Քրիստոնեաները աշխարհի ստեղծումէն իսկ առաջ ընտրուած են, որպէսզի ըլլան սուրբ եւ անառատ։ Աստուածաշունչին մէջ Աստուած կը պատուիրէ ժողովուրդին՝ «Սուրբ եղէ՛ք, որովհետեւ սուրբ եմ ես, ձեր Տէր Աստուածը»։ Մեր աստուածային Փրկիչը, աշխարհին մէջ կը ծնի որպէս տիպար սրբութեան, քարոզեց.- «Եղէ՛ք կատարեալ, ինչպէս կատարեալ է ձեր Հայրը, որ երկինքն է»։
Սրբութիւն. այս է Աստուծոյ կամքը։
Մարդիկ կան, որոնք յառաջած են սրբութեան մէջ, գործած են հրաշքներ, տեսած են ապագան, կարդացած են սիրտերը։ Այնպիսի կեանք Աստուած չի պահանջեր բոլորէն, բայց բոլորէն կը պահանջէ, որ ապրին Աստուծոյ շնորհքով, հեռանան մեղքէն, որ մահն է հոգիներու, գործադրեն Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ պատուիրանները, կատարեն իրենց պարտականութիւնները սիրով, Աստուծոյ շնորհքին մէջ, որ ընդունած են մկրտութեամբ, սուրբ աւազանին մէջ, որ եթէ կորսնցուցած են, ունին միջոցը վերագտնելու ապաշխարութեամբ։
Քահանաները, աշխարհականները, զանազան ասպարէզի պատկանող անձերը, ամուսնացեալները, ամուրիները, բոլորը, պէտք է կատարեն իրենց պարտականութիւնները սրբութեամբ, սիրով։
Սուրբերը, որ կը մեծարենք խորաններու վրայ, մարդեր էին, մարդկային տկարութիւններով հանդերձ, բայց գործակցեցան Աստուծոյ շնորհքին հետ եւ հասան սրբութեան։
Պօղոս առաքեալ, որ վերացաւ մինչեւ երրորդ երկինքը, տեսած էր ինչ որ մահկանացու աչքը չէր տեսած երբեք, գոչեց.- «Ո՞վ պիտի ազատէ զիս հոգւոյ եւ մարմնոյ մարտէն…». Աստուած պատասխանոց. « Բա՛ւ է տուած շնորհքս»։
Մարդիկ պարտին իրենց կամքը հպատակեցնել Աստուծոյ կամքին։
Սիրելիններ, մինչ շատ մը երկիրներու մէջ կը շարունակուին պատերազմերը եւ զանազան տագնապները, ձեզ կը հրաւիրեմ Սուրբ Մսուրին առջեւ, աշխարհի խաղաղութեան դիտաւորութեամբ կրկնապատէք ձեր աղօթքները։ Միայն փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ զիջումներով կարելի է հաստատել խաղաղութիւնը։
«Ապրեցէ՛ք Աստուծոյ շնորհքին մէջ, սրբութեամբ, արդարութեամբ։ Եղէ՛ք խաղաղարարներ, ձեր ընտանիքին մէջ, ձեր ազգին մէջ, մարդկութեան մէջ»։
Քրիստոս ծնաւ եւ յատնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ Աւետիս։
Հայր Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պէզազեան
Առաքելական կառավարիչ
Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ
Համայնքի Ծնունդ 2019