­Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԵՊԵՃԵԱՆ

Ե­րե­ւի հայ «ըլ­լա­լու» եւ «մնա­լու» հրա­մա­յա­կա­նը քիչ մը ա­մէն տեղ ինք­զինք զգա­լի կը դարձ­նէ աշ­խար­հի ամ­բողջ տա­րած­քին:
Աւստ­րա­լիոյ ­Սիտ­նի քա­ղա­քը բա­ցա­ռու­թիւն պի­տի չկազ­մէ:
Ե­թէ քա­ղա­քին գե­ղեց­կու­թիւ­նը կը զգլխէ ու կ­՛անց­նի ա­մէն ե­րե­ւա­կա­յու­թիւն, կը սքան­չա­նաս եւ ե­րե­ւի քիչ մըն ալ կը «նա­խան­ձիս» այն բո­լո­րին, ո­րոնք կ­՛ապ­րին այդ գե­ղեց­կու­թեան մէջ, բայց այդ քա­ղա­քին մէջ առ­կայ է նաեւ հայ­կա­կան գե­ղեց­կու­թիւ­նը: Եւ իմ աշ­խա­տան­քա­յին ու աս­պա­րէ­զա­յին կեան­քիս եւ ա­նոր ամ­բողջ մի­ջազ­գա­յին պա­րու­նա­կին ընդ­մէ­ջէն ան­կա­րե­լի է, որ ազ­գա­յի­նը, հայ­կա­կա­նը չփնտռեմ, չգտնեմ ու չտես­նեմ… ­Բայց նաեւ չհպար­տա­նամ ա­նոր` հայ­կա­կա­նին գե­ղեց­կու­թեամբ: Ե­թէ ա­սի­կա ինք­նու­թեան կանչ է, բայց նաեւ մշա­կու­թա­յին հիմք մըն է, ա­ռանց ո­րուն` պի­տի պար­պո­ւի իմ եւ ոե­ւէ մար­դու նե­րաշ­խար­հը:
­Սիտ­նի, Աւստ­րա­լիա, ­Յու­նիս-­Յու­լիս 2017:
Ե­թէ կը մաս­նակ­ցիմ մի­ջազ­գա­յին մեր կազ­մա­կեր­պու­թեան աշ­խա­տան­քա­յին մէկ հա­մա­գու­մա­րին, ուր ա­ւե­լի քան հա­րիւր եր­կիր­նե­րէ ե­կած էին մօ­տա­ւո­րա­պէս 220 ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, բայց նաեւ մէկ-մէկ կ­՛ու­զեմ քա­կել հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը` հան­դի­պե­լով հա­յուն` հե­ռա­ւոր (գէթ` ին­ծի հա­մար) Աւստ­րա­լիոյ մէջ: Ոչ-հայ գոր­ծա­կից­ներս վար­ժո­ւած են իմ այս սո­վո­րու­թեանս: «­Քա­նի՞ հա­յու հան­դի­պե­ցար այս ան­գամ»,- կը հարցնեն ին­ծի` ա­ռանց ու­շաց­նե­լու ի­րենց դի­պուկ սրա­միտ կա­տա­կը:
­Հայ­կա­զուն Եպս. ­Նա­ճա­րեա­նին հետ ծա­նօ­թու­թիւն ու­նիմ այն օ­րէն, երբ 1990ա­կան թո­ւա­կան­նե­րէն սկսեալ յա­ճա­խա­կիօ­րէն կ­՛այ­ցե­լէի Էջ­միա­ծին, ուր կը փոր­ձէինք հի­մը դնել աս­տո­ւա­ծաշն­չա­յին ըն­կե­րու­թեան մեր գրա­սե­նեա­կին: ­Հա­լէպ ծնած, ­Պէյ­րութ մեծ­ցած ու տա­կա­ւին բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ ապ­րած` ան իր հո­գե­ւոր-ե­կե­ղե­ցա­կան ա­ռաջ­նոր­դու­թեան ընդ­մէ­ջէն միշտ ալ ե­ղած է հաս­տատ` իր ինք­նու­թեան եւ կո­չու­մին: «­Չեմ գի­տեր` ո՛ր երկ­րին հետ առն­չել իմ կեանքս»,- ի­րեն յա­տուկ կա­տակ-տրա­մադ­րու­թեամբ մը սրբա­զա­նը իր ա­ռա­քե­լու­թեան կեան­քին ճամ­բան կը ներ­կա­յաց­նէր: ­Բայց սրբա­զա­նին հա­մար Ք­րիս­տո­սի եւ ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ծա­ռա­յու­թիւ­նը ա­մէն բա­նէ վեր է, եւ ան այ­սօր իր կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը կը բե­րէ ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռաջ­նոր­դու­թեան մէջ` Աւստ­րա­լիոյ հայ­կա­կան գա­ղու­թին հա­մար:
Ն­շան ­Պաս­մա­ճեա­նը դի­ւա­նա­պետն է: ­Ծա­նօ­թու­թիւնս ի­րեն հետ կը սկսի ­Տու­պա­յէն: Իր մէջ տե­սած եմ հայ մար­դուն տո­կուն նկա­րա­գի­րը, որ իր մէջ սրսկո­ւած է ­Քե­սա­պէն` իր ծննդա­վայ­րէն: «­Կու­սակ­ցա­կան պատ­կա­նե­լիու­թիւնս եւ ա­նոր սկզբունք­նե­րը դար­ձու­ցի կեան­քի ձեւ»,- կ­՛ը­սէ Ն­շան: «Եւ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը ծա­ռա­յու­թեան եւ սի­րոյ սկզբունք­նե­րուն լա­ւա­գոյն վար­դա­պե­տու­թիւնն է, իսկ ­Հա­յաս­տա­նեայց ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցին` այդ սկզբունք­նե­րուն կի­րարկ­ման գոր­ծե­լա­դաշ­տը»,- կ­՛ա­ւելց­նէ ան:
Այս բո­լո­րին հա­մադ­րու­մով` Ն­շա­նը «եր­ջա­նիկ» հայն է, որ հե­ռա­ւոր Աւստ­րա­լիոյ մէջ կը շա­րու­նա­կէ իր ազ­գա­յին կեան­քը:
­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի Գ­րի­գոր Եու­մու­շա­քեա­նի հետ ե­ղած ենք դա­սըն­կեր­ներ եւ գոր­ծա­կից­ներ` ­Պէյ­րու­թի օ­րե­րէն, եւ ան այ­սօր ­Սիտ­նիի ­Միա­ցեալ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վո­ւա­կան ծա­ռա­յու­թեան մէջ է: Ե­թէ տե­ղա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ է ան, բայց հայ­կա­կա­նը միշտ ալ ցայ­տուն է իր կեան­քին մէջ: ­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի Եու­մու­շա­քեան մեծ աշ­խա­տանք տա­րաւ, որ­պէս­զի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ըն­դու­նո­ւի Աւստ­րա­լիոյ ­Միա­ցեալ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ, որ կը նկա­տո­ւի երկ­րին եր­րորդ մե­ծա­գոյն ե­կե­ղե­ցա­կան-կրօ­նա­կան հա­մայն­քը:
­Տոքթ. ­Յա­րու­թիւն ­Ճէ­պէ­ճեան հո­գե­բոյժ է: Ա­ղեք­սանդ­րիա­յէն գաղ­թած է ­Սիտ­նի: Ըն­տա­նե­կան հա­րա­զատ­ներ ենք, եւ ա­նոր ա­ռա­ջին ան­գամ կը ծա­նօ­թա­նա­յի եւ կը հան­դի­պէի… ­Սիտ­նիի մէջ: ­Մեր եր­կու­քին մեծ ծնող­նե­րը Այն­թա­պէն տե­ղա­հա­նո­ւած են: Իր ըն­տա­նի­քը հա­սած է Ե­գիպ­տոս, իսկ իմ պա­րա­գա­ներս` ­Հա­լէպ-­Պէյ­րութ: Ըն­տա­նե­կան-ազ­գա­կա­նա­կան մեր կա­պը պի­տի հաս­տա­տո­ւէր Աւստ­րա­լիոյ մէջ: Եւ ինչ­պէ՞ս չապ­րիլ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­հա­ւո­րու­թիւ­նը այն ի­մաս­տով, որ հայ ըն­տա­նիք­ներ ոչ միայն նա­հա­տա­կո­ւե­ցան, այլ նաեւ ան­ջա­տո­ւե­ցան… Եւ «զրկո­ւե­ցան» ի­րա­րու հետ ըլ­լա­լու եւ միա­սին ապ­րե­լու տես­լա­կա­նէն… ­Բայց այս (չ­)ապ­րո­ւած կեան­քե­րուն եւ ա­նոնց «կոր­սո­ւած» ու «կա­րօ­տի» հա­ղոր­դակ­ցու­թեան օ­րե­րուն պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը ինչ­պէ՞ս պի­տի ըլ­լայ:
Է­տի ­Տե­միր­ճեան ծնած է ­Սիտ­նի: Ան տնօ­րէնն է ­Հա­մազ­գա­յի­նի Ար­շակ եւ ­Սո­ֆի ­Գոլս­տըն հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նին:
