Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ­Հայ ­Դա­տի եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու ­Կի­րօ ­Մա­նո­յեան 8 ­Փետ­րո­ւա­րին տո­ւաւ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ պլո­կըր Ա­լեք­սանտր ­Լափ­շի­նի Ատր­պէյ­ճա­նին ար­տա­յանձնման` հաս­տա­տե­լով, որ այս հար­ցին շուրջ աղ­մուկ պէտք է բարձ­րաց­նել մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կի վրայ:
­Լափ­շի­նի առն­չու­թեամբ ան դի­տել տո­ւաւ, որ ու­րիշ բան կա­րե­լի չէր ակն­կա­լել ­Պե­լո­ռու­սիոյ ­Գե­րա­գոյն ­Դա­տա­րա­նէն: «Ա­սի­կա ­Պե­լո­ռու­սիան է ի վեր­ջոյ: ­Չեմ կար­ծեր, թէ տար­բեր ո­րո­շում կա­րե­լի էր ակն­կա­լել»,- նշեց ան` ա­ւելց­նե­լով, որ ա­սի­կա այդ երկ­րին կող­մէ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ հա­կա­հայ մեղ­սակ­ցու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւնն է, ինչ որ կա­րե­լի է տես­նել նաեւ Հ.Ա.Պ.Կ.ի մէջ եւ Ա.Պ.Հ.ի ո­րոշ ժո­ղով­նե­րուն:
­Մա­նո­յեա­նի հա­մա­ձայն՝ կա­րե­ւոր է, որ այս հար­ցը ճիշդ հան­գու­ցա­լու­ծում ու­նե­նայ եւ կա­րե­լիու­թիւն ըլ­լայ, որ ­Լափ­շին դի­մէ ­Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու Եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րան` յու­սա­լով, որ վեր­ջինս այդ մէ­կը կ’ը­նէ:
­Միւս կող­մէ, ըստ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դա­մին, անհ­րա­ժեշտ է, որ այս հար­ցը բար­ւոք լու­ծում ստա­նայ, ո­րով­հե­տեւ այս նա­խա­դէ­պը կրնայ վատ նա­խըն­թաց ըլ­լալ օ­տար լրագ­րող­նե­րու եւ նոյ­նիսկ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու հա­մար, ո­րոնք կը փա­փա­քին այ­ցե­լել Ար­ցախ:
­Մա­նո­յեան նշեց, որ ­Հա­յաս­տան իբ­րեւ պե­տու­թիւն այն­քան ալ շատ ը­նե­լիք չու­նի, քա­նի որ են­թա­կան ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի չէ, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը ­Հա­յաս­տա­նի մէկ մա­սը չէ: Ըստ ա­նոր՝ ­Հա­յաս­տան պէտք է պար­զա­պէս փոր­ձէ կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ ար­տա­յայ­տել իր ան­հանգս­տու­թիւ­նը, որ նման քայ­լե­րը ոչ մէկ ձե­ւով կը նպաս­տեն տագ­նա­պի խա­ղաղ լուծ­ման:
­Մա­նո­յեան կար­ծիք յայտ­նեց, որ պէտք է ձայն բարձ­րաց­նեն մեր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը եւ քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րը: «­Հի­մա պէտք է հա­ւա­սա­րու­թեան նշան դնել Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Պե­լո­ռու­սիոյ մի­ջեւ, ո­րով­հե­տեւ — այս հար­ցին մէջ գո­նէ — այդ եր­կու­քը նոյնն են»: Ան նշեց, որ ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը պէտք է բարձ­րաց­նեն այս հար­ցը խորհր­դա­րա­նա­կան տար­բեր վե­հա­ժո­ղով­նե­րու մէջ, բայց անհ­րա­ժեշտ է նաեւ խրա­խու­սել, որ դի­մո­ւի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րան (Մ.Ի.Ե.Դ.) եւ ա­ւե­լի աղ­մուկ բարձ­րա­ցո­ւի ար­տա­սահ­մա­նի մէջ: ­Կի­րօ ­Մա­նո­յեան կա­րե­ւոր նկա­տեց, որ այս հար­ցին էու­թիւ­նը պար­զո­ւի՝ հասկ­նա­լու հա­մար, թէ ի՛նչ են­թա­շեր­տեր ու­նի ա­նի­կա:
Ար­դա­րեւ, բազ­մա­թիւ այլ օ­տար քա­ղա­քա­ցի­ներ այ­ցե­լած են Ար­ցախ եւ յայտ­նո­ւած «սեւ ցանկ»ին մէջ, սա­կայն ա­նոնց նկատ­մամբ քրէա­կան հե­տապն­դում չէ յայ­տա­րա­րո­ւած: Ան զար­մա­նա­լի նկա­տեց այն, որ ­Պե­լո­ռու­սիա չի փոր­ձեր ար­տա­յանձն­ման այլ պատ­ճառ­ներ ներ­կա­յաց­նել` բա­ւա­րա­րո­ւե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցա­ծով` ­Լափ­շի­նի ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բաղ այ­ցե­լու­թեամբ: «Այս պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւ­նը խեղ­կա­տա­կու­թիւն է, հե­տե­ւա­բար՝ պէտք է հա­կազ­դել:
Ինչ­պէս գի­տենք, Ե.Ա.Հ.Կ.ի մամ­լոյ ա­զա­տու­թեան յանձ­նա­կա­տա­րը խօ­սած է այդ մա­սին` յայտ­նե­լով իր ան­հանգս­տու­թիւ­նը: ­Լաւ պի­տի ըլ­լայ, որ մեր խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը բարձ­րաց­նէին այս հար­ցը: Անհ­րա­ժեշտ է աշ­խա­տանք տա­նիլ թէ՛ ­Ռու­սիոյ, թէ՛ Իս­րա­յէ­լի հա­սա­րա­կա­կան հա­տո­ւա­ծին հետ»,- ա­ւել­ցուց ­Մա­նո­յեան: Ան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ 7 ­Փետ­րո­ւա­րի գի­շե­րը եւ առ­հա­սա­րակ վեր­ջին օ­րե­րուն Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ղա­րա­բա­ղեան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան շփման գի­ծին մէջ լա­րո­ւա­ծու­թեան սրման` նշե­լով, որ այդ մէ­կը անսպա­սե­լի չէր. ա­մէն ան­գամ, երբ Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը խօ­սին ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն մի­ջեւ հա­ւա­նա­կան հան­դիպ­ման մա­սին, Ատր­պէյ­ճան կը սրէ կա­ցու­թիւ­նը սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ։
­Մա­նո­յեան նշեց, որ ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գա­հող եր­կիր­նե­րէն պէտք է պա­հան­ջել հաս­ցէագ­րուած կո­չեր ուղ­ղել, եւ ոչ թէ ա­նար­դար ձե­ւով, ինչ­պէս ա­նոնց վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւնն էր, երբ ­Հա­յաս­տա­նէն դին յանձ­նե­լու գծով ակն­կա­լու­թիւն ու­նէին, ուս­տի տո­ւին ­Հա­յաս­տա­նի ա­նու­նը: ­Հի­մա ալ պէտք է ի­րենց պա­հան­ջը հաս­ցէագ­րեն Ատր­պէյ­ճա­նին: «­Հա­մա­նա­խա­գա­հող եր­կիր­նե­րէն պէտք է պա­հան­ջել հա­մար­ժէք, յստակ, ա­նո­ւա­նա­կան ար­ձա­գանգ` ուղ­ղո­ւած Ատր­պէյ­ճա­նի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն: ­Միջ­նորդ­նե­րը սո­վո­րա­բար հա­ւա­սա­րու­թեան նշան կը դնեն, որ կողմ­նա­կալ չթո­ւին, սա­կայն կան դէպ­քեր, երբ ի­րե­րը պէտք է ի­րենց ա­նու­նով կո­չել»,- հաս­տա­տած է ­Մա­նո­յեան: Ան բա­ցատ­րեց, որ ­Մինս­քի Խմ­բա­կը կը ձգտի ան­կողմ­նա­կալ ե­րե­ւիլ: «Ա­սի­կա տե­ղի կ’ու­նե­նայ ճիշդ այն­պի­սի փու­լի, երբ Ա­լիեւ Պ­րիւք­սէ­լի մէջ իբ­րեւ թէ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սկսած է Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հետ: Այս բո­լո­րը հա­շո­ւի առ­նե­լով` պէտք է շատ ու­ժեղ հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցոյց տանք»,- ը­սաւ ան: Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դա­մը խօ­սե­ցաւ նաեւ Ար­ցա­խեան տագ­նա­պի եւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման գծով ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ծրա­գիր­նե­րուն մա­սին: «Ար­ցա­խի հար­ցին առն­չու­թեամբ կա­րե­ւոր քայ­լե­րու պի­տի ձեռ­նար­կեն ­Հայ ­Դա­տի գրա­սե­նեակ­նե­րը` ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քին կա­րե­լիու­թիւն տա­լով մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու ­Ղա­րա­բա­ղին եւ ­Ղա­րա­բա­ղի հար­ցին: ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու եւ Եւ­րո­պա­յի պա­րա­գա­յին պի­տի փոր­ձենք Ար­ցա­խը ար­տա­քին մե­կու­սաց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն դուրս բե­րել: Այդ ուղ­ղու­թեամբ նա­խորդ տա­րի­նե­րուն ար­դէն ո­րոշ ջան­քեր գոր­ծադ­րո­ւած են: Ա­ւել­ցած են լրագ­րող­նե­րու եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը»,- նշեց ան: