Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ Ազգային ժողովի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան, խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին՝ ընդդիմացած է Պոլսոյ որոշ դպրոցներու մէջ Ամանորը նշելու առնչութեամբ ստեղծուած խոչընդոտներուն:
Փայլան, խորհրդարանի ամպիոնէն, Պոլսոյ Շիշլի թաղամասի կրթութեան հարցերու յանձնախումբին կողմէ դրուած՝ իր ենթակայութեան տակ գտնուող դպրոցներուն մէջ Ամանորը նշելու արգելքին վերաբերեալ, քանի մը հարց ուղղած է Թուրքիոյ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին:
«Ի՞նչ նկատի ունեցած է յանձնախումբը, երբ իբրեւ Ամանորի տօները արգիլելու հիմք օգտագործած է «Մեր մշակութային աւանդութիւններուն անհամապատասխան» արտայայտութիւնը»,- հետաքրքրուած է հայ երեսփոխանը եւ հարց տուած, թէ արդեօք Թուրքիոյ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մէջ առհասարակ տեղեա՞կ են Ամանորի եւ քրիստոնէական Սուրբ ծնունդի տօներուն միջեւ տարբերութեան մասին:
Փայլան նաեւ յիշեցուցած է, որ հայաշատ Շիշլի թաղամասին մէջ կան հայկական վարժարաններ, ուր Ամանորն ու Սուրբ ծնունդը նշելը քրիստոնեայ երեխաներուն իրաւունքն է:
«Այն պարագային, երբ մեր երկրին մէջ Ամանորէն առաջ ամբողջ ժողովուրդը կը գնէ տօնական վիճակահանութեան տոմսեր, ինչո՞ւ իբրեւ խնդիր կը դիտարկուի դպրոցներուն մէջ երեխաներուն նուէրներու բաշխումը» նշումով՝ իր ելոյթը եզրափակած է Փայլան` յիշեցնելով, որ վիճակահանութեան խաղարկութիւնները նոյնպէս կը հակասեն իսլամական արժէքներուն։