Այժմեան Թուրքիոյ Էլեազըղ (պատմական Խարբերդ) քաղաքին մէջ գտնուող կիսաւեր հայկական եկեղեցին վերածուած է կայանատեղիի:
Մօտ 200 տարի հայ եւ ասորի ժողովուրդին համար իբրեւ աղօթատեղի ծառայած հայկական բողոքական եկեղեցւոյ պատերուն այսօր կարելի է տեսնել կայանատեղիի տէրերուն կողմէ փակցուած գովազդային վահանակներ:
Վկայակոչելով թրքական «Evrensel» լրատուական կայքը` Ermenihaber.am կը նշէ, թէ Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) մշակութային յուշարձաններու պահապանութեան վարչութեան պատասխանատուութեան տակ գտնուող եկեղեցին նախապէս օգտագործուած է իբրեւ ալիւրի գործարան եւ առեւտուրի կեդրոն: Տեղացիներէն մէկը՝ նշելով, որ ասիկա առաջին դէպքը չէ, որ քրիստոնէական յուշարձանը կ՝արժանանայ նման ճակատագրի, ըսած է.- «Նախապէս մեր պապերու ոչ-մահմետական հարեւաններուն հետ ապրած ժամանակներուն մասին յիշեցնող միակ ժառանգութիւնը այս պատմական եկեղեցին է: Իսկ այսօր այդ ժառանգութիւնը անհետանալու վտանգին առջեւ է»:
Խարբերդի հայկական եկեղեցին
Պատմական Խարբերդի հայկական եկեղեցին կայանատեղիի վերածուած է