Ստորեւ` Հայ Կապոյտ Խաչի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» Ազգ. Վարժարանի տարեվերջի հանդէսի ընթացքին, դպրոցի տնօրէն Պրն. Ռիքարտօ Երկանեանի՝ շրջանաւարտներուն եւ ներկաներուն ուղղած խօսքը.-
Սիրելի շրջանաւարտներ,
Երկու խօսք՝ նախ ձեզի:
Ամավերջի հանդէսը խառն զգացումներու պահ է, ուրախութեան եւ յուզումի՝ բոլորիս համար անխտիր:
Մանաւանդ ձեզի համար, որ այս յարկին տակ նախակրթութեան ութը երկար տարիներ ամբողջացնելէ ետք, ձեր ուսուցիչներուն եւ ձեր ծնողներուն ներկայութեամբ, պաշտօնապէս կը լրացնէք ձեր ուսումնական կեանքի առաջին կարեւոր հանգրուանը եւ պատրաստ էք անցնելու միջնակարգ վարժարան:
Եթէ 2015 թուականի մեր շրջանաւարտները Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի հունձքը եղան, անկասկած որ դուք, սիրելի աշակերտներ, այս տարի Հայաստանի անկախութեան հարիւրամեակի հունձքը կը հանդիսանաք:
Այսօր դուք, ձեր պարով, երգով ու արտասանած խօսքերով, մեր նորագոյն անցեալը կենդանի պատկերի վերածեցիք այս բեմին վրայ: Ձեր թատերական ներկայացումը նուիրեցիք հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան կարեւորագոյն երկու յաղթանակներուն. 1918ի Մայիսեան մահու-կենաց ճակատամարտներուն ու 1988ին սկիզբ առած Արցախեան պահանջատիրութեան:
Հայաստանի անկախ հանրապետութեան 100ամեակին, հարիւր բառերով յիշեցիք եւ յիշեցուցիք մեր հերոսական դէմքերն ու դէպքերը եւ պատմական այս թուականին նուիրուած ամավերջի հանդիսութեամբ, անգամ մը եւս եկաք փաստելու, թէ հայ ժողովուրդը կ՛ապրի ու կը պայքարի:
Եկաք հաստատելու, թէ մեր ժողովուրդի զաւակները «միշտ կան, պիտի լինեն ու շատանան» Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի տարածքին:
Վերջապէս, եկաք ապացուցելու, թէ 56ամեայ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Ազգային Վարժարանը՝ կանգուն կը մնայ, հակառակ ընկերային-տնտեսական տագնապին ստեղծած դժուար պայմաններուն:
Սիրելի նախակրթարանի շրջանաւարտներ,
Դուք բախտը ունեցաք ստանալու վարժարանիս երկարամեայ հոգատարութիւնը: Երկրորդականի նոր կեանքի սեմին, կարեւոր է գիտնաք, որ հայկական վարժարան յաճախելը բախտաւորութիւն մըն է եւ փաստը բազմաթիւ զոհողութիւններու, թէ՛ ձեր ծնողներու եւ թէ ընդհանուր համայնքին կողմէ: Սակայն այս բախտաւորութեան հետ ալ կու գայ պատասխանատուութիւն մը, առ ի երախտագիտութիւն ձեր ծնողաց որոնք ընտրեցին հայեցի դաստիարակութիւն ապահովող վարժարան մը ձեզի համար-, ձեր դպրոցին եւ անոր թիկունք կանգնող մարմիններուն հանդէպ: Պատասխանատուութիւն մը՝ վառ պահելու հայկական ոգին:
1920ի պատմական օրերուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարօ, գալիք սերունդին ուղղելով իր խօսքը, կ՛ըսէր.-
«Ուրախութեան այս մեծ օրերուն, միտքս դէպի ձեզ կը թռչի, մեր սիրուն երեխաներ: Դուք տեսաք եւ ձեր վրայ զգացիք, թէ ինչքա՜ն թանկ նստեց մեզ մեր ազատութիւնը: Եւ քանի որ դուք էք լինելու անմիջական տէրը այդ թանկագին ժառանգութեան, երկու բան ունիմ ձեզմէ խնդրելիք. առաջին՝ չմոռնաք ձեր աչքերուն առաջ կատարուած դէպքերուն արժէքն ու նշանակութիւնը եւ զանոնք հաւատարմութեամբ փոխանցէք ձեր յաջորդ սերունդներուն, եւ երկրորդ՝ արժանի յաջորդները լինէք այն մեծ սերունդին, որ ձեզ համար պատրաստեց աշխարհիս բարիքներէն ամենաթանկագինը՝ Ազատ Հայրենիքը:
«Այսօր նոր շրջանի մը առաջ ենք կանգնած եւ պէտք ունինք նոր սերունդի մը՝ սկսուած աշխատանքը շարունակելու համար, բայց բոլորովին այլ պայմաններու մէջ: Եւ այդ դերը ձեզ է վիճակուած, մեր թանկագին երեխաներ: Մեծացէք, բայց լաւ պատրաստուեցէք ձեր վրայ ընկած պատմական պարտականութիւնը յաջող կերպով կատարելու համար»:
Արմէն Գարօյի այս խօսքերը թող ըլլան ձեզի ուղղուած պատգամը, սիրելի աշակերտներ: Դուք ալ մեծնաք, լաւ պատրաստուիք եւ արժանի յաջորդները ըլլաք այն սերունդին, որուն կը պարտինք նաեւ այսօրուան ազատ, անկախ Հայաստանի գոյութիւնը: Մեր բանաստեղծի խօսքերով՝ «դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից»ը թող ըլլայ ապագայ հայ մարդու ձեր կեանքի ուղեցոյցը:
Շնորհաւոր ըլլայ ձեր 6րդ կարգի վկայականը: Հպարտ ենք ձեզմով եւ գուրգուրանքով ու անհամբեր կը սպասենք ձեր վերադարձին քանզի բոլորդ, գրէթէ լրիւ կազմով, ձեր ուսումը պիտի շարունակէք Ճէնազեան Միջնակարգ Վարժարանի մէջ:
Միշտ յիշէք, թէ եղաք Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Վարժարանի՝ Հայաստանի անկախութեան 100ամեակի շրջանաւարտները:
«Արթին Գալուստեան» մանկապարտէզ
Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան կերտիչներէն վարչապետ Ալեքսանտր Խատիսեան 1930ական թուականներուն կը թելադրէր «վառ պահել այն սրբազան կրակը, որմով պէտք է ոգեւորուի գաղութներու մէջ ցրուած հայ երիտասարդութիւնը»: Այդ պատճառով, կ՝ըսէր Խատիսեան, «չափէն աւելի անհրաժեշտ են ազգային վարժարանները նոր սերունդին համար: Որովհետեւ, ան որ ժողովուրդի մէջ կը վառէ սուրբ ոգեւորութեան կրակը, մեծապէս նպաստած կ՝ըլլայ, որ վաղը վառուի ազատութեան ջահը՝ լուսաւորելու համար Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի յաղթական թափօրին ճանապարհը, որուն վրայ ինկան սերունդներ ամբողջ»:
Այդ պատգամին ականջալուր, 1962 թուականին, այս նոյն բակին մէջ հաւաքուած մեր ժողովուրդը՝ ցնծութեան եւ յուզումի պահեր կ՛ապրէր: Արդարեւ, Փոքր Ասիոյ հայութեան վերջնական տեղահանումէն 40 տարիներ ետք, Աթէնքի Ֆիքսի շրջանին մէջ ապաստան գտած մեր ընտանիքները հայկական նոր վարժարանի շէնքի բացումը կը կատարէին:
Հայ Կապոյտ Խաչի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Ազգային Վարժարանն էր, որ շէնքային իր կառոյցով օրուան ամէնէն արդիական դպրոցներու համահաւասար, իր դռները լայն կը բանար հայ աշակերտին առջեւ, մէկ ու միակ առաքելութեամբ. լաւագոյն կրթութիւն եւ հայեցի դաստիարակութիւն:
Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեաններու նման ազգային բարերարներու եւ յունահայ համայնքի ազգայիններու ու մարմիններու տասնամեակներու անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ, կրթական եւ հայակերտման գործը իր ուսերուն՝ մեր վարժարանը հասցուց շրջանաւարտներու սերունդներ, որոնք իրենց կեանքի ապագայ նուաճումները -անձնական թէ ազգային գետնի վրայ-, մեծ մասամբ այս դպրոցին մէջ ստացած նախակրթութեան կը պարտին:
Տարիները սակայն անխուսափելիօրէն իրենց հետ բերին նաեւ շէնքային բարելաւումի անհրաժեշտութիւնը: Եւ ահաւասիկ, երկար ժամանակ դիմանալէ ետք, այսօր անգամ մը եւս հաւաքուած ենք այս բակին մէջ, մեր նորոգուած եւ արդիականացած շէնքին մէջ ամավերջի հանդէսը կատարելու նպատակով:
Յետ այսու, Յակոբեան եւ Ճէնազեան ազգային բարերարներու կողքին կը միանայ բարերար Արթին Գալուստեանի անունը, որու կտակի շնորհիւ կը վայելենք մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի վերանորոգման իրագործումը: Այդ իսկ պատճառով, իր յիշատակը յաւերժացնելու ազգավայել միակ ձեւը՝ մեր Մանկապարտէզի անուանատուութիւնը հանդիսացաւ:
Մեր շնորհակալական խօսքը Արթին Գալուստեան կտակին, Ազգային Վարչութեան, Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք անցեալ ամառուան ընթացքին նիւթական ու բարոյական ամէն ջանք թափեցին եւ այս խիստ անհրաժեշտ գործը իր լրացումին հասցուցին:
Վարձքը կատար բոլորին:
Շնորհակալիք
Տարեփակի մեր շնորհակալական խօսքը թեմիս առաջնորդին Գեղամ Արք. Խաչերեանին իր հայրական հոգատարութեան համար, շրջանիս հոգեւոր հովիւ Նարեկ քահանային, նաեւ վարժարանի մեծ ընտանիքին՝ Ազգային Վարչութեան, Ուսումնական, Տնտեսական եւ Կալուածային Խորհուրդներուն, Հայ Կապոյտ խաչի շրջանային եւ տեղական վարչութիններուն, որոնք նուիրումով կը ծառայեն ու ջանք չեն խնայեր անոր բարօրութեան ու յառաջդիմութեան: Նոյնպէս` ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահած են այս վարժարանին:
Յատուկ շնորհակալական խօսք «Կիւլպէնկեան հաստատութեան»՝ կրթական, նիւթական եւ բարոյական իր մնայուն աջակցութեան համար եւ Ա.Մ.Ն.ի Յունահայերու Միութեան, որու նոիրատուութեամբ վարժարանս այս տարեշրջանին օժտուեցաւ դասարանային 3 նոր համակարգիչներով ու տեսալսողական 3 նոր սարքերով:
Վարձքը կատար վարժարանիս մանկապարտէզի ու նախակրթարանի ուսուցչական կազմին, տիկիններ Վիքի Մաղաքեանին, Արշալոյս Սափրիչեանին, Մանիա Ճանապեանին եւ Ալինա Տէր-Գէորգեանին, որոնք ազգային շունչ փոխանցելով՝ ամէն ճիգ թափեցին աշակերտութեան լաւագոյն դաստիարակութեան եւ յատկապէս՝ 100ամեակին նուիրուած մեր ամավերջի հանդիսութեան պատրաստութեան համար:
Με τη λήξη του σχολικού έτους, θέλω να ευχαριστήσω θερμά το σύλλογο διδασκόντων, τη νηπιαγωγό Μαρία Δημάκη, της δασκάλες Αιμιλία Κουτρομάνου, Άννα Λιόντου, Νέλλη Στασινού, της καθηγήτριες Ναζίκ Τζαμουζιάν και Ναυσικά Παπαηλία, τους δασκάλους Άγγελο Ντόζε, Γιάννη Τσιγκούνη, Σωτήρη Δελή, τον καθηγητή πληροφορικής Αργύρη Σταματάκι και τον γυμναστή μας Παναγιώτη Φερεντίνο, για τη συνέπεια στο παιδαγωγικό και διδακτικό τους έργο, για την άψογη συνεργασία τους στην διάρκεια της σχολικής χρονιάς, όπως και για την προετοιμασία της σημερινής μας εκδήλωσης, αφιερωμένη στα εκατό χρόνια της ανεξαρτησίας της Αρμενίας.
Θέλω να ευχαριστήσω ιδιαίτερα, εκ μέρους της διεύθυνσης και του συλλόγου του Δημοτικού, την κυρία Μαρία Καπετανίδου, Σχολική Σύμβουλο της 15ης περιφέρειας, για τη συνεργασία μας και για την συνεχή υποστήριξη της. Ευχαριστούμε επίσης το Υπουργείου Παιδείας, την Α’ Διεύθυνση ΠΕ Αθήνας και το τμήμα Ιδιωτικής Εκπαίδευσης.
Τέλος, ευχαριστούμε όλους τους γονείς, που για άλλη μια χρονιά –σε οικονομικά δύσκολες συνθήκες- μας εμπιστεύτηκαν τα παιδιά τους.
Վարձքը կատար դպրոցի Ծնողական Միութեան, որ տարուան ընթացքին ամէն ջանք թափեց աշակերտութեան կարիքները հոգալու ինչպէս նաեւ նախակրթարանի ու Մանկապարտէզի շրջանաւարտներուն այսօր յանձնուելիք նուէրներուն համար։
Շնորհակալութիւն «Ազատ Օր»ին, որ իր էջերը լայն բացաւ մեր վարժարաններուն առջեւ եւ «Արմենիքա» պարբերաթերթին, մեր շրջանաւարտներուն Հայոց պատմութեան մանկական գիրքի նուէրին համար:
Շնորհակալութիւն այն բոլոր ծնողներուն ու կրթասէր ազգայիններուն, որոնք նուիրատուութիւններու կամ այլ տեսակի օժանդակութիններու ճամբով թիկունք կանգնեցան մեր դպրոցին, յատկապէս Պարոններ Կարօ Պարտաքճեանին, Յովհաննէս Թերզեանին եւ Գարլօ Աքսարլեանին, իրենց մնայուն աջակցութեան համար:
Վերջապէս, մեր երախտագիտական խօսքը դպրոցին մէջ թէ դպրոցական ինքնաշարժներուն մէջ գործող լրիւ անձնակազմին, ընկերակցող տիկիններուն, տիկ. Անիին եւ մեր վարորդներուն:
Մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները Ծաղիկ դասարանի եւ Զ. Դասարանի շրջանաւարտներու ծնողներուն ու ազգականներուն:
Բոլորին կը մաղթենք նորանոր վկայականներ ու կանաչ ճանապարհ:
Մրցանակ
Զ. դասարանի հայերէնի դասերուն մէջ յատուկ ճիգ թափած եւ լաւագոյն արդիւնքները բերած աշակերտը Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութեան կողմէ կը պարգեւատրուի Պատանեկան Միութեան ամառնային բանակումին մասնակցութեան մրցանակով: Նկատի ունենալով, թէ համահաւասար ջանքերով ու գերազանց նիշերով մի քանի աշակերտներ արժանի եղան այդ մրցանակին, ստիպուած եղանք հարցը վիճակահանութեամբ լուծելու ուսուցչական կազմի տարեշրջանի մեր վերջին ժողովին: Գերազանց միջինով մասնակցող աշակերտներն էին՝ Մարիամ Գրիգորեան, Թէոտորա Սպոնիա, Մարիա Քերոբեան, Անի Փրէքա, Ալեքսանտր Գույումճեան եւ Եզեկիէլ Եփրամեան: Վիճակահանութեամբ, մրցանակին արժանացաւ՝ Մարիա Քերոբեան:
Ռիքարտօ Երկանեան Լ. Եւ Ս. Յակոբեան
Ազգ. Վարժարանի տնօրէն