»ն, Ք. Տոմենիքոնիի «Klangbild 24»ը։
Վարդուհի Գասարճեան դաշնակի վրայ նուագեց Ք. Չերնիի Etudeը եւ Ե. Պախի Փրելիւտը եւ Ֆ. Շուպերթի Երաժշտական պահերը։
Վարդուհի Գասարճեան եւ Ռոզի Չիլինկիրեան դաշնակ-կիթառի վրայ մեկնաբանեցին Լ. Պեթհովէնի «Fur Elise»ը եւ Էվ. Ռեպուցիքայի «Կայան»ը։
Յաջողութիւն եւ վերելք կը մաղթենք բոլոր նուագողներուն։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹՂԹԱԿԻՑ