Ե­րեք­շաբ­թի՝ 4 ­Յու­նի­սին, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի, ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Կիպ­րո­սի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու՝ ­Զօհ­րապ Մ­նա­ցա­կա­նեա­նի, Եոր­ղոս ­Քաթ­րու­կա­լո­սի եւ ­Նի­քոս Խ­րիս­թո­տու­լի­տի­սի մի­ջեւ ե­ռա­կողմ հան­դի­պու­մը՝ ­Նի­կո­սիոյ մէջ։
­Հան­դի­պու­մը կը մի­տէր ամ­րապն­դե­լու ե­րեք եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս՝ խա­ղա­ղու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան ամ­րապնդ­ման հա­մար, տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս։
Շր­ջա­նա­յին հար­ցե­րու քննար­կու­մը կազ­մեց հան­դիպ­ման գլխա­ւոր օ­րա­կար­գը, ո­րուն վրայ ման­րա­մաս­նօ­րէն քննո­ւե­ցան ա­րե­ւե­լեան ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի զար­գա­ցում­նե­րը, ­Թուր­քիոյ ա­պօ­րէն քայ­լե­րը եւ սպառ­նա­լիք­նե­րը՝ կիպ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի ա­զատ գօ­տիին նկատ­մամբ, ­Կով­կա­սի եւ ա­րեւմտեան ­Պալ­քան­նե­րու կա­ցու­թիւ­նը, ­Հա­յաս­տա­նի կա­պե­րը եւ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հետ, ինչ­պէս նաեւ ու­ժա­նիւ­թի եւ սփիւռք­նե­րու կարգ մը հար­ցեր։
­Նա­խա­րա­րա­կան մա­կար­դա­կի վրայ այս ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մին որ­պէս շա­րու­նա­կու­թիւն, կող­մե­րը պի­տի ճշդեն ի­րենց յե­տա­գայ քայ­լե­րը, ե­ռա­կողմ գոր­ծակ­ցու­թեան բո­լոր ո­լորտ­նե­րէն ներս։
­Կիպ­րո­սի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը ա­ռան­ձին հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ ­Հա­յաաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի իր պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն հետ։

***

Կիպ­րո­սի հա­յոց ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին մէջ, ­Յու­նիս 3ին ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Զոհ­րապ Մ­նա­ցա­կա­նեան հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ­Կիպ­րո­սի թե­մի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նորդ՝ ­Խո­րէն արք. ­Տող­րա­մա­ճեա­նին, կիպ­րա­հայ պատ­գա­մա­ւոր ­Վարդ­գէս ­Մահ­տե­սեա­նի եւ կիպ­րա­հայ կա­ռոյց­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն ու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ: Ինչ­պէս «Ար­մէնփ­րես»ին տե­ղե­կա­ցու­ցին, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան լրա­տո­ւու­թեան եւ հան­րա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան վար­չու­թե­նէն, ող­ջու­նե­լով նա­խա­րար Մ­նա­ցա­կա­նեա­նին՝ ­Խո­րէն Արք. ­Տող­րա­մա­ճեան կա­րե­ւոր նկա­տեց նման ձե­ւա­չա­փով հան­դի­պում­նե­րու կա­տա­րու­մը, ո­րը լաւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն է բաց զրոյց ծա­ւա­լե­լու, ինչ­պէս ­Հա­յաս­տա­նին առն­չո­ւող զար­գա­ցում­նե­րուն, այն­պէս ալ՝ Ս­փիւռ­քին յու­զող հար­ցե­րուն շուրջ։
Իր խօս­քին մէջ նա­խա­րար Մ­նա­ցա­կա­նեան բարձր գնա­հա­տեց կիպ­րա­հայ հա­մայն­քին մէջ գոր­ծող կրթա­կան և ­հո­գե­ւոր կա­ռոյց­նե­րու ու­նե­ցած անգ­նա­հա­տե­լի դե­րը ազ­գա­յին ինք­նու­թեան պահ­պան­ման եւ հայ-կիպ­րա­կան դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թեան ամ­րապնդ­ման գոր­ծով եւ յոյս յայտ­նեց, որ հա­մայն­քի նե­րու­ժի լիար­ժէք օգ­տա­գոր­ծու­մը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ­՚ըն­ձե­ռէ ա­ռա­ւել խո­րաց­նե­լու եւ հարս­տաց­նե­լու ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Կիպ­րո­սի մի­ջեւ քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գը:
«­Կիպ­րո­սի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հիմ­քում շատ ա­ւե­լի խոր­քա­յին ի­մաստ կայ. սա քա­ղա­քակր­թու­թիւն­ներ ներ­կա­յաց­նող ժո­ղո­վուրդ­նե­րի բա­րե­կա­մու­թիւն է, ո­րոնք շատ լաւ յի­շո­ղու­թիւն, պատ­մու­թեան շատ խո­րը զգա­ցում ու­նեն, եւ այդ քա­ղա­քակր­թա­կան հիմ­քե­րի վրայ է կա­ռու­ցո­ւած բա­րե­կա­մու­թիւ­նը», — նշեց նա­խա­րա­րը:
­Նա­խա­րա­րը այս յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ընդգ­ծեց ­Կիպ­րո­սի հայ հա­մայն­քի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը: «­Մեր դէպ­քում Ս­փիւռ­քը ո՛չ թէ մարդ­կանց խումբ է, ո­րոնք տա­րին մէկ ան­գամ հա­ւաք­ւում են սուրճ խմե­լու, այլ սա ինս­տի­տու­ցիո­նալ հիմ­քեր պա­րու­նա­կող մար­մին է: ­Հարցն այն չէ, թէ որ­քան է կազ­մում ­Կիպ­րո­սի հայ հա­մայն­քի թո­ւա­քա­նա­կը, հարցն այն է, որ դուք ներ­կա­յա­ցո­ւած էք ինս­տի­տու­ցիո­նալ կա­ռու­ցո­ւած­քա­յին խո­րը հիմ­քե­րով, ո­րոնք ուղ­ղո­ւած են պահ­պա­նե­լու այն, ինչ մեզ հա­մար շատ կա­րե­ւոր է՝ մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը»,- ը­սաւ ան:
­Ներ­կա­յաց­նե­լով իր այ­ցի նպա­տակ­նե­րը եւ ­Յու­նիս 4ին կա­յա­նա­լիք ե­ռա­կողմ ձե­ւա­չա­փով ա­ռա­ջին հան­դիպ­ման օ­րա­կար­գը եւ այդ ձե­ւա­չա­փով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րը՝ նա­խա­րար Մ­նա­ցա­կա­նեան ընդգ­ծեց.- «Իմ այ­ցի նպա­տակն է հիմք դնե­լու նոր՝ ­Հա­յաս­տան-­Կիպ­րոս-­Յու­նաս­տան ե­ռա­կողմ ձե­ւա­չա­փով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեա­նը, ո­րը բա­ւա­կան խոս­տում­նա­լից է եւ բա­ւա­կան նե­րուժ ու­նի»:- նշեց նա­խա­րա­րը: ­Հան­դիպ­ման ա­ւար­տին նա­խա­րար Մ­նա­ցա­կա­նեան պա­տաս­խա­նեց ­Կիպ­րո­սի հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու բազ­մա­թիւ հար­ցե­րուն: