ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

­Հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան մէջ տաս­նին­նե­րորդ դա­րու երկ­րորդ կէ­սը այն­պի­սի ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին շրջան էր, երբ մեր պատ­մա­կան ան­ցեա­լի յի­շո­ղու­թիւ­նը հա­սա­րա­կա­կան հրա­տապ խնդիր­նե­րու թե­լադ­րան­քով կը ներ­խու­ժէր այդ ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւած` դառ­նա­լով ազ­գա­յին ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեան եւ ինք­նադր­սե­ւոր­ման մի­ջոց:
Այդ շրջա­նին ­Ծե­րենցն ու ­Րաֆ­ֆին, ո­րոշ ժա­մա­նակ անց` նաե՛ւ ­Մու­րա­ցա­նը, ոչ միայն ստեղ­ծե­ցին, այլ բարձր մա­կար­դա­կի հաս­ցու­ցին մեր դա­սա­կան պատ­մա­վի­պա­սա­նու­թիւ­նը:
­Րաֆ­ֆի կը վկա­յէ, որ մեր նոր շրջա­նի գրա­կա­նու­թեան մէջ Ա­բո­վեա­նի «­Վէրք ­Հա­յաս­տա­նի»ն հ­րաբ­խա­յին զօ­րու­թեամբ ա­ռա­ջին ժայթ­քումն էր, որ ռուս-պարս­կա­կան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին մեր ժո­ղո­վուր­դին մղած ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ար­տա­ցո­լու­մը դրսե­ւո­րեց:
Իսկ յի­սուն տա­րի անց ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մով մեր ազ­գա­յին հայ­րե­նա­սի­րա­կան պոռթ­կու­մը կեան­քի պի­տի կո­չէր ­Ծե­րեն­ցի ու ­Րաֆ­ֆիի դա­սա­կան պատ­մա­վէպ­նե­րը:
­Ծե­րենց կա­րե­ւոր եւ նշա­նա­կա­լի մեծ դեր ու­նե­ցաւ տաս­նին­նե­րորդ դա­րու երկ­րորդ կի­սու ոչ միայն գրա­կան, այ­լեւ հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին մէջ: 1870ա­կան­նե­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան, ան ար­ձա­գան­գեց ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րա­կան կեան­քին` գրե­լով իր ե­րեք նշա­նա­ւոր պատ­մա­վէ­պե­րը.- «­Թո­րոս ­Լե­ւո­նի», «Եր­կունք Թ. դա­րու» եւ «­Թէո­դո­րոս Ռշ­տու­նի»:
Ազ­գա­յին գոր­ծու­նէու­թեան ամ­բող­ջա­կան ծրա­գիր մը կը դնէ ­Ծե­րենց մեր դի­մաց` իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ: Իր գոր­ծե­րուն ընդ­մէ­ջէն կը շօ­շա­փէ մեր ժո­ղո­վուր­դի գո­յու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն հար­ցադ­րում­նե­րը` ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի, ազ­գա­յին բնա­ւո­րու­թեան, ժո­ղո­վուր­դի եւ ան­հա­տի փոխ-յա­րա­բե­րու­թեան, ազ­գա­յին եւ անձ­նա­կան ներ­քին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան վե­րա­բե­րեալ: Ան ան­ցեա­լի փոր­ձով կը ձգտի ոչ միայն ի­մաս­տա­ւո­րե­լու ներ­կան, այլ նաեւ՝ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լու ա­պա­գան:
­Ծե­րենց (­Յով­սէփ ­Շիշ­մա­նեան) ծնած է 1822 թո­ւա­կա­նի ­Սեպ­տեմ­բե­րի 16ին, Կ. ­Պո­լիս: Ե­րեք տա­րե­կա­նին կը կորսնց­նէ մայ­րը, իսկ տասն­մէկ տա­րե­կա­նին` հայ­րը: ­Տա­րի մը Կ. ­Պոլ­սոյ ­Մի­ջա­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նը յա­ճա­խե­լէ ետք, 1831ին կը ղրկո­ւի ­Վե­նե­տի­կի Մ­խի­թա­րեան­նե­րուն քով ու­սա­նե­լու: 1837ին կը վե­րա­դառ­նայ ­Պո­լիս եւ, ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու ան­յա­ջող փոր­ձե­րէ ետք, դե­ղա­գոր­ծի մը քով չնչին վար­ձատ­րու­թեամբ կ­՛ըն­դու­նո­ւի իբ­րեւ ա­շա­կերտ:
­Ծե­րեն­ցի ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կը հա­մընկ­նի ա­րեւմ­տա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ծա­ւա­լող ազ­գա­յին զար­թօն­քի բուռն ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն: Աշ­խար­հա­բա­րը վերջ­նա­կա­նա­պէս կը հաս­տա­տէ իր գո­յու­թիւնն ու զար­գաց­ման ի­րա­ւուն­քը: ­Մեծ թա­փով կը զար­գա­նան մա­մու­լը, թատ­րոնն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը: ­Հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի մէջ կը ձե­ւա­ւո­րո­ւին յա­ռաջ­դի­մա­կան եւ յե­տա­դի­մա­կան դիր­քո­րո­շում­ներ: Ե­րի­տա­սար­դա­կան խան­դա­վա­ռու­թեամբ, ­Ծե­րենց կ­՛ընդգր­կո­ւի յա­ռա­ջա­դէմ ե­րի­տա­սար­դու­թեան կող­մէ ծա­ւա­լո­ւող հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թեան մէջ: Կ­՛ան­դա­մակ­ցի եւ գոր­ծու­նեայ մաս­նակ­ցու­թիւն կ­՛ու­նե­նայ 1846ին Մ. ­Պէ­շիկ­թաշ­լեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ հիմ­նադ­րո­ւած «­Հա­մազ­գեաց Ըն­կե­րու­թեան» աշ­խա­տանք­նե­րուն: Ան Կ. ­Պոլ­սոյ ­Մի­ջա­գիւ­ղի ­Լու­սա­ւոր­չեաց վար­ժա­րա­նի ու­սու­ցիչն էր: Այդ տա­րի­նե­րուն ա­կա­նա­տես կը դառ­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դի ծանր կա­ցու­թեան եւ կե­ղե­քում­նե­րուն: 1843 թո­ւա­կա­նին ճամ­բոր­դու­թիւն մը կը կա­տա­րէ ­Պո­լի­սէն դէ­պի ­Թիֆ­լիս: Անց­նե­լով Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նէն` ան մեծ յուզ­մուն­քով եւ տրտմու­թեամբ կ­՛անց­նի պատ­մա­կան ան­ցեա­լի յու­շե­րը արթնց­նող վան­քե­րուն եւ ա­ւե­րակ­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն: ­Կը տես­նէ տնտե­սա­պէս յե­տամ­նաց, նոյ­նիսկ կարգ մը վայ­րե­րու մէջ իր մայ­րե­նի լե­զուն եւ դա­ւա­նան­քը կորսն­ցու­ցած հայ մար­դիկ, թուրք գայ­մա­գամ­նե­րու, հայ վաշ­խա­ռու­նե­րու եւ ա­մի­րա­նե­րու հար­կե­րուն տակ ճզմո­ւած հո­ղա­զուրկ գիւ­ղա­ցի­ներ:
­Հե­տա­գա­յին, երբ հարց կու տան ­Ծե­րեն­ցի, թէ ի՛նչ նպա­տակ կը հե­տապն­դէր իր այդ ճամ­բոր­դու­թիւ­նը, ան կը պա­տաս­խա­նէ.- «Կ­՛ու­զէի ի­մա­նալ, թէ ի՛նչ կը նշա­նա­կէ ­Հա­յաս­տան»:
«­Հա­յաս­տան` կը նշա­նա­կէ շատ խեղճ եր­կիր»,- ա­հա՛ իր եզ­րա­կա­ցու­թիւ­նը:
1848 թո­ւա­կա­նի սկիզ­բը բժշկու­թիւն ու­սա­նե­լու հա­մար ­Ծե­րենց կը մեկ­նի ­Փա­րիզ: ­Մու­րատ ­Ռա­փա­յէ­լեան վար­ժա­րա­նի մէջ դա­սա­տու կը նշա­նա­կո­ւի, միա­ժա­մա­նակ կը յա­ճա­խէ բժշկա­կան հա­մալ­սա­րան: Ան որ­պէս իր ժո­ղո­վուր­դի քա­ղա­քա­կան վի­ճա­կին հա­սու քա­ղա­քա­ցի` հա­մակ­րան­քով կը վե­րա­բե­րի ա­ւա­տա­տի­րա­կան բռնու­թեան դէմ ծա­ւա­լած ժո­ղովր­դա­կան շար­ժում­նե­րուն: Ան կը հա­ւա­տայ, որ ան­հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը կա­րե­լի է վերց­նել միայն մար­դու բա­րո­յա­կան վե­րա­փոխ­մամբ, եւ մար­դոց ար­ժա­նա­ւոր դաս­տիա­րա­կու­թիւն տա­լու մի­ջո­ցով միայն կա­րե­լի է վերց­նել խառ­նա­կու­թիւն­ներն ու եղ­բայ­րաս­պան կո­տո­րած­նե­րը: Ար­ժա­նա­ւոր դաս­տիա­րա­կու­թիւն տա­լու նպա­տա­կով՝ ­Փա­րի­զի մէջ, ­Ծե­րեն­ցի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կը կազ­մա­կեր­պո­ւի «Ա­րա­րա­տեան Ըն­կե­րու­թիւն»ը, ո­րուն նպա­տակն էր հա­մախմ­բել ոչ միայն լու­սա­ւոր­չա­կան, կա­թո­լիկ եւ բո­ղո­քա­կան հա­յե­րը, այ­լեւ առ­հա­սա­րակ` ա­րեւմ­տա­հայ եւ ա­րե­ւե­լա­հայ ժո­ղո­վուր­դը: Ըն­կե­րու­թեան ան­դամ­նե­րուն կ­՛ա­ռա­ջար­կէ ա­մէն տեղ դպրոց­ներ եւ հրա­տա­րակ­չա­կան մար­մին­ներ հիմ­նել, մշա­կել դաս­տիա­րա­կու­թեան, գի­տու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման նա­խա­գիծ: Ազ­գու­թեան գա­ղա­փա­րը ջա­նա­լով զար­գաց­նել` ­Ծե­րենց կ­՛ը­սէ.- «Ազ­գի մը սիր­տը միայն կը զգայ ազգ բա­ռին նշա­նա­կու­թիւ­նը, ա­նոր միտ­քը կրնայ միայն ու­նե­նալ ազ­նո­ւա­կան եւ վսեմ գա­ղա­փար­ներ, եւ միայն ին­քը յանձն կ­՛առ­նէ հայ­րե­նեաց հա­մար յօ­ժա­րու­թեամբ զրկանք­ներ կրել» («Ար­շա­լոյս Ա­րա­րա­տեան»,1850, թիւ 366 թիւ 2):
Այս գա­ղա­փար­նե­րով հա­մա­կո­ւած` ­Ծե­րենց 1853 թո­ւա­կա­նի ­Փետ­րո­ւա­րին կը վե­րա­դառ­նայ ­Պո­լիս: ­Ճամ­բուն վրայ կ­՛անց­նի ­Մի­լա­նօ քա­ղա­քէն, ուր ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը զինք թիւ­րի­մա­ցա­բար կը ձեր­բա­կա­լէ` ար­տաք­նա­պէս նմա­նեց­նե­լով ի­տա­լա­կան ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ղե­կա­վա­րին: Իսկ ­Պոլ­սոյ մէջ բա­խում­ներ կ­՛ու­նե­նայ կա­թո­լիկ հա­մայն­քի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ: Ան կրօ­նա­կան պե­տե­րուն ազ­գա­յին միաս­նու­թեան կոչ կ­՛ուղ­ղէ` նկա­տել տա­լով, որ ի­րենց թշո­ւա­ռու­թեան պատ­ճա­ռը տգի­տու­թիւնն է: Եւ` «ով որ ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թեան հա­մար կ­՛աշ­խա­տի, փրկու­թեան հա­մար կ­՛աշ­խա­տի, իսկ ով որ ուս­ման ծա­ւալ­ման հա­մար կ­՛աշ­խա­տի, աղ­քա­տու­թե­նէ ու գե­րու­թե­նէ ա­զա­տե­լու հա­մար կ­՛աշ­խա­տի»:
­Ծե­րենց հա­մա­կո­ւած էր հայ ժո­ղո­վուր­դի տնտե­սա­կան կեան­քի կազ­մա­կերպ­ման գոր­ծով` միա­ժա­մա­նակ փոր­ձե­լով կա­պի մէջ մնալ ­Պոլ­սոյ հա­րուստ­նե­րուն հետ:
­Մի­քա­յէլ ­Նալ­պան­տեա­նի գրած «Երկ­րա­գոր­ծու­թիւնն որ­պէս ու­ղիղ ճա­նա­պարհ» աշ­խա­տու­թիւ­նը օգ­նու­թեան կու գայ ­Ծե­րեն­ցին` ժո­ղո­վուր­դի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ա­նոր կեն­սա­կան տնտե­սա­կան խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու հար­ցին մէջ: ­Նաեւ ­Յա­րու­թիւն Ս­վա­ճեան շարք մը յօ­դո­ւած­ներ կը նո­ւի­րէ այդ հար­ցին` պաշտ­պա­նե­լով ­Նալ­պան­տեա­նի հա­մա­պա­տաս­խան մտքե­րը:
1862 թո­ւա­կա­նի ամ­րան կը բռնկի զէյ­թուն­ցի­նե­րուն ապս­տամ­բու­թիւ­նը: Ապս­տամ­բու­թեան նա­խօ­րեա­կին, «­Բա­րե­գոր­ծա­կան Ըն­կե­րու­թեան» յանձ­նա­րա­րու­թեամբ, ­Ծե­րենց կը մեկ­նի ­Կի­լի­կիա: Ան բա­ւա­կան մօ­տէն ի­րա­զեկ կը դառ­նայ լեռն­ցի­նե­րու ապս­տամ­բու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն: ­Մե­զի տա­կա­ւին յայտ­նի չէ, թէ ­Կի­լի­կիոյ մէջ ե­ղած ժա­մա­նակ ­Ծե­րենց ի՛նչ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լած է, միայն յայտ­նի է, որ ապս­տամ­բու­թիւ­նը սկսե­լուն պէս ­Ծե­րենց կը հե­ռա­նայ ­Կի­լի­կիա­յէն` կա­ռա­վա­րու­թեան պա­հան­ջով:
­Ծե­րենց ան­ձամբ ծա­նօթ ե­ղած է ­Մի­քա­յէլ ­Նալ­պան­տեա­նին:
­Հե­տա­գա­յին պե­տա­կան ոս­տի­կա­նու­թեան մէջ կը վա­րէ բժիշ­կի պաշ­տօն, ետ­քը աշ­խա­տան­քէն կը հե­ռա­ցո­ւի` կաս­կա­ծի տակ առ­նո­ւե­լով պե­տու­թեան կող­մէ, ա­պա՝ Գ­րի­գոր Օ­տեա­նի միջ­նոր­դու­թեամբ, ­Ծե­րենց կը յա­ջո­ղի տե­ղա­ւո­րո­ւիլ ­Պոլ­սոյ հի­ւան­դա­նոց­նե­րէն մէ­կուն մէջ, ուր կ­՛աշ­խա­տի մին­չեւ 1875 թո­ւա­կա­նը:
1872 թո­ւա­կա­նին ­Ծե­րենց կը ձգէ Յ. ­Շիշ­մա­նեան մա­կա­նու­նը եւ ­Ծե­րենց ծած­կա­նու­նով կը սկսի աշ­խա­տակ­ցիլ Մ. ­Մա­մու­րեա­նի «Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­մուլ» ամ­սա­գի­րին:
1874ին, կնոջ մա­հէն ետք, ­Ծե­րենց կը մնայ իր 14ա­մեայ աղջ­կան` ­Թա­գու­հիին հետ: 1876 թ­.ին աղջկան հետ կը մեկ­նի ­Կիպ­րոս, ուր քա­նի մը ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին կը գրէ իր «­Թո­րոս ­Լե­ւո­նի» պատ­մա­վէ­պը: ­Մինչ այդ ար­դէն իսկ սկսած էր 1877-78 ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մը: ­Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի դաշ­նա­գի­րը ո­րո­շա­կի ա­զա­տու­թիւն­ներ կը նա­խա­տե­սէր ­Հայ­կա­կան ­Նա­հանգ­նե­րուն հա­մար, ­Ծե­րենց կը վե­րա­դառ­նայ ­Պո­լիս, ա­պա ­Թիֆ­լիս, ուր բնա­կու­թիւն կը հաս­տա­տէ:
Ա­րե­ւե­լա­հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը ջեր­մօ­րէն կ­՛ըն­դու­նի ­Ծե­րեն­ցը: ­Թիֆ­լի­սի ­Ներ­սի­սեան վար­ժա­րա­նին մէջ ան կը դա­սա­ւան­դէ հա­յոց պատ­մու­թիւն, գրա­կա­նու­թիւն եւ ֆրան­սե­րէն: ­Շա­րու­նա­կե­լով ստեղ­ծա­գոր­ծել` ­Թիֆ­լի­սի մէջ կը գրէ «Եր­կունք Թ. դա­րու» (1879) եւ «­Թէո­դո­րոս Ռշ­տու­նի» (1881) պատ­մա­վէպ­նե­րը:
­Ծե­րենց, իր գրա­կան հա­սա­րա­կա­կան աշ­խա­տան­քին զու­գա­հեռ, ծա­ւա­լած է նաեւ հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն: ­Յա­րու­թիւն Ս­վա­ճեա­նի «­Մե­ղու», ­Մատ­թէոս ­Մա­մու­րեա­նի «Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­մուլ», ինչ­պէս նաեւ «­Սիոն» եւ «­Փորձ» թեր­թե­րուն մէջ լոյս տե­սած իր յօ­դո­ւած­ներն ու թղթակ­ցու­թիւն­նե­րը կը վկա­յեն այդ մա­սին, ո­րոնք լոյս տե­սած են իր «Հ­րա­տա­րա­կու­թեանց հա­ւաք­մունք» ժո­ղո­վա­ծո­ւին մէջ:
­Ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րու վկա­յու­թեամբ, ­Ծե­րենց ե­ղած է փխրուն բնա­ւո­րու­թեան տէր անձ­նա­ւո­րու­թիւն, չա­փա­զանց ա­րագ եւ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն ար­ձա­գան­գած է ազ­գա­յին կեան­քի ե­րե­ւոյթ­նե­րուն:
1880 թո­ւա­կա­նին, երբ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի մէջ սով ու հի­ւան­դու­թիւն տա­րա­ծո­ւած էր, ­Ծե­րենց կը մեկ­նի ­Վան, Ա­լաշ­կերտ, ­Բա­սէն: ­Վա­նի մէջ Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կի հետ կը ծա­ւա­լէ աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն: Ա­նոնք կ­՛ա­ռա­ջար­կեն ­Կար­նոյ մէջ ու­սում­նա­րան մը բա­նալ: ­Ծե­րեն­ցի կար­ծի­քով՝ նախ­քան զէն­քի դի­մե­լը, անհ­րա­ժեշտ էր ի­մա­ցա­կա­նու­թեամբ զի­նել ա­րեւմտա­հայ ան­զէն բնակ­չու­թիւ­նը, որ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ըն­դու­նակ դառ­նայ:
1883 թո­ւա­կա­նին ­Ծե­րենց կը մեկ­նի ­Պո­լիս, ա­պա ­Փա­րիզ եւ կրկին ­Պո­լիս: Ան իր գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կ­՛ու­նե­նայ Խ­րի­մեա­նի կա­թո­ղի­կո­սու­թեան թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջար­կո­ւե­լուն մէջ:
1885 թո­ւա­կա­նին ­Ծե­րեն­ցի դուստ­րը` ­Թա­գու­հին կը մա­հա­նայ: ­Հո­գե­կան ցնցու­մի պատ­ճա­ռով ո­րոշ ժա­մա­նակ անց ­Ծե­րենց կա­թո­ւած կը ստա­նայ: Այդ վի­ճա­կին մէջ եւս գրի կ­՛առ­նէ ինք­նա­կեն­սագ­րա­կան նշմար­ներ:
­Ծե­րենց կը մա­հա­նայ 1888 թո­ւա­կա­նի ­Փետ­րո­ւար 17ին, կը թա­ղո­ւի ­Խո­ջի­վան­քի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը:
Ան մեծ յար­գանք կը վա­յե­լէ թէ՛ ա­րեւմ­տա­հայ, թէ՛ ա­րե­ւե­լա­հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու մօտ:
­Թու­մա­նեան, որ ­Թիֆ­լի­սի ­Ներ­սի­սեան վար­ժա­րա­նին մէջ լսած էր ­Ծե­րեն­ցի հա­յոց պատ­մու­թեան դա­սե­րը, կար­դա­ցեր` ա­նոր պատ­մա­վէպ­նե­րը, ­Ծե­րեն­ցի մա­հո­ւան 25ա­մեա­կին ար­տա­սա­նած իր խօս­քին մէջ կ­՛ը­սէ` «­Ծե­րեն­ցը ե­ղաւ մեր նոր պատ­մա­կան վի­պագ­րու­թեան հիմ­նա­դի­րը». ան՝ վեր­յի­շե­լով իր ու­սու­ցի­չին բարձր ար­ժա­նիք­նե­րը` կը շեշ­տէր. «Չ­գի­տենք` նրա ա­զա­տա­սէր ո­գո՞ւ վրայ հիա­նանք, նրա վառ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան ու ժո­ղովր­դա­սի­րու­թեա՞ն վրայ զար­մա­նանք, նրա հո­գու ազ­նո­ւու­թեան մաք­րու­թեա՞ն վրայ ու­րա­խա­նանք, թէ՞ սրտի քնքշու­թեան ու ճա­շա­կի նրբու­թեան վրայ»:
­Ծե­րենց «­Թո­րոս ­Լե­ւո­նի», «Եր­կունք Թ. դա­րու» եւ «­Թէո­դո­րոս Ռշ­տու­նի» ե­րեք պատ­մա­վէպ­նե­րու հե­ղի­նակ է, զորս գրած եւ հրա­տա­րա­կած է 1877-1881 թո­ւա­կան­նե­րու ըն­թաց­քին:
Ա­ռա­ջի­նը` «­Թո­րոս ­Լե­ւո­նի», որ կը նկա­րագ­րէ ­Կի­լի­կիոյ պե­տա­կան ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգն­ման հա­մար 12րդ ­դա­րու կէ­սե­րուն ծա­ւա­լած պայ­քա­րը. ­Բիւ­զան­դիոն գե­րի կ­՛առ­նէ ­Լե­ւոնն ու ա­նոր եր­կու որ­դի­նե­րը` ­Ռու­բէն եւ ­Թո­րոս: ­Թո­րո­սի ար­կա­ծա­լից փա­խուս­տը եւ ­Կի­լի­կիոյ մէջ ա­նոր մղած հե­րո­սա­կան կռիւ­նե­րը` վե­րագ­րա­ւե­լու հայ­րե­նի բեր­դերն ու իշ­խա­նու­թիւ­նը: Այս վէ­պին մէջ ի­գա­կան սէ­րը եւս իր բա­ժի­նը կը բե­րէ իբ­րեւ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի մաս­նա­կից:
Երկ­րոր­դը` «Եր­կունք Թ. դա­րու» վէպն է, 9րդ ­դա­րու կէ­սե­րուն ա­րա­բա­կան խա­լի­ֆա­յու­թեան դէմ հե­րո­սա­կան ընդվզ­ման պատ­կե­րու­մը կը նկա­րագ­րէ, ­Բագ­րա­տու­նեաց իշ­խա­նու­թեան շրջա­նին, ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար եր­կուն­քի շրջան մըն է: Ն­կա­րագ­րո­ւած է ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ստեղ­ծած մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը: ­Վէ­պին գլխա­ւոր հե­րոսն է ­Յով­նան ­Սա­սուն­ցին, որ կը պայ­քա­րի նա­խա­րար­նե­րու ան­միա­բա­նու­թեան եւ բռնա­կալ­նե­րու տի­րա­պե­տու­թեան դէմ:
Եր­րոր­դը՝ «­Թէո­դո­րոս Ռշ­տու­նին», կ­՛ար­տա­ցո­լաց­նէ 7րդ ­դա­րուն ա­րաբ­նե­րու ներ­խու­ժու­մը ­Հա­յաս­տան, եւ մեր ժո­ղո­վուր­դին օր­հա­սա­կան պայ­քա­րը` ա­նոնց դէմ: Թ. Ռշ­տու­նի կ­՛աշ­խա­տի ներ­քին միա­բա­նու­թիւն ստեղ­ծել, նաեւ ձեռք բե­րել ­Բիւ­զան­դիո­նի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը: Դժ­բախ­տա­բար ա­նոր ջան­քե­րը ա­պար­դիւն կը մնան, կը տա­րագ­րո­ւի ա­րաբ­նե­րու կող­մէ դէ­պի օ­տար եր­կիր եւ կը մեռ­նի` հայ­րե­նի­քը ե­րա­զե­լով: ­Ծե­րենց կը դա­տա­պար­տէ հայ նա­խա­րար­նե­րուն ան­միա­բա­նու­թիւ­նը, ­Թէո­դո­րոս կը ձգտի կեդ­րո­նա­ձիգ իշ­խա­նու­թիւն մը հիմ­նել` եր­կի­րը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար:
Այս ե­րեք պատ­մա­վէպ­նե­րուն, ան­կախ ժա­մա­նա­կագ­րա­կան յա­ջոր­դա­կա­նու­թե­նէն, գա­ղա­փա­րա­կան միաս­նու­թիւ­նը կ­՛ա­պա­հո­վո­ւի հե­ղի­նա­կին կող­մէ, 7-12րդ ­դա­րե­րու այն ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու ընտ­րու­թեամբ ու պատ­կեր­մամբ, երբ հայ ժո­ղո­վուր­դը ոտ­քի կանգ­նած էր իր պա­տիւն ու ա­զա­տու­թիւ­նը պաշտ­պա­նե­լու ու վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար:
­Ծե­րեն­ցի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րէն դուրս են պատ­մու­թեան խա­ղաղ ժա­մա­նակ­նե­րու պատ­կե­րու­մը: «Եր­կունք Թ. դա­րու» վէ­պին մէջ ­Ծե­րենց, իր ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նաց­նե­լով 9րդ ­դա­րու երկ­րորդ կէ­սին ծա­ւա­լած պայ­քա­րին վրայ, բնաւ չ­՛անդ­րա­դառ­նար այդ պայ­քա­րին շնոր­հիւ քիչ անց ­Բագ­րա­տու­նեաց թա­գա­ւո­րու­թեան հաս­տատ­ման:
«­Թո­րոս ­Լե­ւո­նի» վէ­պին մէջ եւս ան իր ու­շադ­րու­թիւնն ու կեդ­րո­նա­ցու­մը ընդ­հա­տո­ւած թա­գա­ւո­րու­թեան վե­րա­կանգն­ման փո­թոր­կա­լի ժա­մա­նա­կին վրայ կը բե­ւե­ռէ: ­Լե­ւոն Երկ­րոր­դի շնոր­հիւ քիչ անց, ­Կի­լի­կիոյ հայ­կա­կան թա­գա­ւո­րու­թեան հաս­տա­տու­մը եւ բա­րե­կե­ցիկ կեան­քի պատ­կե­րու­մը հե­ղի­նա­կին ու­շադ­րու­թե­նէն կը վրի­պին: Ան գի­տակ­ցօ­րէն միայն կ­՛ընտ­րէ պատ­մու­թեան այն շրջան­նե­րը, երբ թշնա­մի­նե­րուն դէմ ոտ­քի կանգ­նե­լով` հայ ժո­ղո­վուր­դը կը բա­ցա­յայ­տէ իր ազ­գա­յին բնա­ւո­րու­թեան ա­զա­տա­սի­րու­թեան եւ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան ա­մե­նա­նո­ւի­րա­կան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը:
­Ծե­րենց իր վէ­պե­րով իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րուն գե­ղա­րո­ւես­տօ­րէն կը յու­շէ, որ ա­նե­լա­նե­լի ի­րա­վի­ճակ­ներ չկան, որ ազ­գը ան­ցեալ սե­րունդ­նե­րու փոր­ձա­ռու­թե­նէն մեկ­նած` պէտք չէ հաշ­տո­ւի ա­նարգ լու­ծին հետ, պէտք է իր մէջ ուժ եւ կո­րով գտնէ զայն թօ­թա­փե­լու հա­մար:
­Ճիշդ ժա­մա­նա­կին գրո­ւած եւ հրա­տա­րա­կո­ւած են «Եր­կունք Թ. դա­րու» եւ «­Թէո­դո­րոս Ռշ­տու­նի» պատ­մա­վէպ­նե­րը:
­Ծե­րենց տագ­նա­պով կը գի­տակ­ցէր ազ­գա­յին բնաջնջ­ման այն ա­հար­կու վտան­գին, որ սու­րի նման կա­խո­ւած էր ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան գլխուն վրայ: Ան կը գի­տակ­ցէր, որ ա­զա­տու­թիւ­նը եր­բեք չի շնոր­հո­ւիր, այլ կը նո­ւա­ճո­ւի զի­նեալ պայ­քա­րով: Իր ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նաց­նե­լով բուն ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին, մաս­նա­ւո­րա­պէս Այ­րա­րա­տի` ­Վաս­պու­րա­կա­նի, ­Տա­րօ­նի, ­Սիւ­նի­քի, ­Կա­րի­նի վրայ, ուր կը շա­րու­նա­կէր ապ­րիլ հայ ժո­ղո­վուր­դին մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը: ­Ծե­րենց կը վեր­յի­շէ 7-9 դա­րե­րուն ա­րա­բա­կան նո­ւա­ճող­նե­րուն դէմ մեր ժո­ղո­վուր­դին հե­րո­սա­կան պայ­քա­րը:
«­Թէո­դո­րոս Ռշ­տու­նի» եւ «Եր­կունք Թ. դա­րու» վէ­պե­րուն մէջ պատ­կե­րո­ւող պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ ին­կած է մօտ եր­կու դար տե­ւող ընդ­հա­տում­նե­րով ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը, գրո­ւած` գա­ղա­փա­րա­կան նոյն ե­լա­կէ­տով: Ա­զա­տագ­րա­կան ան­զի­ջում պայ­քար, ո­րուն գրա­ւա­կանն է հա­մա­ժո­ղովր­դայ­նու­թիւ­նը: ­Թէեւ հե­րոս­նե­րը տար­բեր են, բայց ի­րենց ծա­գու­մով ի­րենց առ­ջեւ ծա­ռա­ցած ցա­ւե­րու լուծ­ման հա­մար յա­րա­տե­ւող ձգտում­նե­րով հա­սա­րա­կա­կան նոյն ու­ժե­րու շա­ռա­ւիղ­ներն են:
­Ծե­րենց մե­զի հրամ­ցու­ցած է ­Զար­թօն­քի շրջա­նի պատ­մա­կան վէ­պե­րու ա­ռա­ջին յա­ջող գոր­ծե­րը: Ան գե­ղա­րո­ւես­տա­գէտ պատ­մա­վի­պա­գիր է:
­Վէ­պե­րը մեծ մա­սամբ գրո­ւած են գրա­բա­րա­խառն լե­զո­ւով:
­Ծե­րեն­ցի հե­րոս­նե­րը ի­րենց շար­ժում­նե­րով պարզ եւ բնա­կան ո­ճով, գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու յա­ջոր­դա­կա­նու­թեամբ, հե­տաքրք­րա­կան եւ կեն­դա­նի կը դարձ­նեն վէ­պը: Ան իր հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը կը քա­րո­զէ ապ­րող տի­պար­նե­րու օ­րի­նա­կով, ոչ թէ` ճա­ռե­րով: ­Պատ­մու­թիւ­նը կ­՛օգ­տա­գոր­ծէ դաս­տիա­րա­կե­լու հա­մար հա­յու­թիւ­նը` մէկ կող­մէ մեր նախ­նի­նե­րուն հե­րո­սա­կան ո­գին դրո­ւա­տե­լով, միւս կող­մէ` մատ­նան­շե­լով ա­նոնց ան­միա­բա­նու­թե­նէն ծա­գած սխալ­նե­րը:
­Հե­րո­սա­կան եւ սի­րա­յին գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մի­ջա­դէ­պեր կը ստեղ­ծէ` զարկ տա­լով իր ե­րե­ւա­կա­յու­թեան: ­Ծե­րեն­ցի վէ­պե­րը ո­րոշ չա­փով ազ­դո­ւած են ռո­ման­թիզ­մէն: Իր հե­րոս­նե­րուն մէջ ակ­նա­ռու են չա­փա­զան­ցու­թիւն­նե­րը, մա­նա­ւանդ` ա­նոնց հայ­րե­նա­սի­րու­թիւնն ու քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը:
­Հե­րոս­նե­րը գրե­թէ ու­նին նոյն լե­զո­ւաո­ճը, ռա­միկ թէ իշ­խա­նա­կան:
­Հա­կա­ռակ իր կարգ մը գրա­կան թե­րու­թիւն­նե­րուն` ­Ծե­րենց մեծ տեղ կը գրա­ւէ մեր գրա­կա­նու­թեան մէջ, քա­նի որ ա­ռա­ջին հե­ղի­նակն էր ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ, որ գե­ղա­րո­ւես­տօ­րէն մօ­տե­ցած է վէ­պի գա­ղա­փա­րին:
——————-
Օգ­տա­գոր­ծո­ւած աղ­բիւր­ներ՝

«­Հայ նոր գրա­կա­նու­թեան պատ­մու­թիւն», 1964, հա­տոր 3րդ, Ե­րե­ւան:
«­Հայ դա­սա­կան­նե­րի գրա­դա­րան», ­Ծե­րենց, «Եր­կեր», 1985, Ե­րե­ւան: