­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւնս ու­րա­խու­թեամբ եւ շնոր­հա­կա­լու­թեամբ ստա­ցաւ 200.000 ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի իշ­խա­նա­վա­յել նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն մը, որ վե­հանձ­նա­բար կա­տա­րո­ւած է ար­ժան­թի­նաբ­նակ տի­կին ­Տի­րու­հի ­Տէր-­Յով­սէ­փեա­նի կող­մէ:
­Նախ­կին յու­նա­հայ ազ­նո­ւա­սիրտ բա­րե­րա­րու­հին, մօ­տա­ւո­րա­պէս 65 տա­րի ա­ռաջ Ար­ժան­թին հաս­տա­տո­ւած, սոյն գու­մա­րը կը նո­ւի­րէ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չին, իր սի­րե­ցեալ եղ­բօր՝ ­Վա­հան ­Տէր-­Յով­սէ­փեա­նի յի­շա­տա­կին, յետ մա­հու ա­նոր փա­փա­քը կա­տա­րե­լով:
­Տի­րու­հի եւ ­Վա­հան ­Տէր-Յով­սէ­փեան­նե­րը ի­րենց ե­րի­տա­սար­դու­թեան կեան­քը ապ­րած են ­Գո­քի­նիոյ շրջա­նը եւ յա­ճա­խած՝ Հ.Կ.Խ.ի Ազ­գա­յին «­Զա­ւա­րեան» նա­խակր­թա­րա­նը եւ ա­կում­բը, ուր­կէ պա­հած են ա­շա­կեր­տա­կան եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րի­նե­րու քաղցր եւ ան­մո­ռաց յի­շա­տակ­ներ: ­Տի­րու­հի ­Տէր-­Յով­սէ­փեա­նի նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւ­նը նպա­տա­կա­յին է եւ ու­նի յստակ պայ­ման բա­րե­րա­րու­հիին կող­մէ, որ վե­րոն­շեալ գու­մա­րը ամ­բող­ջու­թեամբ յատ­կա­ցո­ւի ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» ­Կեդ­րո­նին՝ կա­ռոյ­ցը հա­մալ­րե­լու հա­մար նոր յար­կի կա­ռու­ցո­ւած­քով մը, որ պի­տի ծա­ռա­յէ գա­ղու­թիս ազ­գա­յին, միու­թե­նա­կան, կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին, ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ըն­կե­րա­յին նպա­տակ­նե­րուն ու կա­րիք­նե­րուն հա­մար եւ պի­տի կրէ ՝ «­Վա­հան եւ ­Տի­րու­հի ­Տէր- ­Յով­սէ­փեան» ա­նու­նը:
Առ այս, Հ.Կ.Խ.ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւնս կը յայտ­նէ, թէ ար­դէն իսկ կազ­մած է յա­տուկ յանձ­նա­խումբ, որ­պէս­զի ու­սում­նա­սի­րու­թե­նէ ետք նպա­տա­կադ­րո­ւած ծրա­գի­րը պատ­րաս­տէ եւ լա­ւա­գոյնս ի­րա­գոր­ծէ:
­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը միշտ ե­րախ­տա­պարտ է իր բա­րե­րար­նե­րուն հան­դէպ, ո­րոնց ազ­նո­ւասր­տու­թեան շնոր­հիւ կա­րե­լի կ’ըլ­լայ հաս­նիլ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յօ­ճա­խի կա­րիք­նե­րուն եւ միու­թեանս բա­րե­սի­րա­կան ու կրթա­կան նպա­տակ­նե­րուն:

Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի
Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւն