Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն կոչ կ՚ուղղէ Յունաստան բնակող բոլոր լիբանանահայերուն՝ մասնակցելու Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնք պիտի կայանան 6 Մայիս 2018ին։
Լիբանանէն դուրս ապրող մեր հայրենակիցները քուէարկելու համար իրենց բնակած վայրերէն, պարտին մինչեւ 20 Նոյեմբեր 2017 լրացնել քուէարկութեան ելեկտրոնային հարցաթերթիկը եւ արձանագրուիլ ընտրական քուէարկումի կարգին։
Արձանագրութեան ելեկտրոնային կապն է՝
www.diasporavote.mfa.gov.lb
Նաեւ՝ կարելի է արձանագրութիւնը կատարել ուղղակի Լիբանանի դեսպանատուն ներկայանալով։
Արձանագրութիւնները կրնան ըլլալ հետեւեալ փաստաթուղթերով`
1) Հին կամ նոր անձնաթուղթով:
2) Հին կամ նոր անցագիրով:
3) Հին կամ նոր «իխրաժ քայտ»ով:
4)Հին կամ նոր ընտանեկան «իխրաժ քայտ»ով:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար հեռաձայնել 6977239137 թիւին։
Լիբանանահայութիւնը, անցնող բոլոր ժամանակներուն, մի՛շտ ցուցաբերած է հասուն եւ արժանավայել վերաբերում Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ իր քաղաքացիական օրինակելի վարկով վստահութիւնը շահած՝ բազմահամայնք երկրի բոլոր թեւերուն անխտիր:
Կոչ կ՚ուղղենք Յունաստանի մէջ ապրող մեր լիբանանահայ հայրենակիցներուն արձանագրուելու ընտրութիւններուն եւ կատարելու իրենց պարտքը՝ ապահովելու համար առաւելագոյն արդիւնքը լիբանանահայ համայնքի կենսունակութեան եւ իր իրաւունքներու պաշտպանման, ինչպէս նաեւ երկրի բարգաւաճման համար։
Լիբանանահայութիւնը կարիքը ունի ծննդավայր Լիբանանէն դուրս ապրող իր հարազատ զաւակներու քուէներուն:
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէ
Աթէնք, 6 Նոյեմբեր 2017