­Հա­մազ­գա­յին ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թիւ­նը իր Ը. ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ­Ժո­ղո­վը գու­մա­րեց Ե­րե­ւա­նի Ա­նի հիւ­րա­նո­ցի մէջ, 19, 20 եւ 21 ­Մա­յիս 2018ին: ­Ժո­ղո­վին կը մաս­նակ­ցէին 15 շրջան­ներ ներ­կա­յաց­նող  պատ­գա­մա­ւոր­ներ, հրա­ւի­րեալ­ներ, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Օ.Մ-.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ ի պաշ­տօ­նէ՝ ­Հա­մազ­գա­յի­նի հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ գրա­սե­նեակ­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը:
­Ժո­ղո­վը մէկ վայր­կեան յոտն­կայս յար­գեց յի­շա­տա­կը անց­նող քա­ռա­մեա­կին մեզ­մէ առ­յա­ւէտ բաժ­նո­ւած հա­մազ­գայ­նա­կան­նե­րու: Ե­րեք օ­րե­րու ըն­թաց­քին, ժո­ղո­վը քննեց շրջա­նա­ւարտ ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան քա­ռա­մեայ աշ­խա­տան­քը եւ գո­հու­նա­կու­թեամբ հաս­տա­տեց, որ ան­նա­խըն­թաց կեր­պով ըն­դար­ձա­կո­ւած է ­Հա­մազ­գա­յի­նի գոր­ծու­նէու­թեան ծի­րը, յատ­կա­պէս՝ ­Քո­ւէյ­թի նոր շրջա­նի կազ­մու­թեամբ եւ Ար­ցա­խի, ­Ջա­ւախ­քի ու ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Հիմ­նադ­րա­մի ­Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի գրա­սե­նեակ­նե­րու հիմ­նադ­րու­թեամբ: ­Նո­րու­թիւն­ներ են նաեւ ­Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի ե­րեք շրջան­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թեամբ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ե­րի­տա­սար­դա­կան ցան­ցի (ArtLinks)՝ եւ ա­նոր օ­րի­նա­կով Եւ­րո­պա­յի մէջ Youthlinks Europe հա­ւաք­նե­րու ծնուն­դը, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Բա­գի­նի խմբագ­րա­կան կազ­մի փո­փո­խու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցած ար­դիա­կան բո­վան­դա­կու­թիւնն ու տես­քը: Կր­թա­կան մար­զին մէջ,  ժո­ղո­վը դրա­կան գնա­հա­տեց Ի­սի-լէ-­Մու­լի­նո­յի ­Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նի կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ըն­տա­նի­քին միա­նա­լը, «­Լա­լան ու Ա­րան» ման­կա­կան խա­ղե­րու շար­քի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը, եւ այն փաս­տը, որ Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նին հետ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող հա­յե­րէ­նա­գէտ ու­սու­ցիչ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան ծրա­գի­րը սկսած է տալ իր ա­ռա­ջին շրջա­նա­ւարտ­նե­րը:
Դ­րա­կան գնա­հա­տո­ւե­ցաւ  նաեւ ­Լի­բա­նա­նի մէջ, Մ. եւ Հ. Արս­լա­նեան ­Ճե­մա­րա­նին կցո­ւած «­Ռաֆ­ֆի եւ Ա­նել­կա Արս­լա­նեան» ար­դիա­կան ման­կա­սու­րի կա­ռու­ցու­մը, եւ ժո­ղո­վը կա­րե­ւո­րեց յա­ռա­ջի­կայ գոր­ծու­նէու­թեան մէջ զարկ տալ այս ծրագ­րի բար­գա­ւաճ­ման գոր­ծին: Իբ­րեւ կա­րե­ւոր ի­րա­գոր­ծում, դրա­կան գնա­հա­տո­ւե­ցաւ նաեւ ­Ժորժ ­Սար­գի­սեա­նի թատ­րեր­գու­թիւն­նե­րու թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րու հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը:  ­Շի­նա­րա­րա­կան մար­զէն ներս դրա­կան գնա­հա­տո­ւե­ցաւ ­Նոր­սի­կեան ման­կա­պար­տէ­զի բաց խա­ղա­վայ­րի կա­ռու­ցու­մը։ Ժո­ղո­վը ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ ­Գուր­գէն եւ ­Մարգ­րիտ Ա­սա­տու­րեան­նե­րու կտա­կին եւ Ազ­նիւ ­Բա­րու­նա­կեա­նի կտա­կին: 2018-2022 քա­ռա­մեա­կին հա­մար ժո­ղո­վը բա­նա­ձե­ւեց ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան ընդ­հա­նուր ու­ղե­գի­ծը, յատ­կա­պէս հայ ե­րի­տա­սար­դը հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին մօ­տեց­նե­լու ա­ռա­քե­լու­թեամբ ճամ­բայ ե­լած h-pem հար­թա­կի հե­տա­գայ քայ­լե­րը, ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Հիմ­նադ­րա­մի եւ «­Վա­հէ ­Սէ­թեան» տպա­րա­նի եւ հրա­տա­րակ­չա­կա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­դար­ձա­կու­մը, ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ ­Ջա­ւախ­քի մէջ ­Հա­մազ­գա­յի­նի գոր­ծու­նէու­թեան ու­ղի­նե­րը, տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու եւ մար­դու­ժի շտե­մա­րան­նե­րու պատ­րաս­տու­թիւ­նը եւ շրջա­նա­յին կա­ռոյց­նե­րու հզօ­րա­ցու­մը:
2018-ին պի­տի նշո­ւի ­Հա­մազ­գա­յի­նի 90-ա­մեա­կը: Անդ­րա­դառ­նա­լով այս ի­րա­դար­ձու­թեան, ժո­ղո­վը բարձր գնա­հա­տեց ­Հա­մազ­գա­յի­նի մօտ գտնո­ւող ԺԴ.-Ի. դա­րե­րէն ե­կող 27 ձե­ռա­գիր մա­տեան­նե­րու ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի ա­նո­ւան գրա­դա­րա­նին յանձ­նե­լու ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը:
­Ժո­ղո­վի ա­ւար­տին ընտ­րո­ւե­ցաւ 2018-2022 քա­ռա­մեա­կի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը հե­տե­ւեալ կազ­մով.- Ա­լեք­սա­նեան ­Կա­րօ (­Սու­րիա), Այն­թապ­լեան ­Սե­պուհ (­Լի­բա­նան), ­Թիւ­ֆէնք­ճեան ­Վի­գէն (­Գա­նա­տա), Թն­ճու­կեան ­Սել­լա (Եւ­րո­պա), ­Հա­շէօ­լեան ­Թա­մար (­Լի­բա­նան), ­Ղա­րա­բաղ­ցեան Ս­պար­տակ (­Հա­յաս­տան), Մկրտի­չեան Մկր­տիչ (­Լի­բա­նան), ­Չու­խա­ճեան ­Մա­նուկ (Ա­րեւմ­տեան Ա.Մ.Ն.), ­Պա­պի­կեան ­Տիգ­րան (Ա­րեւմ­տեան Ա.Մ.Ն.), ­Պա­րո­նեան Հ­րայր (Ա­րե­ւե­լեան Ա.Մ.Ն.), ­Սա­պուն­ճեան ­Լո­րիկ (­Լի­բա­նան):
­
Հա­մազ­գա­յին ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին
­Միու­թեան Ը. ­պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ­ժո­ղով