«WWF-Հայաստանի (Բնութեան Համաշխարհային Հիմնարկ) եւ Զանգեզուր Կենսոլորտային Համալիրին կողմէ իրականացուող դիտարկումին արդիւնքով՝ լուսանկարաչական սարքը նկարած է Կովկասեան ընձառիւծ մը, որ ամենայն հաւանականութեամբ WWFի կողմէ նախապէս նկարուած Եւա անունով ընձառիւծի ձագերէն մէկն է: «Մեր երկրում սա առաջին դէպքն է, երբ ձագ է գրանցւում, որն ապացոյց է այն աշխատանքի, որն իրականացւում է Հայաստանի հարաւում Հ.Հ. բնապահապանութեան նախարարութեան, պահպանուող տարածքների անձնակազմի եւ միջազգային կառոյցների ջանքերով»,- ըսուած է այս առթիւ բնապահպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Կովկասեան ընձառիւծը արձանագրուած է Բնութեան Պահպանութեան Միջազգային Միութեան եւ Հայաստանի Կարմիր գիրքին մէջ:
Կովկասեան ընձառիւծ
Զանգեզուրի մէջ առաջին անգամ ըլլալով նկարուած է Կովկասեան ընձառիւծի ձագ