Ուրբաթ՝ 24 Օգոստոս 2018ի երեկոյեան ժամը 7։30ին, Գոմոթինիի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ համեստ ճաշկերոյթ՝ օժանդակութեամբ եւ պատրաստութեամբ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Ճաշկերոյթէն ետք, շրջանի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեանի գլխաւորութեամբ՝ ներկայ ժողովուրդը համախմբուեցաւ սրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Հայր Սուրբին հետ ծանօթացան հանդիպում, որմէ ետք Հայր Սուրբը խօսեցաւ «եկեղեցւոյ ներկայութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ» նիւթին շուրջ։
Եկեղեցւոյ դերը սոսկ ուղղութիւններ տալ, ղեկավարել, սրբագրել, քարոզախօսութիւններ կատարել, Աստուծոյ խօսքը տարածել չէ եւ պէտք չէ ըլլայ, այլ եկեղեցին պէտք է օրինակ հանդիսանայ իր մաքուր կենցաղով, ինչպէս Ս. Գիրքը կը վկայէ՝ «հաւատացեալներուդ օրինակ եղիր խօսքովդ, վարմունքովդ, սիրովդ, հաւատքովդ եւ մաքուր կենցաղովդ» (Ա. Տիմ. 4-12)։
Մօտաւորապէս 1 ժամ տեւած զեկոյցէն ետք, Հայր Սուրբը պատասխանեց ժողովուրդի հարցումներուն եւ իր խօսքը աւարտեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի բառերով՝ «Չսպասենք, որ ժողովուրդը եկեղեցի գայ, եկեղեցին ի՛նք պէտք է ժողովուրդին երթայ»։
Ծանօթացման հանդիպում Գոմոթինիի մէջ
Ծանօթացման հանդիպում Գոմոթինիի մէջ