Չո­րեք­շաբ­թի՝ 15 ­Փետ­րո­ւար 2017ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8։30ին, ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի «Թ. եւ Ռ. Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յին ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան գա­թա­յի կտրումն ու «­Սօս-­Վա­նի» Ա­տի­կէի մաս­նա­ճիւ­ղի նոր վար­չու­թեան ընտ­րու­թիւ­նը, յա­ռա­ջի­կայ եր­կա­մեա­կին հա­մար։ ­Ժո­ղո­վին ներ­կայ ե­ղան Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը, մաս­նա­ճիւ­ղի հին եւ նոր ան­դամ­ներ, թա­տե­րա­խում­բի եւ երգ­չա­խում­բի յանձ­նա­խու­մեր եւ մաս­նա­կից­ներ։ Շր­ջա­նի այս անդ­րա­նիկ ժո­ղո­վին դի­ւան ընտ­րո­ւե­ցան ընկ. ­Ժագ ­Տա­մա­տեան (ա­տե­նա­պետ) եւ ընկ. Ար­միկ ­Պա­րա­զեան (քար­տու­ղար)։
­Ժո­ղո­վը անց­նե­լով իր աշ­խա­տանք­նե­րուն, Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դամ­ներ ընկ. ­Մա­րիա ­Մար­կո­սեան եւ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան կար­դա­ցին՝ ­Հա­մազ­գա­յի­նի գու­մա­րո­ւած 20րդ ­Ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան (­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան) ժո­ղո­վէն ետք, նո­րըն­տիր Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կող­մէ ու­ղար­կո­ւած թիւ 1 եւ թիւ 2 Շր­ջա­բե­րա­կան­նե­րը, ­Ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ժո­ղո­վի գնա­հա­տան­քի բա­նա­ձե­ւը Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան անց­նող եր­կա­մեայ նստաշր­ջա­նի նիւ­թա­բա­րո­յա­կան գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ, ինչ­պէս նաեւ ­Ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ժո­ղո­վի քո­ւէար­կած բա­նա­ձե­ւե­րը ­Կազ­մա­կերպ­չա­կան, Կր­թա­կան-Հ­րա­տա­րակ­չա­կան-­Դաս­տիա­րակ­չա­կան եւ Տն­տե­սա­կան գլուխ­նե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ։
Ա­պա օ­րո­ւան նա­խա­գա­հը հրա­ւի­րեց Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ընկ. ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեա­նը, որ ներ­կա­յա­ցուց Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան յա­ռա­ջի­կայ ա­ռա­ջին ա­միս­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան ծրա­գի­րը.-
1.- ­Նոր մաս­նա­ճիւ­ղե­րու կազ­մու­թիւն ­Քա­լա­մա­թա­յի եւ ­Վո­լօ-­Լա­րի­սա քա­ղաք­նե­րու մէջ, ուր վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հաս­տա­տո­ւած են ­Հա­յաս­տա­նէն մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ։
2.- ­Կեդ­րոն ու­նե­նա­լով թրքա­մերձ ­Ռո­տոս կղզին,- ուր անց­նող նստաշր­ջա­նին կազ­մո­ւե­ցաւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի մաս­նա­ճիւղ -, տա­րա­ծո­ւիլ այլ կղզի­նե­րու մէջ եւս, հոն՝ ­Հա­յաս­տա­նէն հաս­տա­տո­ւած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը յա­րա­բե­րու­թեան մէջ դնե­լու եւ կա­պե­լու հա­մար ­Ռո­տո­սի «­Տիգ­րան-Եր­կաթ» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան, որ նաեւ հա­մադ­րո­ղի գլխա­ւոր դե­րը պի­տի ստանձ­նէ։
3.- Ամ­բող­ջաց­նել սկսո­ւած աշ­խա­տան­քը՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Ղա­զա­րոս ­Սա­րեան», ­Սե­րէ­սի «­Պա­րոյր ­Սե­ւակ» եւ Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ «Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղե­րու նոր վար­չու­թիւն­նե­րը ընտ­րե­լու հա­մար։
4.- ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 8 ­Մար­տին ­Նէա Զ­միռ­նիի «­Ղա­լաք­սիաս» սրա­հին մէջ, ­Ռո­տո­սի մաս­նա­ճիւ­ղի ա­տե­նա­պետ՝ բա­նա­սէր ու գրա­գէտ ընկ. ­Խա­րա ­Քէօ­սէեա­նի յու­նա­լե­զու «­Նա­յի­րի» գիր­քի ներ­կա­յա­ցում։
5.- Ար­տա­կարգ ­Ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ժո­ղով՝ վա­ւերաց­նե­լու հա­մար Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած՝
ա) ­Ժո­ղո­վա­վա­րա­կան ներ­քին կա­նոն­նե­րու կա­նո­նա­գի­րը։
բ) ­Յու­նաս­տա­նի պայ­ման­նե­րուն պատ­շա­ճող Ծ­րա­գիր-­Կա­նո­նա­գի­րը, որ պի­տի յղո­ւի ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան կող­մէ եւս վա­ւե­րա­ցո­ւե­լու, ա­պա իւ­րա­քան­չիւ­րը ա­ռան­ձին գրքոյ­կով տպո­ւե­լու եւ ան­դամ­նե­րուն ու փա­փա­քող­նե­րուն տրա­մադ­րե­լու հա­մար։
գ) ­Յու­նաս­տա­նի նոր օ­րէնք­նե­րուն պատ­շա­ճող յու­նա­րէն լե­զո­ւով կա­նո­նագ­րու­թիւն միու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը ա­ւե­լի օ­րի­նա­ւոր, կա­նո­նա­ւոր ու հե­զա­սահ դարձ­նե­լու հա­մար։
6.- UNESCO մի­ջազ­գա­յին մշա­կու­թա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ հա­յե­րէն լե­զո­ւով կա­նո­նագ­րու­թիւն մը ըն­դու­նիլ տա­լու՝ վեր­ջին հանգ­րո­ւա­նին գտնո­ւող նա­խա­ձեռ­նու­թեան ըն­դու­նու­մը։
7.- «­Մայ­րե­նիի» ձօ­նո­ւած կլոր սե­ղա­նի հրա­պա­րա­կա­յին զրոյց, որ պի­տի ընդգր­կէ հա­յե­րէն լե­զո­ւի դի­մագ­րա­ւած բազ­մա­կող­մա­նի ու բազ­մաբ­նոյթ հար­ցեր։
8.- ­Մեր սի­րե­լի խմբա­վար Տ. Հ­րայր Ա. Քհնյ. ­Նի­կո­լեա­նի ­Գա­նա­տա փո­խադ­րու­թեան պատ­ճա­ռով, ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեան» երկ­սեռ երգ­չա­խում­բի վե­րա­կազ­մու­թիւն, երգ­չա­խում­բը օժ­տե­լով նոր խմբա­վա­րով։

­Նոր վար­չու­թեան ընտ­րու­թիւն

Յա­ջոր­դա­բար ժո­ղո­վը ան­ցաւ նոր վար­չու­թեան ընտ­րու­թեան։ ­Գաղտ­նի քո­ւէար­կու­թեամբ ընտ­րո­ւե­ցան հե­տե­ւեալ ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­նե­րը.- ­Ժագ ­Տա­մա­տեան, ­Լի­լիթ Ար­զու­մա­նեան, ­Գէորգ ­Կիւ­լիւ­մեան, Ար­միկ ­Պա­րա­զեան, Ար­մի­նէ ­Ղու­լա­րեան, ­Սե­դա ­Բա­սո­յեան, ­Սե­ւան ­Մա­նո­յեան։
Ա­ռա­ջին ե­րե­քը ստանձ­նե­ցին արդԷն վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տի, քար­տու­ղա­րի եւ գան­ձա­պա­հի պաշ­տօն­նե­րը։ ­Յա­ջոր­դեց ա­ռա­ջին նիս­տը, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ աշ­խա­տանք­նե­րու ծրա­գում ու նա­խա­տե­սում­ներ։

­Գա­թա­յի Կտ­րում

Ժո­ղո­վի վեր­ջին օ­րա­կարգն էր միու­թեան գա­թա­յի կտրու­մը։ ­Զոյգ կար­կան­դակ­նե­րը կտրե­լու հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ միու­թեանս վե­թե­րան ու հիմ­նա­դիր հա­մազ­գայ­նա­կան՝ ընկ. ­Մի­քա­յէլ ­Տիլ­սի­զեան, որ իր խո­րոց սրտի կա­տա­րեց իր հա­ղոր­դա­կան բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը։ Ըն­կե­րը Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան նո­ւի­րեց իր կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած ­Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի ծննդեան 200ա­մեա­կին ձօ­նո­ւած ծո­վան­կար-պաս­տառ­նե­րէն մէ­կուն նմու­շը, մե­տա­ղի վրայ փո­րագ­րո­ւած։
Իսկ կար­կան­դա­կի շա­հա­ւո­րը՝ ընկ. ­Գէորգ ­Կիւ­լիւ­մեան՝ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կող­մէ ստա­ցաւ յու­շա­նո­ւէր մը։
­Նոր նստաշր­ջա­նի մը յոյ­սով ու ակն­կա­լու­թեամբ, օ­րո­ւան յայ­տա­գի­րը ճո­խա­ցաւ՝ ընկ. Ար­մի­նէ ­Ղու­լա­րեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ հա­մա­խումբ եր­գո­ւած «Ե­րե­ւան Ե­րէ­բու­նի»ն, իսկ ընկ. ­Սե­դա ­Բա­սո­յեա­նի կող­մէ մե­ներ­գո­ւած «­Դու ծաղ­կած իմ սէր» եւ «­Սէրս գաղտ­նի թո՛ղ մնայ» եր­գե­րով։
­Հա­մազ­գա­յին չի նշա­նա­կեր միայն միու­թե­նա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նե­նալ, այլ մա­նա­ւանդ տրա­մադ­րո­ւած տա­ղանդ ար­ժե­ւո­րել։
Այս եր­կա­մեա­կին ալ բո­լո­րը թող հա­մախմ­բո­ւին ­Հա­մազ­գա­յի­նի շուրջ, մեր պատ­մու­թիւ­նը, մեր լե­զուն, մեր մշա­կոյ­թը լա­ւա­գոյնս գնա­հա­տե­լու եւ ար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար, գոր­ծադ­րե­լով ներ­կա­յա­ցու­ցի­չա­կան մեր գե­րա­գոյն ժո­ղո­վի բա­նա­ձե­ւերն ու ո­րո­շում­նե­րը։
­Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին։

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹՂԹԱԿԻՑ