Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը, Ո­ւա­շինկ­թը­նի եւ ­Նիւ Եոր­քի մէջ, ­Պե­լո­ռու­սիոյ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­նե­րու մօտ բո­ղո­քի ցոյ­ցեր կազ­մա­կեր­պած է` պա­հան­ջե­լով ան­յա­պաղ եւ ա­ռանց նա­խա­պայ­ման­նե­րու ա­զատ ար­ձա­կել յայտ­նի պլո­կըր Ա­լեք­սանտր ­Լափ­շի­նը:
«Ար­մէնփ­րես» կը հա­ղոր­դէ, որ ցոյ­ցե­րու մաս­նա­կից­նե­րը ի­րենց զայ­րոյ­թը ար­տա­յայ­տած են Ատրպէյ­ճա­նի կող­մէ լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու եւ լրագ­րող­նե­րու դէմ շա­րու­նա­կո­ւող բռնու­թիւն­նե­րուն առնչու­թեամբ` ընդգ­ծե­լով, որ ­Լափ­շին այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վեր­ջին զոհն է: «­Մենք խստօ­րէն կը դա­տա­պար­տենք ա­զատ ու ան­կախ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն այ­ցե­լած լրագ­րող­ներն ու ան­հատ­նե­րը լռեց­նե­լու կամ վախց­նե­լու ո­րե­ւէ փորձ: Ատր­պէյ­ճանն ու ­Պե­լո­ռու­սիան Եւ­րո­պա­յի վեր­ջին բռնա­պե­տու­թիւն­ներն են, եւ մե­զի հա­մար բա­ցար­ձա­կա­պէս ա­նըն­դու­նե­լի է լրագ­րող­նե­րը լռեց­նե­լը` մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար խօ­սել­նուն կամ ա­զատ ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ա­ջակ­ցու­թիւն յայտ­նել­նուն հա­մար: ­Մենք կը յոր­դո­րենք նաեւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թեան խիստ դիր­քո­րո­շում որ­դեգ­րել այս հար­ցին մէջ` ի նշան հա­մե­րաշ­խու­թեան ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ժո­ղո­վուր­դի հետ, որ շրջա­նին մէջ մեր ժո­ղովր­դա­վար եւ վստա­հե­լի դաշ­նա­կիցն է»,- ը­սած է Ա­րե­ւե­լեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ Ս­թիւ ­Մես­րո­պեան: