­Յա­ջորդ շա­բաթ ա­մե­րի­կեան շար­ժան­կա­րի թատ­րոն­նե­րուն մէջ պի­տի սկսի ցու­ցադ­րո­ւե­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին «­Խոս­տու­մը» ժա­պա­ւէ­նը, որ բա­րե­յա­ջող յաղ­թա­հա­րեց թրքա­կան լոպ­պիի` ժա­պա­ւէ­նի յա­ջո­ղու­թիւ­նը խոր­տա­կե­լու բազ­մա­թիւ փոր­ձե­րը,- կը հա­ղոր­դէ «Ար­մէնփ­րես»՝ վկա­յա­կո­չե­լով ewsbusters.orgը:
Թր­քա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը մէկ դար անց ալ կը ժխտէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը, եւ ա­տոր մա­սին ժա­պա­ւէն­նե­րը մեծ դի­մադ­րու­թեան կը հան­դի­պին: ­Ժա­պա­ւէ­նին մէջ նկա­րա­հա­նո­ւած աստ­ղե­րէն Ք­րիս­թիան ­Պէյլ նոյ­նիսկ չէ բա­ցա­ռած, որ կրնայ «հա­կա­հա­րո­ւած» ըլ­լալ։
­Ժա­պա­ւէ­նին քննար­կու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է ­Թո­րոն­թո­յի շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նին, 2 ա­միս ա­ռաջ: Ա­նոր յա­ջոր­դած են ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րը ­Լոն­տո­նի եւ ­Վա­տի­կա­նի մէջ, իսկ Ապ­րիլ 21ին «­Խոս­տու­մը» պի­տի սկսի ցու­ցադ­րո­ւե­լու ա­մե­րի­կեան շար­ժան­կա­րի թատ­րոն­նե­րուն մէջ:
Ա­հա այն ա­նո­ւա­նի աստ­ղե­րը, ո­րոնք կը փոր­ձեն պա­հել «­Խոս­տու­մը»:
­Շէր (­Շե­րի­լին ­Սար­գի­սեան) ծա­գու­մով հայ է: ­Ժա­պա­ւէ­նը դի­տե­լէն ետք, ան իր թո­ւի­թը­րեան է­ջին մէջ գրած էր.- «Այս ժա­պա­ւէ­նը կոտ­րեց սիրտս, եւ ոչ միայն հա­յե­րու հա­մար, այլ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք տա­ռա­պած են, կորսն­ցու­ցած են ի­րենց սի­րե­լի­նե­րը: ­Մենք բո­լորս ծա­ղիկ­ներ ենք, ո­րոնք գե­ղե­ցիկ են փուն­ջի մէջ»:
­Հո­լի­վու­տեան դե­րա­սան ­Ճորճ Ք­լու­նի եւ ա­նոր կի­նը` մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան Ա­մալ Ք­լու­նի, ներ­կայ գտնուած են ժա­պա­ւէ­նի լոն­տո­նեան ցու­ցադ­րու­թեան: Ա­մալ Ք­լու­նի յայտ­նի է թրքա­կան ժխտո­ղա­կա­նու­թեան դէմ փաս­տա­բա­նա­կան իր նշա­նա­կա­լի ներդր­մու­մով:
­Լէո­նար­տօ տի ­Քափ­րիօ իր ֆէյս­պու­քեան է­ջին մէջ գրած էր.- «Օս­քար Այ­զեք, Ք­րիս­թիան ­Պէյլ եւ ­Շար­լոթ լէ ­Պոն, ­Թե­րի ­Ճոր­ճի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, անկրկ­նե­լի ներ­կա­յա­ցում բե­մադ­րած են «­Խոս­տու­մը» ժա­պա­ւէ­նին մէջ: Կ­՛ող­ջու­նեմ ամ­բողջ խում­բը` ա­ռաս­պե­լա­կան ար­տադ­րող ­Մայք ­Մե­տա­ւո­յի գլխա­ւորու­թեամբ, ո­րուն տա­ղանդն ու նո­ւի­րո­ւա­ծու­թիւ­նը կեան­քի կո­չե­ցին այս կա­րե­ւոր ծրա­գի­րը»:
­Մար­տին, դե­րա­սան եւ ար­տադ­րող ­Տին ­Քէյն այ­ցե­լած էր Ե­րե­ւան` հան­դի­պե­լու սու­րիա­հայ փախս­տա­կան­նե­րուն հետ: «­Հա­յե­րը դա­րե­րով հա­լա­ծո­ւած են, ա­նոնք ե­ղած են քրիս­տո­նէու­թեան ա­ռա­ջին ամ­րո­ցը, եւ ա­նոնք միակ քրիս­տո­նէա­կան ամ­րոցն են ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ»: ­Քէյն իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նած է նաեւ «­Խոս­տու­մը» ժա­պա­ւէ­նին: ­Ժա­պա­ւէ­նի վե­րա­բե­րեալ՝ դե­րա­սա­նը գրած էր.- «­Քո­լէ­ճի մէջ պատ­մու­թիւն ու­սում­նա­սի­րե­լու ա­տեն ես ի­մա­ցած եմ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու մա­սին, ինչ­պի­սիք են ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ ­Հո­լո­քոս­թը: ­Մեր օ­րե­րուն եւս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­ներ կ­՛ի­րա­գոր­ծո­ւին, խօսքս՝ ­Սու­րիոյ, Ի­րա­քի եւ ­Սու­տա­նի մա­սին է: Կ­՛երդ­նում պա­հե­լու «­Խոս­տու­մը» եւ պատ­մու­թեան դա­սա­գիր­քեր «աք­սո­րել»ու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»:
«Ես կը միա­նամ «­Խոս­տու­մը» ժա­պա­ւէ­նին ու կը խոս­տա­նամ եր­բեք չմոռ­նալ»,- իր թո­ւի­թը­րեան է­ջին մէջ գրած էր երգ­չու­հի ­Պարպ­րա Սթ­րէյ­զընտ:
Էլ­թըն ­Ճոն թո­ւի­թը­րի իր է­ջին մէջ գրած էր.- «Ու­րախ եմ յայ­տա­րա­րե­լով «­Խոս­տու­մը» ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադր­ման մեկ­նար­կին մա­սին: ­Ժա­պա­ւէ­նը կը ներ­կա­յաց­նէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մու­թիւ­նը: ­Կը միա­նամ «­Խոս­տու­մը» պա­հե­լու շարժ­ման եւ կը խոս­տա­նամ պաշտ­պա­նել մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րը, ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը եւ հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը: ­Շատ ու­րախ եմ, որ ժա­պա­ւէ­նի ամ­բողջ հա­սոյ­թը պի­տի օգ­տա­գոր­ծո­ւի բա­րե­գոր­ծա­կան նպա­տա­կով, քա­նի որ կը կար­ծեմ, թէ ոչ ոք պէտք է լքո­ւի»:
­Սիլ­վես­թըր Ս­թա­լո­նէ, անդ­րա­դառ­նա­լով ժա­պա­ւէ­նին, գրած էր.- «Ար­տա­կարգ ժա­պա­ւէն պի­տի ցու­ցադ­րո­ւի Ապ­րիլ 21ին: ­Սա այն­պի­սի նիւթ է, որ­մով հիա­ցած եմ տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր, եւ շատ տա­րի­ներ պէտք էին՝ զայն ժա­պա­ւէ­նի վե­րա­ծե­լու հա­մար: ­Սա ճշմա­րիտ եւ ան­հա­ւա­տա­լի կա­րե­ւոր պատ­մա­կան ող­բեր­գու­թիւն է, որ ու­նի բո­լոր իւ­րօ­րի­նակ բա­ղադ­րիչ­նե­րը, ո­րոնք կրնան ժա­պա­ւէ­նը բարձ­րաց­նել «Օս­քար»ի մա­կար­դա­կին: Ք­րիս­թիան ­Պէյլ եւ Օս­քար Այ­զեք ի­րենց դե­րե­րը կա­տա­րեալ կը խա­ղան: Ա­ռանձ­նա­կի պէտք է նշել նաեւ ա­ռաս­պե­լա­կան ար­տադ­րող ­Մայք ­Մե­տա­ւո­յի դե­րը, որ կրցաւ այս ծրա­գի­րը կեան­քի կո­չել»:
­Դե­րա­սան ­Տոն ­Չիտլ թո­ւի­թը­րի մէջ յայ­տա­րա­րած էր, որ տե­սած է ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը ­Տար­ֆու­րի մէջ: «Կ­՛եր­դո­ւիմ պա­հել «­Խոս­տու­մը», բարձ­րաց­նել տե­ղե­կա­ցո­ւա­ծու­թիւ­նը եւ պայ­քա­րիլ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու դէմ»։
Ա­նո­ւա­նի թե­նի­սիստ Անտ­րէ Ա­ղա­սի նոյն­պէս իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նած է ժա­պա­ւէ­նին: «Ու­րախ եմ, որ ­Քըրք ­Քըր­քո­րեա­նի մտադ­րու­թիւ­նը կեան­քի կո­չո­ւե­ցաւ: Օգ­նե­ցէք ին­ծի պա­հե­լու ա­նոր «­Խոս­տու­մը»,- թո­ւի­թը­րի մէջ գրած էր թե­նի­սիս­տը: ­Ժա­պա­ւէ­նին իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նած է նաեւ դե­րա­սան ­Թո­նի ­Կոլ­տո­ւին: Ան թո­ւի­թը­րի մէջ գրած է.- «­Կը կա­տա­րենք «­Խոս­տու­մը»` ա­մէն օր հոգ տա­նե­լով մեր մտե­րիմ­նե­րուն: ­Ժա­պա­ւէ­նին ա­ռա­ջին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը` Ապ­րիլ 21ին, իսկ ամ­բողջ հա­սոյ­թը պի­տի ուղ­ղո­ւի բա­րե­գոր­ծու­թեան»:
­Յայտ­նի հո­լի­վու­տեան դե­րա­սան ­Ռա­յեան ­Կոս­լինկ միա­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին «­Խոս­տու­մը» ժա­պա­ւէ­նին նո­ւի­րո­ւած քա­րո­զար­շա­ւին: Ան «կա­տա­րէ ­խոս­տումդ» գրած է` ա­ջակ­ցու­թիւն յայտ­նե­լով մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ­Քոն­կո­յի մէջ: ­Կոս­լինկ տե­սա­հո­լո­վակ հրա­պա­րա­կած է Twitterի մէջ այդ մա­սին: «­Պա­տե­րազ­մը ­Քոն­կո­յի մէջ ա­մե­նա­մա­հա­բե­րը դար­ձաւ Երկ­րորդ ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մէն ետք: ­Կը խոս­տա­նամ կա­տա­րել խոս­տումս` սա­տա­րել մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ­Քոն­կո­յի մէջ»,- ը­սած է ­Կոս­լինկ: