Պոլսոյ օդակայանին մէջ ձերբակալուեցաւ թուրք գործարար, հայ եւ բոլոր փոքրամասնութիւններու պաշտպան Օսման Քավալան։ Թուրքիոյ մէջ հիմնադիր նախագահ «Անատոլու Քուլթուր» հասարակական կազմակերպութեան, որ կը զբաղուի մշակութային փոխանակութեան ու մշակութային ժառանգութեան ուսումնասիրութեան լայնածաւալ ծրագիրներով Թուրքիոյ, տարածաշրջանին եւ Եւրոպայի մէջ, յառաջդիմական «Իլեթիշիմ» հրատարակչութեան, «Բիրիգիր» ամսագրի սեփականատէր Քավալան, 2010 թուականէն ի վեր իւրաքանչիւր Ապրիլ 24ին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչման ձեռնարկներու հիմնական կազմակերպիչը եղած է։ Հօրմէ ժառանգած հսկայ «Քավալա հոլդինգի» տէր Օսման Քավալան իր աջակցութիւնը բերած է գերմանական «Կէօթէ ինստիտուտի» խորհրդաժողովի մը ու այդ նպատակով մեկնած էր Այնթապ, ուրկէ վերադառնալու ատեն Պոլսոյ Աթաթուրքի անուան օդակայանին մէջ ոստիկանները ներխուժած են օդանաւ ու զայն տարած ոստիկանութեան գլխաւոր շտապ, սակայն թէ ինչու համար զայն ձերբակալեցին՝ այս մասին ոստիկանութիւնը չէ տեղեկացուցած փաստաբաններուն:
Միայն յայտնի է, որ հարցաքննութեան ժամանակ Քավալային հարցեր տուած են կապուած Թուրքիոյ մէջ անցեալ տարի տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձին հետ:
Թուրք գործիչի ձերբակալութեան խոր անհանգստութեամբ արձագանգած է Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր, Թուրքիայի գծով զեկուցող Քէթի Փիրին, որ նոյն օրը Twitterի իր էջին մէջ մտահոգութիւն յայտնեց կատարուածի առնչութեամբ ու տեղեկացուցած է, որ հարցը պիտի բարձրացնէ Եւրոխորհրդարանի առաջիկայ նիստին: Նշենք, որ Քավալայի հիմնած թրքական ամենայայտնի հրատարակչութիւններէն «Իլեթիշիմ»ը բազմիցս անդրադարձած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան:
Օսման Քավալան վերջերս երկու անգամ Հայաստան այցելած էր։ Ան Թուրքիոյ Պուրսա քաղաքի եւ Նիլիւֆեր շրջանի քաղաքապետական թատրոնի Հայաստան կատարած հիւրախաղերու տնտէսաւորման ծախսերը հոգալու պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր։ Նշենք, որ այս թատերախումբը, ի յարգանս «Թուրքիոյ մէջ արեւմտեան ոճով թատրոնի հիմնադիր հայերու», թրքերէնի թարգմանել տուած էր (Պօղոս Չալկըջեանին) ու բեմադրել Յակոբ Պարոնեանի «Ատամնաբոյժն արեւելեան» պիեսը. Թուրքիոյ մէջ այն ներկայացնելէ ետք փափաք կար թատերախաղը խաղալու նաեւ Հայաստանի մէջ։
Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուեցաւ Օսման Քավալան
Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուեցաւ Օսման Քավալան