Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի հրա­ւէ­րով, աշ­խա­տան­քա­յին ե­ռօ­րեայ այ­ցե­լու­թեամբ Ա­թէնք կը գտնո­ւի Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար պրն. ­Կա­րէն ­Միր­զո­յեան։ Պրն. նա­խա­րա­րը Եր­կու­շաբ­թի 13 ­Մարտ 2017ի ա­ռա­ւօ­տուն, այ­ցե­լու­թիւն­ներ տո­ւաւ յու­նա­հայ կա­ռոյց­նե­րու մօտ, ճանչ­նա­լու եւ ի­րա­զե­կո­ւե­լու հա­մար գա­ղու­թի գոր­ծու­նէու­թեան ու աշ­խա­տանք­նե­րուն շուրջ։ Պրն. նա­խա­րա­րին կ­’ըն­կե­րակ­ցէին ­Յու­նաս­տա­նի մօտ ՀՀ ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան պրն. ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեան եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ըն­կեր­նե­րը։
Այ­ցե­լու­թիւն­ներ տրո­ւե­ցան ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ­Գո­քի­նիոյ Ազ­գա­յին «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի նա­խակր­թա­րանն ու ման­կա­պար­տէ­զը, ինչ­պէս նաեւ  ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ման­կա­պար­տէզ եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի «­Գալ­փա­քեան» նա­խակր­թա­րան։ ­Բո­լոր վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ փոք­րիկ ա­շա­կերտ­նե­րը եր­գեր ու ար­տա­սա­նու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին պրն. նա­խա­րա­րին, որ իր կար­գին շնոր­հա­ւո­րեց տնօ­րէն­ներն ու ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րը, ի­րենց տա­րած աշ­խա­տան­քին հա­մար։ ­Հա­ճե­լի ա­նակն­կալ մը վե­րա­պա­հո­ւած էր «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն, ո­րոնք կարճ ժա­մա­նակ ա­ռաջ, նա­մակ­ներ ու­ղար­կած էին Ար­ցա­խի սահ­ման­նե­րուն վրայ ծա­ռա­յող զի­նո­ւոր­նե­րուն։ Ե­րի­տա­սարդ զի­նո­ւոր­նե­րը ի­րենց կար­գին, գե­ղե­ցիկ բո­վան­դա­կու­թեամբ պա­տաս­խան-նա­մակ­ներ ղրկած էին ա­շա­կերտ­նե­րուն, իւ­րա­քան­չիւ­րին հա­մար մէ­կիկ-մէ­կիկ նա­մակ գրած ըլ­լա­լով։ Պրն. նա­խա­րա­րը նա­մակ­նե­րը յանձ­նեց հաս­ցէա­տէր փոք­րիկ ա­շա­կերտ­նե­րուն, ո­րոնք խան­դա­վա­ռու­թեամբ՝ Ար­ցա­խէն անձ­նա­կան նա­մակ ստա­ցած ըլ­լա­լու մեծ ու­րա­խու­թիւ­նը ու­նե­ցան։

Այ­ցե­լու­թիւն Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րան

­Նա­խա­պէս ճշդո­ւած ժա­մադ­րու­թեամբ, այ­ցե­լու­թիւն տրո­ւե­ցաւ ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րան, ուր նա­խա­րար ­Կա­րէն ­Միր­զո­յեա­նի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան ­Փո­խա­նորդ ­Գերշ. ­Կո­մի­տաս Արք. Օ­հա­նեա­նի եւ ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րու հետ։
Սր­բա­զան ­Հայ­րը յայտ­նեց յու­նա­հայ գա­ղու­թի հաս­տատ յանձ­նա­ռու­թիւնն ու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ Ար­ցա­խի կող­քին մշտա­պէս գտնո­ւե­լու եւ աշ­խու­ժօ­րէն գոր­ծե­լու։ Պրն. նա­խա­րա­րը իր կար­գին գնա­հա­տեց Ս­փիւռ­քի մէջ թա­փով ու մղու­մով տա­րո­ւող բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րը, կա­րե­ւո­րե­լով բո­լո­րի ներդ­րու­մը Ար­ցա­խին ու ժո­ղո­վուր­դին հան­դէպ։