Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան
«75 տարիներ շարունակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը եղաւ լոյսի ու յոյսի փարոս եւ մարդակերտումի դարբնոց՝ ի սպաս մեր եկեղեցւոյ եւ մեր ազգին» (Արամ Ա. Կթղ.)։
Մեծի Տանն Տանն Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը այն կառոյցն է, ուր կուգան հայ պատանիներ եւ երիտասարդներ եւ կը դառնան եկեղեցւոյ ու ազգի սպասաւորներ։
Դպրեվանքը սակայն, միայն եկեղեցականներ չի պատրաստեր, այլ նաեւ՝ ազգային մշակներ եւ առաջնորդ ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ՝ հոգի, միտք եւ արժանիք ունեցող մարդիկ։
Վստահաբար գիտենք, որ 90 տարիէ ի վեր Մեծի Տանն Տանն Կաթողիկոսութիւնը հաստատուած է Պէյրութի Անթիլիաս արուարձանին մէջ։ 1930ին, երբ տարագիր կաթողիկոսութիւնը հաստատուեցաւ Անթիլիաս, դպրեվանքը հոն հիմնուեցաւ, ապա փոխադրուեցաւ Պիքֆայա։
Այնուհետեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սիրտը հանդիսացող դպրեվանքը իր առաքելութիւնը կը շարունակէ հայ ժողովուրդին կեանքէն ներս, ծառայութիւնը ունենալով որպէս մէկնակէտ։ Բայց արդեօք պահ մը չ՚արժե՞ր անդրադառնալ, թէ ի՛նչ է դպրեվանքը։ Ինչպէս վերեւ յիշեցինք, դպրեվանքը հիմնուած է 1930ին, գործակցութեամբ երրորդութեան մը, որ կը բաղկանար Սահակ Բ. Կաթողիկոսէ, Բաբգէն ԱթոռակիցԿաթողիկոսէ եւ առաջին վերատեսուչ Շահէ ծ. վրդ. Գասպարեանէ։ Անոնց նպատակն էր Անթիլիասի աւազոտ ափին վրայ կառուցել շէնք մը, որ պիտի շնչաւորուէր դպրեվանեցի կոչուած երիտասարդներով, որոնք պիտի ձգտէին լիովին նուիրուիլ եկեղեցւոյ ու ազգին։
Անոնք կրցան սրբացնել այդ միջավայրը, անոր մէջ դնելով իրենց միտքը, հոգին ու սիրտը, որուն շնորհիւ Դպրեվանքը դարձաւ մարդակերտումի դարբնոց։
Դպրեվանքը այսօր եւս կը յառաջանայ իր հիմնադիրներուն գծած ուղիէն։ Ան հաւատարիմ է անոնց առաքելութեան շառաւիղին։
Դպրեվանքը ո՛չ միայն կուսակրօն կամ ամուսնացեալ քահանաներ կը պատրաստէ, այլեւ, բառին վաւերական իմաստով՝ գիտակից եւ յանձնարու հայ մարդը։ Դպրեվանեցին կը սորվի եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայելու գաղտնիքը եւ ձեռք կը բերէ հոգեւոր ծառայութեան եւ ընկերային կեանքի համար առողջ դատում։
Այս իմաստով՝ Դպրեվանքը միշտ եղած է Մեծի Տանն Կաթողիկոսութեան բաբախուն սիրտը. այսինքն՝ ամենակարեւոր հաստատութիւնը։ Վեհափառին բառերով՝ «Դպրեվանքը մարդ կը պատրաստէ, բայց ո՛չ սովորական մարդ։ Դպրեվանքի պատրաստած մարդը գլխագիր մարդն է. այսինքն տիպար հոգեւորականը եւ ճշմարիտ ազգային գործիչը» (Արամ Ա. Կթղ.)։
Դպրեվանքը առանձին աշխարհ մըն է, որուն մէջ հայ ժողովուրդի հզօրացման ի խնդիր նուիրեալներ կը պատրաստուին։ Ուստի՝ ան մարդակերտումի եւ հայակերտումի օճախ է, եւ ո՛չ թէ սովորական դպրոց մը։
Հոն աշակերտին միայն ուսում չի ջամբուիր, այլեւ՝ ուսման կողքին՝ նաեւ հայկական ոգի, ազգային նկարագիր ու ճշմարիտ հաւատքի զօրութիւն։
Դպրեվանքը միշտ յիշեցնողն է, թէ ինք պատրաստ է նուիրեալ ու ծառայող երիտասարդներ պատարաստելու, որպէսզի անոնք ժողովուրդին հետ ու ժողովուրդին համար տագնապին։ Զարեհ Ա. Կաթողիկոս կ՚ըսէր. »Սիրեցէք հայ ժողովուրդը իր բոլոր ալեկոծութիւններով ու իր բոլոր տարակարծութիւններով»։ Ա՛յս է սիրելիներ՝ դպրեվանեցիին կեանքը լեցնող առօրեայ մտածումը։ Այսպէս էր նաեւ անցեալին։
Հայ գիրի ստեղծման առաջին օրերէն, մեր դպրեվանքները եղան՝ Ա. Բ. Գ.ի դպրոց, Սիւնեաց ու Տաթեւու պայծառ դպրանոց, Գլաձորի շքեղ համալսարան, ուր մեզի նման անոնք ալ, իրենց կարգին, ուխտեցին ամէն բան մոռնալ ու անձնուիրութեամբ ծառայել, ի խնդիր հայ ժողովուրդին ու հայ արժէքին։
Մենք՝ դպրեվանեցիներս, ժողովուրդէն դպրեվանք կու գանք, որպէսզի լիցքաւորուինք իմացական, հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներով։ Աւարտելէ ետք դպրեվանքի ուսումնական ծրագիրը, մեզմէ կը սպասուի, որ կամաւորաբար եւ կատարեալ գիտակցութեամբ ծառայենք Հայ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին։
Դպրեվանքը այսօր կ՚ընդունի այն պատանին, որ ապագային տարբեր մարզերու մէջ պիտի ծառայէ իր եկեղեցւոյ ու ազգին։ Ան կոչուած է հայ պատանին լիցքաւորելու եկեղեցական ու ազգային առողջ շունչով։
Կրօնական առաքելութեան կողքին, Դպրեվանքը ամբողջութեամբ մասնակից է ազգային կեանքէն ներս տեղի ունեցող բոլոր հոլովոյթներուն եւ, բանիւ ու գործով, զօրակից է ու աջակից ազգային պահանջատիրութեան բոլոր ճիգերուն եւ հայապահպանման ու հայրենաշինութեան համայնական երթին։
Ահաւասիկ կը տեսնենք, թէ ինչպիսի պատասխանատու առաքեալներ պատրաստող կաճառ մըն է Դպրեվանքը։ Ան ո՛չ լիճ եւ ոչ ալ կղզի մըն է, այլ՝ հանրածանօթ սրբավայր մը։ Ան Սփիւռքի հոգին է եւ Կաթողիկոսութեան սրտին մայր երակը։
Դպրեվանքին առանցքը կը կազմեն կուսակրօն սարկաւագները, որոնք պարզ նիւթերու եւ գիտութեան կողքին կը հմտանան աստուածաբանական, փիլիսոփայական, մեկնողական եւ հայագիտական նիւթերու մէջ։ Եւ անոնցմով զինուած՝ կը լծուին առաքելութեան ու ծառայութեան։
Վերջապէս, Դպրեվանքը մեր ազգին հարազատ տունն է։
Եւ զայն լաւագոյնս ճանչնալու եւ գիտնալու համար, հարկ է, որ այցելէք Դպրեվանք։ Որովհետեւ որքանով փորձենք խօսիլ Դպրեվանքին եւ անոր առաքելութեան մասին, պիտի չկարողանանք ամբողջական եւ կատարեալ կերպով պատկերել զայն ձեր աչքերուն առջեւ։ Արդ, այցելեցէ՛ք եւ տեսէք, թէ որքանով գործունեայ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը։
Ինչպէս նաեւ կոչ կ՚ուղղենք բոլոր անոնց, որոնք կոչումը կը զգան կամ կը մղուին յիշեալ առաքելութեան ճամբով ծառայելու մեր ազգին եւ եկեղեցւոյ, եւ կ՚ըսէնք՝ «յաճախեցէք Դպրեվանք, ուր պիտի ուռճանաք, թրծուիք ու հարստանաք հայկական, ազգային, եկեղեցական ու հոգեւոր արժէքներով, գանձերով եւ նոր ոգիով ու շունչով այլափոխուած ու վերակենդանացած՝ պիտի նետուիք ծառայական ասպարէզ»։
Խօսքս կ՚ուզեմ աւարտել բանաստեղծին բառերով, որ գեղեցկօրէն կը պատշաճի Դպրեվանքին՝«Տաճար հրաշագործ, վսեմ ձուլարան, ուր կապարն ոսկի եւ նիւթն հոգի կը դառնան»։