Հայ արքաներէն քիչերու ճակատագիրը այնքան հետաքրքրական եղած է, որքան Հայկական Կիլիկիոյ վերջին թագաւոր Լեւոն Լուսինեանինը։ Անոր կեանքի ընթացքին եղած են վերելքներ ու վայրէջքներ, անակնկալներ ու անսպասելի իրադարձութիւններ, որոնցմէ ամենամեծը Կաստիլայի թագաւոր Խուան Ա.ի ընծան էր։ Այս մասին «Սփութնիք» կայքէջին մէջ կը գրէ Լիլիթ Յարութիւնեան։
Պատմական փաստերը կ՚ապացուցեն, որ եւրոպացի թագաւոր մը իսկապէս ամէն ինչի կարող էր, օրինակ` իր թագաւորութեան պատկանող կարեւորագոյն քաղաքներէն երեքը նուիրել մէկ այլ թագաւորի՝ առանց նոյնիսկ իր ժողովուրդէն թոյլտուութիւն խնդրելու։
14րդ դարուն ճիշդ այդպէս վարուեցաւ Կաստիլիայի թագաւոր Խուան Ա.ը` թագաւորութեան երեք լաւագոյն քաղաքները՝ Մատրիտը, Անդուխարն ու Վիլա-Ռէալը (այժմ Սիւտատ-Ռէալ) նուիրելով հայ թագաւոր Լեւոն Լուսինեանին, որուն վիճակուած էր դառնալ Կիլիկեան Հայաստանի վերջին թագաւորը։
Կիլիկեան Հայաստանի թագաւորը
Լեւոն Ե.ը, որ կը սերէր տը Լուզինեան ընտանիքի կիպրոսեան ճիւղէն, բաւական դժուար, սակայն միեւնոյն ժամանակ հետաքրքրական ճակատագիր ունեցած է։ Լեւոն Ե.ի հօրեղբօր` Կիլիկիոյ թագաւոր Գվիդոնի սպանութենէն ետք Լուզինեաններու տոհմը շուրջ 30 տարիով հեռացած էր իշխանութենէն։ Դեռ մանուկ հասակէն Լեւոնը մօր եւ աւագ եղբօր հետ ստիպուած էր, Կիլիկիոյ թագաւոր Կոստանդինի դաժան սուրէն փրկուելու համար, հարազատ Կիլիկիայէն փախչիլ Կիպրոս, որուն տիրակալը անոնց ազգականն էր։
Մի քանի տասնամեակ անց, արդէն Կոստանդինի գահընկէց ըլլալէն ետք, հայ թագաւորները խնդրեցին Լեւոնէն գահ բարձրանալ։ Ան համաձայնեցաւ, սակայն հարազատ Կիլիկիա վերադառնալու ճամբան կ՚անցնէր Կիպրոսի եւ Ճենովայի միջեւ բռնկած պատերազմական շրջանէն։
Ապագայ թագաւորը նոյնիսկ գերի ինկաւ, հոնկէ կրցաւ դուրս գալ միայն այն ժամանակ, երբ մեծ գումար վճարեց…
Կիլիկեան թերակղզին հասնելով` Լեւոն գաղտնի լեռնային կածաններով վարձկան-զինուորներու ջոկատի ուղեկցութեամբ հասաւ Սիս, ուր 1374 թուականի ամրան «թագադրուեցաւ»։
Սակայն ան երկար չկառավարեց։ Նուազ քան մէկ տարի անց, քաղաքը պաշարեցին մեմլուքները… Թշնամիին զօրքը անդադար պարտութիւն կը կրէր, սակայն Սիսի մէջ վրայ հասած սովն ու պաշտպաններու սպառած ուժերը վիրաւոր արքային ստիպեցին յանձնուելու։
Լեւոնի ընտանիքը, Պօղոս Կաթողիկոսին եւ քսան հայ իշխաններու հետ, տարին Գահիրէ։ Հետագային կաթողիկոսն ու իշխանները հայրենիք վերադառնալու թոյլտուութիւն ստացան, իսկ Լեւոնը ազատելու խնդրանքով դիմեց Հռոմի Պապին ու տարբեր պետութիւններու թագաւորներուն։ Շատերը արձագանգեցին, սակայն չյաջողեցան ազատել արքան։
Նախանշա՞ն, թէ՞ սովորական զուգադիպութիւն
Այն ժամանակ, երբ ֆրանսացի վանական, ուխտաւոր Ժան Դարդելն ու զինակիր Սոհլետ Դիւլկարտը Կաստիլիա եկան իրենց արքայ Լեւոն Ե.ը ազատելու խնդրանքով, սպանացի թագաւոր Խուան Ա.ը վերջին հրաժեշտը կու տար իր երիտասարդ կնոջ, որ մահացեր էր ծննդաբերութեան ժամանակ։ «Հիդալգոներուն հիդալգոն, ասպետներուն ասպետը, քաջարի զինուորը, խոնարհ ու ճշմարիտ քրիստոնեան, փառահեղ ճգնաւորը եւ հպարտ կաստիլացին» լսեց հայկական թագաւորութեան վախճանին եւ հպարտ արքային տանջանքներուն մասին, զորս ան կրած էր «յանուն ուղղադաւան քրիստոնէական եկեղեցւոյ»։
Սգացող Խուան Ա., որ նաեւ կաթոլիկ հաւատքի մոլի պաշտպան էր, լուրը ընդունեց որպէս վերէն ուղարկուած փորձութիւն։
Եգիպտական սուլթանին համար բերուած ճոխ ընծաները իրենց դերը խաղացին, եւ ան համաձայնեցաւ ազատ արձակել հայ արքան։ Լեւոն Ե. իր թագաւորութիւնը վերականգնելու յոյսը չէր կորսնցուցած։ Երբ Կիլիկեան թագաւորը հասաւ Սեգովիա (այն ժամանակ` Կաստիլիայի մայրաքաղաք), Խուան Ա. խոստացաւ անոր տալ վեց մեծ թիանաւ եւ վեց նաւ։
Աւելին` պալատականներու ներկայութեամբ ան Լեւոն տը Լուզինեանին ընծայեց Մատրիտը, Անդուխարն ու Վիլա-Ռէալը, երեք քաղաք, որոնք Կաստիլիայի սիրտը կը համարուէին։
Անոր արարքը, որուն նմանը չկայ տարեգրութեան պատմութեան մէջ, պարզապէս ապշեցուց ազնուականները։ Ու թէեւ ընծան տրուած էր որոշակի պայմաններու դիմաց (այն է, որ Լեւոն Ե.ի մահէն ետք քաղաքները պիտի վերադարձուէին Կաստիլիային), այնուհանդերձ՝ անոնք հայ արքային նկատմամբ անկեղծ թշնամանքով լեցուեցան, եւ ան ստիպուած եղաւ լքելու Սպանիան, Խուան Ա.ի մահէն ետք։
Ինչպէս իր «Սպանիա» գիրքին մէջ կը նշէ Կոստան Զարեան, այդ աւանտիւրան (արկածախնդրութիւնը) մինչեւ օրս չի կրնար մոռնալ ոչ միայն Մատրիտը, այլեւ` ողջ Սպանիան…
Դեգերումները կը շարունակուին
Կաստիլիայէն ետք Կիլիկիոյ վերջին տիրակալը կը մեկնի Փարիզ, ուր կ՚արժանանայ այնպիսի ընդունելութեան, որուն չէ արժանացած ոչ մէկ թագակիր։ Կառլ Զ. թագաւորը իր արքունիքի ու քաղաքացիներու ուղեկցութեամբ կը մեկնի Լեւոն Ե.ին ընդառաջ եւ կը հանդիպի անոր մայրաքաղաքի մատոյցներուն մէջ։
Փարիզի թագաւորական պալատին մէջ տեղաւորուելով` ան կը փորձէ յարաբերութիւնները կարգաւորել Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ միջեւ, որոնք հարիւրամեայ պատերազմ կը մղէին իրարու դէմ։ Դիւանագիտական մեծ տաղանդով օժտուած` հայ թագաւորը Լոնտոնի մէջ Ռիչըրտ Բ.ի առջեւ հանդէս կու գայ որպէս Կառլ Զ.ի դեսպան։ Իր խօսքին մէջ ան կը մեղադրէ Անգլիան, որ պառակտիչ եւ աւերիչ պատերազմ կը վարէ` թուրը Արեւելքի թշնամիներուն դէմ ուղղելու փոխարէն։
Ան յոյս ունէր օգնութիւն ստանալու սեփական թագաւորութիւնը վերականգնելու համար, սակայն այդ փորձերը յաջողութիւն չգտան։
Սակայն Լեւոն Ե.ի խօսքէն տպաւորուած` անգլիացի թագաւորը կը կարգադրէ իրեն տարեկան մեծ գումար տրամադրել, մինչեւ որ ան վերատիրանայ իր թագաւորութեան։ Ի դէպ, Կիլիկիոյ վերջին թագաւորին մեծ գումարներ կը վճարէր նաեւ ֆրանսական եւ սպանական արքունիքը, որուն շնորհիւ ան կրնար հանգիստ վայելել սեփական կեանքը։
Այդպէս ալ երազանքը չիրականացնելով` Կիլիկիոյ վերջին թագաւորը մահացաւ 1393 թուականին Փարիզի մէջ։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ հայ թագաւորներու ծիսակարգին համաձայն։ Լեւոն տը Լուզինեանը թաղուեցաւ Le couvent des Celestinsի մէջ, որ Սէն Դենիէն ետք կարեւորութեամբ երկրորդ տեղը կը համարուէր թագաւորական անձեր յուղարկաւորելու համար։ Սպիտակ մարմարէ պատրաստուած շիրիմին վրայ գրուած էր. «Այստեղ թաղուած է ազնիւ եւ վեհանձն արքայազն Լեւոն տը Լուզինեան հինգերորդը, Հայաստանի թագաւորութեան արքան, որ մահացեր է Փարիզ, 1393 թուականի Նոյեմբերի 29րդ օրը։ Աղօթեցէ՛ք անոր համար»։ Սակայն Լեւոն Ե.ին այստեղ ալ մնալու բախտ չէր վիճակուած։ 1789 թուականին յեղափոխականները անոր աճիւնը դէն նետեցին ֆրանսացի միապետներու աճիւններու հետ։ Իսկ արդէն յեղափոխութենէն ետք շիրմաքարը տեղափոխուեցաւ Սէն-Դենիի արքաներու գերեզմանատուն։
Ֆրանսացի պատմաբան Ֆրուասարը Լեւոն Ե.ի մասին գրած է. «Գահէն զրկուած` ան պահպանեց թագաւորական առաքինութիւնն ու անոնց աւելցուց նորերը` մեծահոգութիւնն ու համբերութիւնը։ Իր մեկենաս Քառլ Զ.ի հետ ան կը վարուէր ընկերոջ պէս, սակայն երբեք չէր մոռնար թագաւորական տիտղոսը։ Լեւոնի մահը արժանի էր իր ապրած կեանքին»։