Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Կո­մի­տէի գրա­սե­նեա­կէն ներս, Եր­կու­շաբ­թի 13 ­­Մարտ 2017ի ե­րե­կո­յեան, կա­յա­ցաւ Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար պրն. ­­Կա­րէն ­­Միր­զո­յեա­նի հան­դի­պու­մը՝ Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Կո­մի­տէին հետ։ ­­Ներ­կայ էր նաեւ ­­Յու­նաս­տա­նի մօտ ՀՀ ար­տա­կարգ ու լիա­զօր դես­պան պրն. ­­Ֆա­դէյ ­­Չար­չօղ­լեա­ն։
Քն­նար­կո­ւե­ցան Ար­ցա­խի անվ­տան­գու­թեան, ճա­նաչ­ման գոր­ծըն­թա­ցի եւ երկ­րի զար­գաց­ման վե­րա­բե­րող տար­բեր հար­ցեր։ ­Յա­տուկ անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւե­ցաւ յատ­կա­պէս ան­ցեալ տա­րո­ւայ Ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մէն ետք ստեղ­ծո­ւած կա­ցու­թեան մա­սին։
Պրն. նա­խա­րա­րը ներ­կա­յա­ցուց այն բո­լոր զար­գա­ցում­նե­րը ո­րոնք տե­ղի կ­՚ու­նե­նան Ար­ցա­խեան հիմ­նա­հար­ցի կար­գա­ւոր­ման ծի­րէն ներս, ինչ­պէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րու եւ ԵԱՀ­Կի շրջա­գի­ծէն ներս կա­տա­րո­ւող ջան­քե­րը։ Ան յայտ­նեց թէ հա­կա­ռակ բո­լոր պայ­ման­նե­րուն, Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը կառ­չած կը մնայ իր հայ­րե­նի հո­ղին վրայ, ո­գե­կան բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ կը նպաս­տէ Ար­ցա­խի զար­գաց­ման, ինչ­պէս նաեւ դրո­ւա­տեց հայ­կա­կան բա­նա­կի պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը եւ ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը՝ տէր կանգ­նե­լու Ար­ցա­խի անվ­տան­գու­թեան։
Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէին կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան այն բո­լոր քայ­լե­րը ո­րոնք տե­ղի կ­՚ու­նե­նան ­Յու­նաս­տա­նի մէջ՝ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ճամ­բով, Ար­ցա­խեան հիմ­նա­հար­ցի կա­պակ­ցու­թեամբ հել­լէն քա­ղա­քա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ, ինչ­պէս նաեւ անդ­րա­դարձ ե­ղաւ Ատր­պէյ­ճա­նի հա­կա­հայ քա­րոզ­չու­թեան կա­սեց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին։
Եր­կուս­տեք կա­րե­ւո­րո­ւե­ցաւ փո­խա­դարձ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, իսկ պրն. նա­խա­րա­րը հաս­տա­տեց ­­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. կա­ռոյ­ցի մեծ ներդ­րու­մը՝ երկ­րի քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մօտ Ար­ցա­խի հար­ցը ծա­նօ­թաց­նե­լու ա­ռու­մով։