«Ազատ Օր», իր 75ամեայ պատմութեան ընթացքին, միշտ նախանձախնդիր եղած է իր էջէրէն ներկայացնել եւ վերլուծել գաղութին հետ կապուած կարեւոր իրադարձութիւններ, որոնց մասին կ՚արժէ մտածել, խօսիլ, քննարկել եւ հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել։ Մեր ընթերցողներուն հետ կենդանի հաղորդակցութիւն մը պահելու նախանձախնդրութեամբ, ներկայ եւ յաջորդական երկու թիւերով պիտի անդրադառնանք երեք եղելութիւններու, որոնք յատկանշականօրէն կը հետաքրքրեն հայրենակիցներու ստուար թիւ մը եւ որոնց մասին զրոյցը՝ կը հաւատանք, որ առաւել աշխուժութիւն մը ստեղծելու նախադրեալը կրնայ դառնալ։
* * *
Աւելի քան 10 տարիէ ի վեր, գաղութը ծարաւը կը զգար ընբոշխնելու «Համազգային»ի երգչախումբի համերգ մը։ Թէեւ, միութեան «Յ. Փափազեան» երգչախումբը միշտ ներկայ է գաղութային կարեւոր ձեռնարկներուն, այսուհանդերձ, ելոյթի մը ընդհանուր յայտագիրին մէջ սահմանափակ բաժինով հանդէս գալու իրականութիւնը, առիթը չէր ստեղծած, որպէսզի երգչախումբը ծաւալէ իր երգասացութեան լման կարողականութիւնը։
Անմահն Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150ամեակը, որ համազգային նշումի եւ համահայկական ոգեւորութեան առիթ մըն էր բովանդակ 2019ին, երգչախումբի խմբավարի ու անդամներու, ինչպէս նաեւ «Համազգային»ի վարչութեան համատեղ ջանքերով, իսկական տօն մը եղաւ, փառաբանութիւն մը առ մեծն Կոմիտաս, Շաբաթ՝ 25 Յունուարի երեկոյեան, Յունաց կաթողիկէ մայր տաճառի կամարներուն տակ։
Օրուայ յայտագիրին մասին եւ անոր թողած տպաւորութեան համար յաւելեալ գրելիք չունինք այս սիւնակին մէջ։ Արդէն, «Համազգային»ի թղթակիցի նկարագրականը կրցաւ փոխանցել համերգի խորհրդաւոր մթնոլորտի զգացումները, որոնք կոմիտասեան մեղեդիներու հմայքը տարին մինչեւ ունկնդիրներու հոգիներուն խոր ծալքերը։ Երգչախումբը, իր սիրողական կազմուածքով, անթերի էր։ Խմբավարը՝ մոգական։ Երեք երիտասարդներու զանգակներով ձայնակցումը՝ խորհրդաւոր, իսկ օրուան հանդիսավարուհին՝ մեղմանուշ ձայնով մեր առջեւ բացաւ Կոմիտասի նրբահիւս ներաշխարհը։
Այժմ, ելոյթը յիշողութեան դաշտը անցաւ, որուն տպաւորութիւնները կը շարունակեն հոգեկան հրճուանքով լեցնել ներկայ եղող հանդիսատեսներու յուզական աշխարհը։
Երգչախումբի թողած տպաւորութիւնը պէտք է իր շարունակութիւնը ունենայ։
Նախ եւ առաջ, «Համազգային»ը պէտք է յաջորդաբար ծրագրէ, որպէսզի նոյն համերգը ներկայացուի Թեսաղոնիկէի եւ Թրակիոյ հայ համայնքներէն ներս։ Հոն եւս, հայ երգի ծարաւը զգացող հայրենակիցները, Հայաստանի մէջ ծնած ու հայրենի մշակութային աւանդով սնած զանգուածները առիթը պէտք է ունենան վայելելու եւ ճաշակելու մեր երգչախումբի բարձր որակը, զգալու Կոմիտասի լարերը։
Բայց, անոնք լոկ համերգներ պէտք չէ ըլլան միայն։
Անոնք, պէտք է դառնան ազդանշանը, որպէսզի այլեւս հեռաւոր այդ շրջաններէն ներս վերակենդանանայ անցեալի սէրը հայ երգին հանդէպ, ստեղծելով եւ վերակազմելով երգչախումբեր, թեկուզ սիրողական, որոնք հայ երգի նրբաճաշակ հարստութիւնը պիտի փոխանցեն նոր սերունդին։
Իսկ հոս, Աթէնքի մէջ, երգչախումբը պէտք չէ կանգ առնէ։ Բոլորս պարտինք օգնել խմբավարին եւ անդամներուն, խրախուսել անոնց, նոր անդամներ համոզել, որպէսզի հայ երգը, ակումբներէն ներս, սրահներուն մէջ, ընկերային եւ գեղարուեստական երեկոներու ընթացքին, միշտ ու միշտ լսուի եւ յագեցնէ մշակութային մեր ծարաւը։
«Համազգային»ը, իր բոլոր վարչութիւններով եւ կառոյցով, պարտի ծռիլ հայ հասարակութեան վրայ՝ յունահայ գաղութի ամբողջ տարածքին։
Գաղութը ունի՛ մարդուժ։ Կը բաւէ քակել անոր կապերը, կը բաւէ զբաղիլ երիտասարդներով։ Այս գործը սոսկ միութեան մը պարտականութիւնը չէ. անիկա բոլոր ուժերու լարում եւ ծրագրում կը պահանջէ։
Ի խնդիր հայ մշակոյթի յարատեւման, սերունդներու հայրենակերտ սեւեռումին։
«Ազատ Օր»