­Մաս­նա­ճիւ­ղի նոր վար­չու­թեան ընտ­րու­թիւն

Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ ­Հա­մազ­գա­յի­նի «Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղը, իր եր­կար տա­րի­նե­րու կեան­քին մէջ, տար­բեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով եւ աշ­խա­տանք­նե­րով, միշտ ալ ազ­դե­ցիկ ներ­կա­յու­թիւն ե­ղած է հա­մայն­քա­յին-գա­ղու­թա­յին կեան­քէն ներս։ Մ­շա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րով, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր­նե­րով, քայ­լար­շաւ­նե­րով եւ հրա­տա­րակ­չա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով, հայ մշա­կոյ­թի պահ­պան­ման եւ տա­րած­ման նպաս­տած է, հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի Էվ­րոս նա­հան­գի եւ Թ­րա­կիոյ մէջ։
­Մաս­նա­ճիւ­ղի նոր նստաշր­ջա­նի ա­ռա­ջին հա­ւա­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Կի­րա­կի 12 ­Մարտ 2017ին, Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ կից գտնո­ւող ազ­գա­յին սրա­հէն ներս։ ­Ներ­կայ ե­ղան ­Հա­մազ­գա­յի­նի շրջա­նա­ւարտ վար­չու­թիւ­նը եւ մաս­նա­ճիւ­ղի ան­դամ­ներ, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի կող­մէ ընկ. Ատ­րիկ Ս­տե­փա­նեան, ինչ­պէս նաեւ Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. Գ­րի­գոր ­Գուր­պա­նեան, որ խօսք առ­նե­լով շնոր­հա­ւո­րեց ­Հա­մազ­գայ­նա­կան աշ­խա­տան­քը շրջա­նէն ներս եւ ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի քա­ջա­լե­րանքն ու գործ­նա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տեց։
­Մաս­նա­ճիւ­ղի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին հա­մար Ա­թէն­քէն գոր­ծուղ­ղո­ւած էր ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կող­մէ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, որ միու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան, գոր­ծե­լա­ձե­ւի եւ ա­ռա­քե­լու­թեան մա­սին խօ­սե­ցաւ հա­մախմ­բեալ ներ­կա­նե­րուն, նկա­տի առ­նե­լով որ բա­ւա­կան մեծ թի­ւով նոր ան­դամ­ներ միա­ցած են մաս­նա­ճիւ­ղին։
Ընդ­հա­նուր գի­ծե­րու մէջ օ­րուան զե­կու­ցա­բե­րը անդ­րա­դար­ձաւ հան­րա­յին-մշա­կու­թա­յին աշ­խա­տան­քի պայ­ման­նե­րուն, դպրոց, լե­զու, գիր, գա­ղա­փա­րա­կան ե­րի­տա­սար­դու­թեան պատ­րաս­տու­թեան պա­հանջ­քին, նոր սե­րուն­դի հա­յե­ցի կրթու­թեան, չա­փա­հաս­նե­րու ինք­նա­զար­գաց­ման եւ հա­յա­գի­տու­թեան մշակ­ման նիւ­թե­րու շուրջ։ Զ­րոյ­ցի բաժ­նին մէջ, ժո­ղո­վի ներ­կա­նե­րը դի­տել տո­ւին, թէ անհ­րա­ժեշտ է յա­ճա­խա­կի հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը ի­րա­րու մի­ջեւ, որ ապ­րում եւ յա­ւե­լեալ աշ­խու­ժու­թիւն կու­տայ գոր­ծադ­րո­ւող աշ­խա­տանք­նե­րուն, կամր­ջե­լով հե­ռա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռիթ­ներ ըն­ծա­յե­լով։
­Շեշ­տո­ւե­ցաւ տե­ղա­կան կա­ռոյց­նե­րուն հետ հաշտ ու հա­մե­րաշխ մթնո­լոր­տի մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, ի տես ա­ւե­լի կեն­սու­նակ ու գոր­ծու­նեայ ա­պա­գա­յի։
Յա­ւե­լեալ՝ նշո­ւե­ցաւ տե­ղա­կան քա­ղա­քա­պե­տու­թեան հետ մշա­կու­թա­յին տար­բեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու պա­րա­գան, ինչ որ գոր­ծու­նէու­թեան լայն դաշտ կը հան­դի­սա­նայ միու­թեան հա­մար։
­Ժո­ղո­վը իր ա­ւար­տին հա­սաւ, աշ­խա­տան­քա­յին բարձր տրա­մադ­րու­թեան մէջ, Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ ազ­գա­յին կեան­քին մէջ ­Հա­մազ­գա­յի­նի «Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի գոր­ծու­նէու­թեան զար­գաց­ման ու ընդ­լայն­ման նպաս­տե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով։
Ընտ­րո­ւե­ցաւ վար­չա­կան նոր կազմ, որ կը բաղ­կա­նայ հե­տե­ւեալ ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­նե­րէն.- ­Պա­պի­կեան Է­դո­ւարդ (ա­տե­նա­պետ), ­Մա­մա­ջա­նեան ­Մար­տուն (փոխ ա­տե­նա­պետ), Ա­ռա­քե­լեան ­Սա­սուն (գան­ձա­պահ), ­Սո­ղո­մո­նեան Ար­թուր (ա­տե­նադ­պիր), ­Ղե­ւոն­դեան ­Գա­րիկ, ­Խա­չատ­րեան ­Նո­ւարդ, ­Վար­դա­նեան Ա­նի (խորհր­դա­կան­ներ)։

­Հա­մազ­գա­յի­նի թղթա­կից