Ապրիլ 24 է դարձեալ։
Պահանջատէր հայութիւնը դարձեալ ոտքի կանգնած է աշխարհի չորս ծագերուն։
Ազգովին կ՚ոգեկոչենք թրքական պետութեան գործադրած Մեծ Ոճիրին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 104րդ տարելիցը։
Այսօր ամէն հայ իր սրտին ու մտքին մէջ մոմ կը վառէ եւ խունկ կը ծխէ սրբադասուած մեր նահատակներու յիշատակին՝ վերանորոգելով ազգային մեր ուխտը եւ սերունդէ սերունդ պարտք դնելով իրարու վրայ, թէ այսքան չարիք, որ մոռանան մեր որդիք՝ թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք։
Եւ Երեւանէն մինչեւ հայաշխարհի հեռաւոր ափերը, մեր սերունդներով ու հատուածներով՝ բոլորո՜վ եւ բոլորո՜վ կը հաւաքուինք, եւ մէկ ու միացեալ բռունցք դարձած՝ բողոքի ցոյցի կ՚ելլենք աշխարհի մեծ ու փոքր քաղաքներու գլխաւոր պողոտաներուն վրայ՝ յաղթագոռ յառաջանալով թրքական պետութեան դիւանագիտական կեդրոններուն դէմ։
Եւ ամենայն սրտով կը բողոքենք թուրք ցեղասպան պետութեան ժառանգորդներուն դէմ, ինչպէս նաեւ Հայ Դատին շուրջ պիղատոսեան լռութեան պատ քաշած մեծապետական ուժերուն դէմ։
Եւ կը պահանջենք բոլորէն՝
Կը պահանջենք ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆը։
Ոչ միայն անարգ թշնամին աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայու արիւն թափեց եւ հազարամեակներու մեր սրբազան հայրենիքը հայաթափեց ու բռնագրաւեց, այլեւ անոր ժառանգորդները մինչեւ այսօր կը շարունակեն ժխտել եւ ուրանալ ամենայն վայրագութեամբ իրենց պետականօրէն գործադրած ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ։
Մեր ծով ցաւին ու սուգին մէջ անգամ հայոց սերունդներուն բաժին կը հանուին անտանելի հեգնանքն ու վիրաւորանքը՝ կրկին ու կրկին փաստարկելու եւ արար֊աշխարհին համոզելու, թէ հայն է ԶՈՀը եւ թրքական պետութիւնն է ԴԱՀԻՃը։
Բայց ուշ կամ կանուխ պիտի յաղթանակէ պատմական ճշմարտութիւնը։
Ոչ միայն իրաւատէր հայութեան պահանջատէր սերունդները յաջողեցան քանդել լռութեան եւ ուրացումի կարծրացած պատը Հայոց Ցեղասպանութեան փաստին շուրջ, այլեւ նոյնինքն Թուրքիոյ մէջ Ճշմարտութեան անլռելի ղօղանջը տարուէ տարի աւելի ուժեղ կը հնչէ՝ ոտքի հանելով Թուրքիոյ հետ նաեւ նոյնինքն թուրք ժողովուրդին ազատախոհ ու արդարադատ զաւակները։
Կը պահանջենք ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆը։
Զուր են եւ անյոյս միջազգային խաղաղութեան եւ ազգերու միջեւ համերաշխութեան ու համընդհանուր բարգաւաճման ուղղութեամբ շռայլուած բոլոր խոստումները եւ յանձնառութեանց բարձրագոռ բոլոր կոչերը, այնքան ատեն, որ ԳՈՐԾՔՈՎ դեռ չէ ամրագրուած Արդարութեան ուղիով քալելու էական ու անփոխարինելի յանձնառութիւնը։
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը չի կրնար յոյսեր ունենալ իր ուսերէն թօթափելու թուրք պետական իշխանութեանց գործած ցեղասպանական մեծագոյն ոճիրին ծանր բեռը՝ այնքան ատեն, որ դեռ չունի պատրաստակամութիւնը արդար դատաստանի առջեւ կանգնելու։ Յանցագործութեանց կրկնումը կանխելու, այլեւ յատկապէս ցեղասպանութեան օրինակով ծանրագոյն զանգուածային նոր ոճիրները կանխարգիլելու միակ ճանապարհը եղեռնագործները արդարութեան դատաստանի առջեւ կանգնեցնելն է եւ զանոնք ենթարկելն է արժանի պատիժի։
Ցեղասպանութենէն վերապրած, բայց իր հայրենքէն արմատախիլ պոկուած, արտաքսուած ու անհող աշխարհաքաղաքացիի անհեռանկար ճակատագրին դատապարտուած հայ ժողովուրդը արժանացնելով միջազգային արդարութեան հատուցման աստեղային պահուն՝ մեծապետական աշխարհը փաստօրէն ծառայած կ’ըլլայ քաղաքակիրթ ողջ մարդկութեան վաղուան վերապրումին, երաշխաւորելով խաղաղ ու համերաշխ միջազգային համակեցութեան նուաճումն ու ամրապնդումը։
Կը պահանջենք ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆը։
Ցեղասպան թուրք պետութիւնը ոչ միայն փորձեց արիւնաքամ զգետնել հայ ժողովուրդին, ոչ միայն հայաթափ ըրաւ եւ փորձեց յաւերժականացնել հայոց հազարամեակներու հայրենիքին բռնագրաւումն ու իւրացումը եւ, տակաւին, ոչ միայն կը շարունակէ Մերձաւոր Արեւեքի տարածքին հետեւողականօրէն քանդել ու ջնջել հայկական քաղաքակրթութեան մեծաւանդ ներդրումին նիւթեղէն եւ հոգեմտաւոր ժառանգութեան բոլոր հետքերն ու նուաճումները, այլեւ մեր օրերուն վերանորոգ թափով լծուած է հայ ժողովուրդէն յիշողութիւնն ալ խլելու եւ խեղդելու ցեղապաշտական յանցագործութեան։
«Ակօս»ի խմբագիրին՝ Հրանդ Տինքի դէմ օր֊ցերեկով կատարուած անարգ սպանութիւնը պատռեց դիմայարդարման քողը ցեղասպան Թուրքիոյ հակահայ եղեռնագործութեան մերօրեայ վերաբորբոքման ու անյագ կատաղութեան երեսէն։ Ցեղասպան պետութիւնը իր ժողովուրդէն ամբողջ սերունդներ տասնամեակներով թրծեց թրքական ազգայնամոլութեան ահաւոր մոլուցքով՝ այն աստիճան, որ Պոլսոյ հայութեան կողմէ բարձրաձայն հնչած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կոչերը բրտօրէն խեղդուեցան ու լռութեան մատնուեցան… Տինքի արեան մէջ։
Եւ որքա՛ն կեղծիք ու սնապարծութիւն կը հոսին Էրտողաններու շրթներէն, երբ այսօր արար֊աշխարհի առջեւ կը փորձեն Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը ժխտել եւ ուրանալ՝ իբր թէ թուրք ժողովուրդի ազգային յիշողութեան վրայ հիմնուելու պատճառաբանութեամբ, մերկապարանոց ստախօսութեամբ պնդելու համար, թէ ցեղասպանութիւն չէ գործած, որովհետեւ թուրք ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ չկայ եղեր այդ ուղղութեամբ որեւէ յիշողութիւն, այլեւ իբր թէ նոյնինքն թրքութիւնը չի թույլատրեր եղեր… ցեղասպանութիւն գործելը։
Դէ եկ վարդապետ, մի խելագարիր…
Կը պահանջենք ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆը։
Մեծ Եղեռնէն հարիւրչորս տարի ետք ալ թրքական պետութիւնը կը շարունակէ յղանալ գեհենական նորանոր ծրագիրներ, որպէսզի իր գործադրած ցեղասպանութենէն մազապուրծ վերապրող հայութիւնը չկարենայ իր ազգային ինքնութիւնը պահպանել եւ զարգացնել՝ այսպէս կոչուած «հանրապետական» Թուրքիոյ մէջ։
Լօզանի դաշնագրին եւ ընդհանրապէս Մ.Ա.Կ.ի բոլոր ուխտագիրներուն վրայ թքնելով՝ թրքական պետութիւնը ահա 104 տարիներէ ի վեր իր մականին տակ ապրող բոլոր փոքրամասնութեանց պէս նաեւ ու մանաւանդ հայերուն կը պարտադրեն՝ իրենց անունները թրքացնել, նոր սերունդը հայկական վարժարաններէ հեռու պահել՝ արձանագրութեանց սեղմումներ պարտադրելով, արտասահմանի հայութեան հետ ազգային֊քաղաքական իրաւ կապի եւ հայ ազգային ինքնութեան վերապրումի ամէն հնարաւորութենէ զրկել զանոնք՝ վերջնական նպատակ ունենալով Թուրքիոյ վերապրող հայութեան ամբողջական թրքացումը։
Այդ առումով ալ Հայ Դատի պայքարը ըստ ամենայնի եւ ըստ էութեան հայ ազգային ինքնութիւնը պաշտպանելու եւ պահպանելու բազմաճակատ պայքար է՝ յանուն հայ ժողովուրդի ազգային ու ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական, ժողովրդավարական եւ մարդկային իրաւանց ամբողջական եւ լիիրաւ վերականգնումին, որուն յաղթական պսակումը պիտի ըլլայ հայոց բռնագրաւեալ բոլոր հողերուն վերադարձը իրենց միակ իրաւատիրոջ՝ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ։
Այո՜, կը պահանջենք, անպայմա՜ն, ՄԵՐ ՀՈՂԵՐԸ։