­Գե­ղե­ցիկ ան­տառ­նե­րով շրջա­պա­տո­ւած եւ դպրո­ցա­կան շէն­քի բո­լոր ար­դիա­կան յար­մա­րու­թիւն­նե­րով օժ­տո­ւած այս վար­ժա­րա­նը հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն կը ջամ­բէ ա­ւե­լի քան 320 ա­շա­կերտ­նե­րու: Ե­թէ ե­ղած է ժա­մա­նակ, որ ա­շա­կերտ­նե­րուն թի­ւը նո­ւա­զած է, բայց այ­սօր ար­դէն սկսած է կա­մաց-կա­մաց ա­ւել­նալ: «Ա­մէն աշ­խա­տանք եւ կա­րե­լիու­թիւն կը ստեղ­ծենք, որ­պէս­զի հայ ըն­տա­նիք­ներ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը հայ­կա­կան վար­ժա­րան ու­ղար­կեն»,- Է­տին է խօ­սո­ղը:
Եւ նա­յե­լով դպրո­ցին, ար­դիա­կան շրջա­փա­կին, կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն, հան­դարտ մթնո­լոր­տին եւ կրթա­կան մա­կար­դա­կին` հարց տո­ւի.- «Ին­չո՞ւ հայ ծնող­նե­րը ի­րենց զա­ւակ­նե­րը հայ­կա­կան դպրոց չղրկեն»:
­Մա­նուկ ­Տե­միր­ճեան ­Պէյ­րու­թի տղան է: Ան ­Հայ­կա­կան ­Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր ­Միու­թեան Ա­լեք­սանտր դպրո­ցի տնօ­րէնն է: 41 ա­շա­կերտ­նե­րով փոքր «գու­մար­տակ»ով մը ­Մա­նու­կը կը պայ­քա­րի դպրո­ցը պա­հե­լու… «­Մեր միու­թեան կեդ­րո­նա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ու­զեց դպրո­ցը փա­կել տնտե­սա­կան պատ­ճառ­նե­րով»,- ը­սաւ ­Մա­նուկ` ա­ւելց­նե­լով.- «­Շատ զօ­րա­ւոր կեր­պով դէմ կե­ցանք»: Եւ զար­մա­նա­լի չէ… ­Մա­նու­կը ապ­րած է ­Լի­բա­նա­նի պա­տե­րազ­մը եւ ա­նոր ար­հա­ւիր­քը: «Թր­ծո­ւած» է կեան­քի դժո­ւար պայ­ման­նե­րուն դէմ պայ­քա­րե­լու եւ մարտն­չե­լու ո­գիով: «­Վեր­ջա­պէս հա­մա­ձայ­նե­ցանք, որ մեր ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը տնտե­սա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը պի­տի կա­սեց­նէ, եւ մենք մեր գլխուն ճա­րին պի­տի նա­յինք»,- եզ­րա­փա­կեց ­Մա­նուկ: Իսկ «գլխուն ճա­րին» նա­յի՞­լը… ­Մա­նուկ դի­մած է պե­տա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան, եւ այ­սօր դպրո­ցը կը ստա­նայ նպաստ եւ կը շա­րու­նա­կէ իր հա­յա­կեր­տու­մի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը:
Եւ հարց պի­տի տալ: Ի՞նչն է սփիւռ­քեան մեր հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մե­ծա­գոյն եւ կա­րե­ւոր հիմ­նա­հար­ցը: Ե­թէ «հա­յա­պահ­պա­նումն» է եւ ա­նոր հետ` «պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը», բայց այս սրբա­զան ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րը ի՞նչ նժա­րի վրայ պի­տի դրո­ւին: ­Նիւ­թա­կան պար­տա­ւո­րու­թի՞ւ­նը, թէ՞ հայ­կա­կան ամ­բող­ջա­կան մշա­կոյ­թի ա­պա­հո­վու­թիւ­նը եւ շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը: Ու տա­կա­ւին, պէտք չէ՞ մտա­ծել չոր­րորդ հայ սե­րուն­դին մա­սին, որ կը մեծ­նայ… ­Հա­պա՞ հին­գե­րոր­դը… հայ մատ­ղաշ մա­նուկ­նե­րու սե­րուն­դը: ­Կա­րե­լի՞ է այս սե­րունդ­նե­րու հայ «մեծ­նա­լու» հո­լո­վոյ­թը սա­կար­կու­թեան դնել:
Այս ի­մաս­տով իւ­րա­քան­չիւր հայ­կա­կան հան­դի­պում օ­ղակ մըն էր` տես­նե­լու հայ­կա­կան կեան­քի մեծ խճան­կա­րը ­Սիտ­նիի մէջ: ­Վա­րու­ժան Իս­կեն­տե­րեան կու գայ Ե­րու­սա­ղէ­մէն, ան Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նախ­կին ներ­կա­յա­ցու­ցիչն է Աւստ­րա­լիոյ մէջ: ­Գայ­լար ­Մի­քա­յէ­լեան Ի­րա­նէն է եւ` Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան այժ­մու ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը: ­Գօ­գօ ­Սո­ղո­մո­նեա­նը կու գայ Ե­գիպ­տո­սէն եւ ստանձ­նած է ­Հայ ­Դա­տի գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը:
­Հեն­րիեթ Անդ­րէա­սեան ­Հա­յաս­տա­նի սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչն է եւ կու գայ Ի­րա­նէն: ­Վի­գէն ­Գա­րօղ­լեան ­Հա­լէ­պէն է եւ աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նի մշա­կու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մին մէջ: ­Սէմ Ա­րո­յեան կու գայ ­Հա­լէ­պէն, իսկ ա­նոր կի­նը` ­Լիւ­սին, Ե­գիպ­տո­սէն: ­Ճոր­ճը եւ ­Լե­նան` ­Քե­սա­պէն եւ ­Հա­լէ­պէն: Եւ այս բո­լո­րին դի­մաց ան­պայ­մա­նօ­րէն հարց կու տաս: Ին­չո՞ւ հա­յը այս­քան պէտք էր տե­ղա­փո­խո­ւէր ու տա­րա­ծո­ւէր… Ու տա­կա­ւին, ապ­րէր իր հո­ղէն հե­ռու եւ մէ­կէ ա­ւե­լի ոս­տան­նե­րու մէջ:
­Բայց իւ­րա­քան­չիւր հայ­կա­կան հան­դի­պու­միս կա­րե­լի էր տես­նել նո­ւի­րո­ւա­ծու­թիւ­նը: ­Հա­յա­պահ­պա­նու­մին եւ հայ մշա­կոյ­թին հա­մար նո­ւի­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը: ­Ծա­ռա­յու­թիւն մը, որ պի­տի ա­պա­հո­վէ հա­յուն շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը: Եւ իւ­րա­քան­չիւր հա­յու մէջ, որ հան­դի­պե­ցայ, կրցայ տես­նել, թէ ինչ­պէ՛ս իր սրտին մէջ ճզմած ու շալ­կած է այս քաղցր լու­ծը… Ու կ­՛ապ­րի այս քաղցր լու­ծը ապ­րեց­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նով:
­Հայ­կա­կան Ար­շակ եւ ­Սո­ֆի ­Գոլս­տըն վար­ժա­րա­նի բա­կին մէջ կար ար­ձան մը, ո­րուն վրայ ար­ձա­նագ­րո­ւած էր` «­Կանք, կը մնանք»:
Եւ Աւստ­րա­լիոյ իւ­րա­քան­չիւր հայ­կա­կան կեան­քին, որ հան­դի­պե­ցայ, եւ իր բո­լոր տար­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէ­ջէն ու­նէր մէկ նո­ւի­րա­կան պատ­մու­թիւն:
«­Կանք, կը մնանք»:
Այս ալ հայ­կա­կան սփիւռ­քի բարդ ի­րա­վի­ճա­կին ու ա­նոր բո­լոր տար­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէ­ջէն դուրս ցցո­ւող հա­սա­րակ յայ­տա­րարն է, որ կը միաց­նէ մեզ բո­լորս:
Եւ ե­թէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք հա­յը «ստի­պո­ւած» ե­ղաւ տա­րա­ծո­ւե­լու աշ­խար­հով մէկ եւ քա­նի մը ան­գամ, բայց նոյն հա­յը տա­կա­ւին ու­նի ապ­րող ա­ռա­քե­լու­թիւն:
Եւ այս ի­մաս­տով, ե­թէ հա­յը կը յի­շէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, քա­նի որ ան «կայ»: Եւ ե­թէ կը «պա­հան­ջէ», քա­նի նոյն հա­յը պի­տի «մնայ»:
«­Կանք, կը մնա՛նք»: ­Սիտ­նի եւ տա­կա­ւին աշ­խար­հով մէ՛կ: