Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանը մերժած է Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի հայցը՝ կապուած խորհրդարանին մէջ իր խօսքերը արձանագրութենէն հանելու ու իրեն 3 նիստի չմասնակցելու պատիժին դէմ բողոքարկելու հետ: Կարօ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ելոյթի ժամանակ խօսած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, որմէ ետք խորհրդարանի նախագահութիւնը Կարօ Փայլանին որպէս պատիժ արգիլած էր 3 նիստի մասնակցիլ, ինչպէս նաեւ՝ խորհրդարանի նիստի արձանագրութենէն հանել տուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած հատուածը: Կարօ Փայլան Սահմանադրական Դատարանէն մերժում ստանալէ ետք որոշած է դիմել Մ.Ի.Ե.Դ.: «Ինծի հանդէպ կայացուած որոշումը ժողովրդավարութեան դէմ ուղղուած հարուած էր: Քանի որ մեր դատարանը այդ որոշումը չէ բեկանած, ես պիտի դիմեմ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան»,- ըսած է Կարօ Փայլան:
Կարօ Փայլան
Կարօ Փայլան որոշած է դիմել Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան