Ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Յու­նաս­տա­նի մօտ ­Պարս­կաս­տա­նի դես­պան պրն. ­Մա­ճիտ ­Մօ­թալ­լէ­պի ­Շահ­պէս­թա­րիի պաշ­տօ­նա­կան հրա­ւէ­րին՝ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան Ուր­բաթ՝ 9 ­Փետ­րո­ւար 2018ի կէ­սօ­րին ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի «DIVANI CARAVEL» պան­դո­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ըն­դու­նե­լու­թեան, «­Պարս­կաս­տա­նի Ազ­գա­յին Օր»ո­ւան տօ­նին առ­թիւ:
Ըն­դու­նե­լու­թեան ներ­կայ էին ­Յու­նաս­տա­նի պե­տա­կան, խորհր­դա­րա­նա­կան, կու­սակ­ցա­կան եւ զի­նո­ւո­րա­կան բարձ­րաս­տի­ճան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ պաշ­տօ­նա­տար­ներ, հայ եւ օ­տար եր­կիր­նե­րու դես­պան­ներ եւ զի­նո­ւո­րա­կան կցորդ­ներ, հայ եւ օ­տար գոր­ծա­րար­ներ, յու­նաց ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ հո­գե­ւո­րա­կա­նը, ինչ­պէս նաեւ՝ լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներ եւ թղթա­կից­ներ:
Այս առ­թիւ՝ ­Գե­ղամ Սր­բա­զան ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ հան­դի­պե­լու եւ խօ­սակ­ցե­լու ­Պարս­կաս­տա­նի դես­պա­նա­տան մշա­կու­թա­յին հար­ցե­րու խորհր­դա­տու տոքթ. Ա.Մ. ­Հէ­լի­միի հետ, որ հրա­ւի­րեց Սր­բա­զան ­Հայ­րը՝ այ­ցե­լե­լու դես­պա­նա­տուն եւ մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու ի­րինց գոր­ծու­նէու­թեան, ար­տա­յայ­տե­լով իր յար­գա­լիր զգա­ցում­նե­րը հա­յու­թեան նկատ­մամբ: Ա­ւար­տին, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կոս Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին, անձ­նա­պէս իր եւ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ու հա­մայն­քին ա­նու­նով՝ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը շնոր­հա­ւո­րեց պրն. դես­պանն ու անձ­նա­կազ­մը՝ ի­րենց Ազ­գա­յին ­Տօ­նին առ­թիւ, մաղ­թե­լով ա­նոնց յա­ջո­ղու­թիւն եւ ա­րեւ­շա­տու­թիւն:
Սր­բա­զան ­Հօր կ­՚ըն­կե­րակ­ցէր ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեան:

­Դի­ւան Ազ­գա­յին
Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի