Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարանին ներկայացուցած է գրաւոր պահանջք՝ 1915ին Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին հայ բնակչութեան բռնի տեղահանման ու աքսորման հրամանագիրներու ուսումնասիրութեան վերաբերեալ, նաեւ՝ խորհրդարանի նախագահութենէն խնդրած է հրապարակել անունները ժամանակի պետական պաշտօնեաներու, որոնք պատասխանատու են անմեղ մարդոց մահուան համար: Ինչպէս կը յայտնէ bianet.org, Փայլան հարցում յղած է խորհրդարանի նախագահութեան 1915ի Մայիս 27ին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ընդունուած եւ մինչեւ նոյն թուականի Յունիս 1ը ուժի մէջ մնացած «Ժամանակաւոր տարագրման» հրամանագրի հետեւանքներուն ու, այդ ընթացքին, անմեղ զոհերու համար պատասխանատու անձերու վերաբերեալ եւ պահանջած է յատուկ ուսումնասիրութիւն ընել՝ ի դէմս Թուրքիոյ խորհրդարանին: «Թէեւ այդ հրամանագիրի ընդունումէն անցած է 102 տարի` ատոր արդիւնքն ու հետեւանքը մինչեւ այսօր չեն ուսումնասիրուած խորհրդարանին կողմէ: Յայտնի է, որ հրամանագիրի իրականացման ծիրէն ներս տեղի ունեցած են մեծ թիւով մահեր, աւերուած ու բռնազաւթուած են մշակութային ժառանգութեան կարեւոր կառոյցներ»,- ըսած է Փայլան:
Հայ պատգամաւորը իր ելոյթին մէջ նաեւ խորհրդարանին ներկայացուցած է Թալէաթ փաշայի յիշողութիւններու արխիւէն կարեւոր հատուածներ, որոնք կը վկայեն, թէ 1914էն 1917 մահացած է Օսմանեան Կայսրութեան քաղաքացի շուրջ 1 միլիոն 150 հազար հայ, այսինքն` կայսրութեան հայ բնակչութեան շուրջ 77 տոկոսը:
Կարօ Փայլան նաեւ ընդգծած է, որ 102 տարի առաջ նոյն ժամանակաշրջանին տուժած են յոյները, եզիտիները, ասորիներն ու քելտանիները:
Կարօ Փայլան
Կարօ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանէն պահանջած է ուսումնասիրել եւ ներկայացնել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու տուեալները