Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Մե­զի հա­մար մեր պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն տխուր ժա­մա­նա­կը՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան օ­րերն ու դրուագ­նե­րը ներ­կա­յաց­նող ա­մե­րի­կեան ժա­պա­ւէն մը, որ կը հպա­տա­կի այդ ա­րո­ւես­տի կա­նոն­նե­րուն, կը ցու­ցադ­րո­ւի աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րու բազ­մա­թիւ սրահ­նե­րուն մէջ:
Ա­րո­ւես­տի կա­նոն­նե­րուն հե­տե­ւող ժա­պա­ւէն մը, որ սոսկ հայ­կա­կան ներ­քին սպառ­ման հա­մար չէ նկա­րա­հա­նո­ւած, կը մի­տի հաս­նիլ մի­ջազ­գա­յին հա­սա­րա­կու­թեան, ա­նոր՝ որ ա­մե­րի­կեան շար­ժան­կա­րի շու­կան է: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րո­ղու­թիւ­նը վե­րամ­տա­ծո­ւած եւ դի­տար­կո­ւած է՝ լայն հա­սա­րա­կու­թեան,- եւ մա­նա­ւանդ ոչ հայ­կա­կան,- կող­մէ ըն­դու­նե­լի, մատ­չե­լի, հասկ­նա­լի եւ հե­տաքրք­րու­թիւն ստեղ­ծե­լու կո­չո­ւած բե­մադ­րի­չի եւ նկա­րա­հա­նո­ղի աչ­քով:
Նիւ Եոր­քի Քո­ւինզ շրջա­նի եր­կու հա­րիւր ա­թոռ ու­նե­ցող սրահ­նե­րէն մէ­կուն մէջ, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7ին, չորս հո­գիով ներ­կայ ե­ղանք ԽՈՍՏՈՒՄԸ (The Promise) ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թեան: Միայն տա­սը հան­դի­սա­տես­ներ կա­յին սրա­հին մէջ: Այդ տաս­նէն զոյգ մը ա­մե­րի­կա­ցի էր, զոյգ մըն ալ՝ թուրք:
Ա­մե­րի­կեան ար­տադ­րու­թիւն եւ ոչ սահ­մա­նա­փակ մի­ջոց­նե­րով ի­րա­կա­նա­ցած ժա­պա­ւէ­նը եւ ներ­կա­նե­րու նշուած թի­ւե­րը ի հար­կէ կը մղեն մտա­ծե­լու, մեզ պէտք է մղեն մտա­ծե­լու:
Լայն հա­սա­րա­կու­թիւ­նը հե­տաքրք­րե­լու կո­չո­ւած thrillerի մը ըն­դու­նո­ւած ծի­րին մէջ, զայն յա­ջողց­նե­լու հնար­նե­րով եւ յա­ջոր­դա­կան դրո­ւագ­նե­րով հիւ­սո­ւած պա­տում մը, որ մատ­չե­լի է լայն շրջա­նակ­նե­րու եւ կը հե­տաքրք­րէ ա­մե­րի­կա­ցի, ֆրան­սա­ցի, ա­րաբ, ճա­փոն­ցի, թուրք եւ այլ հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րու հան­դի­սա­տես­նե­րը:
Կայ, ի հար­կէ, պատ­մա­կան դէպք-ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կը հե­տաքրք­րէ հա­յը, որ պայ­քա­րած է եւ կը պայ­քա­րի՝ աշ­խար­հին ծա­նօ­թաց­նե­լու իր ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծո­ւած մեծ ո­ճի­րը: Այս հա­յոց ազ­գա­յին ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թիւնն է, երբ նման ժա­պա­ւէն կը դի­տէ:
«ԽՈՍՏՈՒՄԸ» ա­մե­րի­կեան շար­ժան­կա­րա­յին ա­րո­ւես­տի կա­ղա­պա­րին մէջ եւ ո­ճով, կը բե­րէ պա­տու­մը միա­ժա­մա­նակ խոս­տու­մի, սի­րոյ, քա­ջու­թեան, մարդ­կայ­նու­թեան եւ զո­հո­ղու­թեան դրո­ւագ­նե­րու եւ պատ­կեր­նե­րու, ա­նոնց ստեղ­ծած տպա­ւո­րու­թեամբ կը դառ­նայ կեան­քը մար­դոց, ո­րոնք կը նմա­նին բո­լո­րիս՝ ի­րենց զգա­ցում­նե­րով: Նաեւ՝ պատ­մու­թեան եւ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը: Պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւ­նը, քա­րոզ­չա­կա­նէ տար­բեր ճա­նա­պար­հով, կը դառ­նայ սե­փա­կա­նու­թիւ­նը լայն զան­գո­ւած­նե­րու:
Բե­մադ­րի­չը պատ­մու­թեան կամ քա­ղա­քա­կան քա­րոզ­չու­թեան գիրք չի գրեր, նոյ­նիսկ ե­թէ այս ժա­պա­ւէ­նը այդ­պէս կը դի­մա­ւո­րենք:
ԽՈՍՏՈՒ­Մը սպա­նա­կան-ա­մե­րի­կեան ժա­պա­ւէն մըն է: Սի­րո­ղա­կան, հա­մայն­քա­յին կամ հայ­րե­նա­սի­րա­կան ար­տադ­րու­թիւն մը չէ: Ան գործն է ար­հես­տա­վար­ժի մը՝ Թէր­րի Ճոր­ճի: Ժա­պա­ւէ­նը հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցո­ւած է Թո­րոն­թո­յի շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նին, 2016ին:
Դի­պա­շա­րը գրած են Թէր­րի Ճորճ եւ Ռո­պէն Սո­ւի­քորտ: Ե­րաժշ­տա­կան ղե­կա­վարն է Կապ­րիէլ Եա­րէտ: Ժա­պա­ւէ­նի ար­տադ­րու­թիւ­նը ստանձ­նած են Է­րիք Ի­րա­յէ­լեան, Մայք Մէ­տա­վոյ, Ո­ւի­լեամ Հոր­պըրկ, Ռալֆ Ո­ւին­թըր, Տը­նիզ Օ’­Տէլ:
Լայն զան­գո­ւած­նե­րը — ոչ միայն հայ­կա­կան — հե­տաքրք­րե­լու եւ յու­զե­լու կո­չո­ւած պա­տում մը՝ դի­պա­շա­րը այդ նպա­տա­կով խմբագ­րո­ւած է, նոյ­նիսկ ե­թէ բե­մի խոր­քին պաս­տա­ռը հա­յու­թեան ապ­րած ող­բեր­գու­թիւնն է: Հա­սա­րա­կու­թիւ­նը սրահ կ’եր­թայ կեան­քի պա­տում լսե­լու եւ տես­նե­լու զբօ­սան­քի: Թի­յէ­րի Ճոր­ճի դի­պա­շա­րը եւ բե­մադ­րու­թիւ­նը այս ըմբռ­նու­մով կազ­մո­ւած են, ինչ­պէս ա­մե­րի­կեան ժա­պա­ւէն­նե­րը:
Ոչ-հայ հան­դի­սա­տե­սին հա­մար, որ իր հե­տաքրք­րու­թիւ­նը ու­նի, ԽՈՍՏՈՒՄԸ ժա­պա­ւէ­նը նախ սի­րոյ քա­ռա­գա­գաթ պատ­մու­թիւն մըն է. ա­ւան­դա­կան կար­գադ­րո­ւած ա­մուս­նա­կան խոս­տում մը, որ փա­կա­գի­ծի մէջ կը դրո­ւի, երբ Մի­քա­յէլ որ­պէս բժշկա­կան ու­սա­նող Կոս­տանդ­նու­պո­լիս կը հաս­նի Ա­ռա­ջին Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մի նա­խօ­րեա­կին, ուր կը հան­դի­պի Ան­նա­յի, ո­րուն հան­դէպ սէր կը տա­ծէ նաեւ ա­մե­րի­կա­ցի հռչա­կա­ւոր լու­սան­կա­րիչ-լրագ­րող մը: Այս ռո­ման­թիք մթնո­լոր­տի հիւ­սո­ւած­քը ընդգր­կո­ւած է պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին մէջ — պա­տե­րազմ, տե­ղա­հա­նու­թիւն, ջարդ, ա­ւեր, խժդժու­թիւն:
Դ­րա­կան տի­պար է ի հար­կէ ա­մե­րի­կա­ցի լրագ­րո­ղը, որ հե­րո­սա­բար կը հե­տապն­դէ ճշմար­տու­թեան բա­ցա­յայ­տու­մը՝ ան­սա­լով իր լրագ­րո­ղի կոչ­ման, Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցող ան­մարդ­կա­յին ա­րարք­նե­րու մա­սին:
Դ­րա­կան տի­պար է նաեւ թուրք սպան, որ հա­կա­ռակ տի­րող ազ­գայ­նա­մո­լա­կան մթնո­լոր­տին, հա­ւա­տա­րիմ է իր բա­րե­կա­մու­թիւն­նե­րուն եւ կ’օ­ժան­դա­կէ ճշմար­տու­թեան բա­ցա­յայտ­ման:
Յու­զիչ տի­պար­ներ են գլխա­ւոր դէմ­քե­րը, հե­րո­սա­ցող Մի­քա­յէ­լը եւ հա­մակ սէր ու զո­հո­ղու­թիւն Ան­նան: Եւ ի հար­կէ՝ զա­նոնք մեծց­նող պատ­մա­կան քաո­սը:
Ծա­նօթ դէմ­քեր, բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կը պատ­մեն, սի­րա­յին ապ­րում­նե­րու զու­գա­հեռ, ինչ որ ի­րա­կան եւ ամ­բող­ջա­կան կեան­քի պատ­կեր­նե­րը կը բե­րէ:
Ի­րա­պաշ­տու­թեամբ կրնանք ը­սել, որ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ա­ռա­ջին մեծ շար­ժան­կարն է ընդ­հան­րա­պէս եւ մեր պատ­մու­թեան այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը կը հասց­նէ լայն հա­սա­րա­կու­թեան:
Հայ­կա­կան քա­րոզ­չու­թեան տե­սա­կէ­տէ, ան­կա­խա­բար ժա­պա­ւէ­նի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ար­ժէ­քէն, մե­ծա­պէս կա­րե­ւոր է մաս­նա­գի­տա­կան մա­մու­լի եւ քննա­դատ­նե­րու կար­ծի­քը: Այդ կար­ծի­քը պի­տի մղէ հան­րու­թիւ­նը ՝ ժո­ղո­վուր­դը սրահ եր­թա­լու եւ տես­նե­լու ժա­պա­ւէ­նը: Այդ պէտք է ը­նեն հայ­կա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը:
Հայ­կա­կան զան­գո­ւած­նե­րը ի­րե՛նք պէտք է եր­թան տես­նե­լու ժա­պա­ւէ­նը, որ­պէս­զի դի­տող­նե­րու համ­րան­քը մեծ ըլ­լայ, եւ ան մնայ սրահ­նե­րու մէջ: Ս­րահ­նե­րու տէ­րե­րը եւ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու վա­րիչ չեն: Երբ ներ­կա­յա­ցում­նե­րը «հա­սու­թա­բեր» չըլ­լան, զան­գո­ւած չբե­րեն, կը դադ­րին ներ­կա­յաց­նե­լէ ժա­պա­ւէ­նը, կը հա­նեն ցան­կէն, եւ մեր քա­րոզ­չա­կան ակն­կա­լու­թիւ­նը չի հաս­նիր իր նպա­տա­կին:
Թե­րեւս օգ­տա­կար պի­տի ըլ­լար հայ­կա­կան կեդ­րոն­նե­րու եւ մա­մու­լին մէջ քննար­կում­ներ կա­տա­րել: Ը­սել նաեւ, որ մար­դիկ եր­թան եւ տես­նեն ժա­պա­ւէ­նը, հրա­ւի­րեն ի­րենց ըն­կեր­նե­րը, դրա­ցի­նե­րը, օ­տար բա­րե­կամ­նե­րը: Ե­թէ շատ կարճ ժա­մա­նակ ետք սրահ­նե­րու մէջ դադ­րի ժա­պա­ւէ­նին ներ­կա­յա­ցու­մը, ան պի­տի ըլ­լայ նաեւ մեր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը (ան­պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը):
Եր­գիչ­նե­րու հա­մար սրահ­ներ լեց­նե­լէ եւ տախ­տա­կա­մած դո­փե­լէ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է ԽՈՍՏՈՒՄԸ ներ­կա­յաց­նող սրահ­նե­րը լեց­նել, փո­խա­նակ տրտնջա­լու, որ լաւ քա­րոզ­չու­թիւն ը­նել չենք գի­տեր: