Շաբաթ՝ 29 Ապրիլ 2017ի երեկոյեան ժամը 5։30ին, Գոմոթինիի ազգային սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ միօրեայ հայկական վարժարաններու միացեալ քննութիւն, նախաձեռնութեամբ հայեցի դաստիարակչական յանձնախումբին։
Յետ սրբագրութեան բարձրագոյն նիշը ստացաւ Գուրգէն Ռաֆայէլեան։ Ան հայեցի դաստիարակչական յանձնախումբի նիւթաբարոյական հոգածութեամբ պիտի մասնակցի Երեւանի մէջ կազմակերպուելիք այս տարուան «Արի Տուն» ծրագրին։
Յանձնախումբի ներկայացուցիչը իր կարգին, փոխանցելէ ետք արդիւնքը, շնորհաւորեց աշակերտն ու անոր ծնողքը։
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