Խ­րո­ւա­թիոյ Սփ­լիթ քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ծան­րա­մար­տի Եւ­րո­պա­յի ա­ռաջ­նու­թեան 105 քի­լօ քա­շա­յին կար­գով Եւ­րո­պա­յի ա­խո­յեան դար­ձաւ Սի­մոն Մար­տի­րո­սեան: Հայ ծան­րոր­դը գրան­ցեց 414 քի­լօ ընդ­հա­նուր ար­դիւնք (184+230):
Սի­մոն Մար­տի­րո­սեան մին­չեւ 105 քի­լօ քա­շա­յին կար­գով 2016 թո­ւա­կա­նի Ա­մա­ռա­յին Ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րու փոխ-ա­խո­յեան էր, պա­տա­նե­կան Ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րու ա­խո­յեան: 2016ին դար­ձած էր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու աշ­խար­հի ա­ռաջ­նու­թեան ա­խո­յեան: Նոյն քա­շա­յին կար­գով Հա­յաս­տա­նի միւս ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սամ­վէլ Գաս­պա­րեան եր­կա­մար­տի 375 քի­լօ ար­դիւն­քով (165+210) գրա­ւեց 6րդ տե­ղը:
Նաեւ Ապ­րիլ 7ին, ծան­րա­մար­տի Եւ­րո­պա­յի կա­նանց ա­խո­յե­նու­թեան 75 քի­լօ ծան­րու­թեան կար­գին մէջ հան­դէս ե­կած է Սօ­նա Պօ­ղո­սեան: Պօ­ղո­սեան ար­ձա­նագ­րած է 227 քի­լօ ար­դիւնք (101+126) եւ նո­ւա­ճած է պրոն­զէ մե­տալ: Հա­յաս­տա­նին երկ­րորդ պրոն­զէ մե­տա­լը պար­գե­ւեց 90 քի­լօ քա­շա­յին կար­գէն Տա­թեւ Յա­կո­բեան։ Ան եր­կա­մար­տի 230 (105+125) քի­լօ ար­դիւն­քով նո­ւա­ճեց Եւ­րո­պա­յի ա­ռաջ­նու­թեան երկ­րորդ պրոն­զէ մե­տա­լը։ 2016ի Եւ­րո­պա­յի խմբա­յին ա­խո­յե­նու­թեան, Սօ­նա Պօ­ղո­սեան 4րդ տե­ղը գրա­ւած էր: Եւ­րո­պա­յի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ա­խո­յե­նու­թեան, Պօ­ղո­սեան Եւ­րո­պա­յի ա­խո­յեա­նու­թեան փոխ-ա­խո­յեան դար­ձած էր: