(Agencia Prensa Armenia).- Ար­ժան­թի­նեան ­Փաի­տոս հրա­տա­րակ­չա­տու­նը ան­ցեալ Օ­գոս­տո­սին լոյս ըն­ծա­յեց ­Խա­չիկ ­Տէր-­Ղու­կա­սեա­նի աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը՝ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի տագ­նա­պին մա­սին: ­Գիր­քը հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ «Ա­մէն ինչ որ անհ­րա­ժեշտ է ի­մա­նալ» շար­քին մէջ՝ «Ա­մէն ինչ որ անհ­րա­ժեշտ է ի­մա­նալ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի տագ­նա­պին մա­սին» խո­րա­գի­րով:
­Գիր­քին անդ­րա­դար­ձաւ ար­ժան­թի­նեան գրա­ւոր եւ բա­նա­ւոր մա­մու­լը, ի մաս­նա­ւո­րի՝ ա­մե­նա­տա­րա­ծուն «Գ­լա­րին» օ­րա­թեր­թի շա­բա­թա­կան յա­ւե­լուա­ծը, ուր գրա­խօ­սա­կան մը լոյս տե­սաւ եւ «­Փեր­ֆիլ» թեր­թը, որ վե­րահ­րա­տա­րա­կեց գիր­քէն լայն հա­տո­ւած­ներ: ­Գիր­քին ա­ռա­ջին ներ­կա­յա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Լա­նու­սի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, ­Հոկ­տեմ­բե­րի ըն­թաց­քին կազ­մա­կեր­պո­ւած Կ­լոր ­Սե­ղա­նի մը ծի­րէն ներս: ­Նո­յեմ­բեր 14ին, գիր­քը ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ Ար­մե­նիա Մ­շա­կու­թա­յին Ըն­կե­րակ­ցու­թեան մէջ, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Ա. Մ. Ըն­կե­րակ­ցու­թեան եւ Հ.Յ. ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին: ­Ձեռ­նար­կը հո­վա­նա­ւո­րո­ւած էր հա­մայն­քա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մախմբ­ման (ԻԱՐԱ) կող­մէ:
­Գիր­քի ներ­կա­յա­ցումն ու հրա­պա­րա­կա­յին քննար­կու­մը կա­տա­րե­ցին Փ­րեն­սա Ար­մե­նիա­յի հիմ­նա­դիր եւ ներ­կա­յի պա­տաս­խա­նա­տու ­Պո­ղօս ­Քեն­տի­քեան, «­Փեր­ֆիլ» թեր­թի մի­ջազ­գա­յին բաժ­նի պա­տաս­խա­նա­տու ­Սան­թիա­կօ ­Ֆար­րէլ եւ թո­ւա­յին «­Տիա­րիօ ­Սի­րիօ-­Լի­պա­նէս» շա­բա­թա­թեր­թի խմբա­գիր ­Խո­տոր ­Խա­լիտ:
­Բաց­ման խօս­քով հան­դէս գա­լով՝ ­Քէն­տի­քեան անդ­րա­դար­ձաւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ լրագ­րող­նե­րու դի­մագ­րա­ւած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն՝ ա­րա­գըն­թաց ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու ա­ռար­կա­յա­կան տա­րած­ման հա­մար հա­կա­ռակ ա­մէն տե­սա­կի սպառ­նա­լիք­նե­րու: ­Գիր­քին մա­սին խօ­սե­լով՝ ան յի­շեց ­Պիլլ ­Քո­վա­չի սահ­մա­նու­մը, որ լրագ­րու­թիւ­նը կը նկա­տէ «­Պատ­մու­թեան ա­ռա­ջին տար­բե­րա­կը» եւ ընդգ­ծեց գիր­քին մէջ տեղ գտած ա­ռատ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յա­ցո­ւած են պատ­մա­կան ի­րենց ո­լոր­տին մէջ:
­Խո­տոր ­Խա­լի­տի հա­մար գիր­քին հիմ­նա­կան ար­ժէք­նե­րէն մէ­կը կը կա­յա­նայ իր ե՛ւ մատ­չե­լիու­թեան՝ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մա­սին հիմ­նա­ւո­րո­ւած գա­ղա­փար մը ու­զող ոե­ւէ ըն­թեր­ցո­ղի, ե՛ւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը վեր­լու­ծող­նե­րուն տե­սա­կան իւ­րա­յա­տուկ դի­տան­կիւն մը հրամց­նե­լու զոյգ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն մէջ:
­Սան­թիա­կօ ­Ֆար­րէլ վեր ա­ռաւ գիր­քին եզ­րա­կա­ցու­թեան մէջ վեր­լու­ծուած գա­ղա­փա­րը, ըստ ո­րուն՝ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ տագ­նա­պի վե­րար­տադ­րու­թեան ժխ­տա­կան հո­լո­վոյ­թը կրնայ կա­սե­ցո­ւիլ միայն երբ ազ­գա­յին, կրօ­նա­կան թէ էթ­նի­կա­կան (ազ­գա­յին) տար­բե­րու­թիւն­նե­րը ըն­դու­նե­լի դառ­նան եւ հա­մա­գո­յակ­ցին:
Ա­ւար­տին խօսք ա­ռաւ հե­ղի­նա­կը, որ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պող­նե­րուն, ներ­կա­յաց­նող­նե­րուն եւ մաս­նա­կից­նե­րուն: Ան անդ­րա­դար­ձաւ գիր­քի ծննդո­ցի հո­լո­վոյ­թին, որ­պէս հե­տե­ւանք տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մա­սին իր դա­սա­ւան­դու­թեանց եւ մա­մու­լին մէջ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու մա­սին իր գրած յօ­դո­ւած­նե­րու ծնունդ ընդ­հան­րա­կան հե­տե­ւում­նե­րու: ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ծնած ու մեծ­ցած ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը կրնայ ապ­րում­նե­րու եւ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու հետ ան­մի­ջա­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ա­ռա­ւե­լու­թիւ­նը տալ վեր­լու­ծո­ղին,- ը­սաւ ան: Այդ մէ­կը, սա­կայն, ո՛չ անհ­րա­ժեշտ է, ոչ ալ, մա­նա­ւա՛նդ, բա­ւա­րար պայ­ման է նման բարդ ու յա­րա­փո­փոխ տագ­նա­պի մը հաս­կա­ցո­ղու­թեան եւ ա­նոր ընդ­հան­րա­կան պատ­ճառ-հե­տե­ւանք­նե­րը կա­րե­լի ե­ղած յստա­կու­թեամբ բա­ցատ­րե­լու կա­րո­ղու­թեան: «­Գիր­քը գրե­լու գլխա­ւոր մար­տահ­րա­ւէ­րը ե­ղաւ գտնել տե­սա­կան այն մօ­տե­ցում­նե­րը, ո­րոնք ա­մէ­նէն ա­ւե­լի յստա­կօ­րէն թոյլ կու տան ընդ­հան­րա­կան, բայց ոչ-պար­զա­ցո­ւած վեր­լու­ծում մը ներ­կա­յաց­նե­լու»,- եզ­րա­կա­ցուց ան:
­Տէր-­Ղու­կա­սեան ­Խա­չիկ ծնած է ­Լի­բա­նան եւ հաս­տա­տո­ւած Ար­ժան­թին, ուր վա­րած է «Ար­մե­նիա» թեր­թի խմբագ­րու­թիւ­նը: ­Մաս­նա­գի­տա­նա­լով մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մար­զին մէջ՝ ­Տէր-­Ղու­կա­սեան նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ա­կա­դե­մա­կան աս­պա­րէ­զի: ­Հե­ղի­նակ է սպա­նե­րէն, անգ­լե­րէն եւ հա­յե­րէն գիր­քե­րու, մաս­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րու եւ յօ­դո­ւած­նե­րու: ­Հոկ­տեմ­բե­րի ա­ւար­տին ան ստա­ցաւ տեղ­ւոյն ­Սու­րիա-­Լի­բա­նա­նեան Ա­կում­բի Ու­կա­րիդ 2017 մրցա­նա­կը մշա­կոյ­թի դա­սա­կար­գին մէջ՝ ա­կա­դե­մա­կան աս­պա­րէ­զէն ներս տա­րի­նե­րու իր ներդ­րու­մին հա­մար:
­Ներ­կա­յա­ցո­ւած գիր­քը ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ տագ­նա­պը եւ ու­ժա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը վեր­լու­ծէ պե­տա­կան հա­մա­կար­գե­րու ծագ­ման, զար­գաց­ման եւ պա­ռակտ­ման ու քա­ղա­քա­կան հա­սա­րա­կա­գի­տու­թեան տե­սա­կան զոյգ մօ­տե­ցում­նե­րու դի­տան­կիւ­նէն եւ ա­նոր պատ­մա­կան հո­լո­վոյ­թը կը բա­ցատ­րէ ազ­գա­յին եր­կու ծրա­գիր­նե­րու բա­խու­մին եւ ներ-իս­լա­մա­կան կրօ­նա­կան պա­տե­րազ­մի ի­րե­րա­յա­ջորդ հանգ­րո­ւան­նե­րով: ­Նա­խա­տե­սո­ւած են գիր­քի այլ ներ­կա­յա­ցում­ներ եւս: