Փետրուար 10ի այս օրը, իր վախճանման 78րդ տարելիցին առիթով, կ՚ոգեկոչենք յիշատակն ու անմահ աւանդը հայ հոգեւորականութեան արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեանի։
Հոգեւորականութիւնը իր եզակի տեղն ու արժէքը նուաճած է նաեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ։ Աւելի՛ն. բախտորոշ ազդեցութիւն ունեցած է մեր ժողովուրդի քաղաքակրթական զարգացման մայր հոսանքին վրայ, որովհետեւ Հայաստանի ու հայութեան բաժին հանուած պետականազուրկ դարաւոր կեանքի բերմամբ՝ ոչ միայն հոգեմտաւոր, այլեւ՝ ազգային-քաղաքական առաջնորդութեան կոչուեցաւ հայ հոգեւորականութիւնը։
Հայոց պատմութեան երկնակամարը իրենց ճառագայթներով լուսաւորող հոգեւորական աստղերու ամբողջ փաղանգ մը ժառանգած ենք՝ սկսելով Հայոց Հաւատքը հիմնադրող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն, անցնելով հայ լեզուն ու մշակոյթը արմատաւորող Ս. Մեսրոպ Մաշտոցէն ու Ս. Սահակ Պարթեւէն, Ս. Ղեւոնդ Երէցով հայկական մարտունակութեան աղբիւրները սանձազերծելով, Ս. Գրիգոր Նարեկացիով հայու հոգեմտաւոր վեհութեան բարձրակէտը նուաճելով եւ հասնելով հայ ժողովուրդի ազգային-պետական վերականգնումին մէջ իրենց վճռորոշ ներդրումը ունեցած Ս. Ներսէս Աշտարակեցի, Ս. Խրիմեան Հայրիկ եւ Ս. Գարեգին Սրուանձտեանց Կաթողիկոսներու աշխարհաքաղաքական մեծ աւանդին։
Հայոց Պատմութենէն նոյնպէս կը սորվինք, որ հայ հոգեւորականութեան ճառագայթող աստղերուն մեծութիւնն ու վեհութիւնը խորաչափելու համար պէտք չէ նայիլ տգիտութեան եւ խաւարամտութեան բազում օրինակներ պարզած հայ հոգեւորականներու անարժան ամբոխին։
Ընդհակառակն՝ արժեչափի պէտք է վերածել օրինակը հայ հոգեւորականի ոգեշնչող հերոսներուն, որոնք ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ որ գործեցին, արժանաւորապէս տէր կանգնեցան իրենց կոչումին՝ սեփական ժողովուրդի հոգեմտաւոր առաջնորդը եւ ստեղծագործ վարակիչ շունչը դառնալու իրենց առաքելութեան։
Հայ հոգեւորականի արժանաւոր այդ տիպարներու փաղանգին մէջ իր տեղը ունի Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան, որ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հաւատաւոր, նուիրեալ, իմաստուն եւ մտաւորական սպասարկուներուն պայծառ դէմքը մարմնաւորեց՝ հոգեմտաւոր իր բեղուն ծառայութիւնը պսակելով իբրեւ Երուսաղէմի հայոց Պատրիարք իր ծաւալած մեծարժէք գործունէութեամբ՝ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական այս Աթոռը բարձրացնելով Կոչումի պատուանդանին։
Պարտիզակ ծնած 27 Սեպտեմբեր 1874ին, աւազանի անունով՝ Պիլիճեան Մկրտիչ, Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան Արմաշի Դպրեվանքի շունչով թրծուած եւ այդ շունչը հայաշխարհով մէկ տարածելու առաքելութեան զինուորագրուած անձնդիր հոգեւորականը եղաւ։
Երիտասարդ տարիքին իսկ հոգեւոր պատասխանատուութեանց կոչուեցաւ նոյնինքն Արմաշի եւ, ապա, Կ. Պոլսոյ մէջ։ Իր ուղին հարթեց իբրեւ հայ հաւատացեալի սրտին խօսող եւ մեր ժողովուրդին հոգեմտաւոր աշխարհը մշակող հովիւ։ Առաջին իսկ քայլերէն Հայու Հաւատքին անխոնջ տարածիչը դարձաւ, որ Հայ Եկեղեցւոյ ազգային նկարագրին եւ առաքելութեան ճառագայթումին նուիրաբերեց իր անձն ու գործը, հոգեմտաւոր ու հասարակական իր ողջ կարողականութիւնը։
Թորգոմ Սրբազանի արժանիքները ի յայտ եկան յատկապէս Եգիպտոսի Հայոց Թեմի առաջնորդութեան շրջանին, քսաներորդ դարու երկրորդ եւ երրորդ տասնամեակներուն։ Իրեն վստահուեցաւ ոչ միայն քսաներորդ դարասկիզբին հայկական գաղթաշխարհի ամէնէն ծաղկուն օճախը հանդիսացած Եգիպտոսի թեմին առաջնորդութիւնը, այլեւ՝ իբրեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան նուիրական պատուիրակի՝ Թորգոմ Արքեպիսկոպոսին վստահուեցան կաթողիկոսական նուիրակի կարեւորագոյն առաքելութիւնները ի Պարսկաստան եւ Հնդկաստան։
Ո՛ւր որ գործեց, Թորգոմ Սրբազան ազգային հոգեմտաւոր շարժում առաջացուց իր շուրջ՝ ոչ միայն գրական, բանասիրական եւ թարգմանական իր բեղուն գործունէութեամբ, այլեւ՝ իբրեւ թեմակալ առաջնորդի կամ կաթողիկոսական նուիրակի՝ նորահաս սերունդները դէպի բարձրագոյն ուսում, ստեղծագործ աշխատանք եւ հոգեւորական կոչում մղելով։ Արմաշի հայ հոգեւորական սերունդին արժանաւոր այս ներկայացուցիչը ամէնուր պաշտամունք տարածեց Հայաստանի հանդէպ։ Գաղթաշխարհի հայութիւնը հայրենի հողին կապելու, հայրենական արժէքներով տարագիր հայուն ազգային ինքնաճանաչումն ու հպարտութիւնը ջրդեղելու առաքելութեան անխոնջ դրօշակիրը դարձաւ։
Իր ներշնչումով եւ նախաձեռնութեամբ էր, որ Հայաստանի անկախութեան նուաճումէն ետք, ի խնդիր Հայաստանի Հանրապետութեան կայացման եւ հզօրացման, Եգիպտոսի հայ գաղութի առաջնորդութեամբ թափ տուաւ նորանկախ Հայաստանի կարիքներուն հասնելու գաղթաշխարհի հայութեան զօրաշարժին։
Յատկապէս 1931էն ետք իր հասունացման փուլը նուաճեց Թորգոմ Արքեպիսկոպոսի հոգեմտաւոր ծառայութիւնը, երբ ան ընտրուեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք՝ շարունակելու համար հայ հոգեւորականութեան արժանաւոր միւս ներկայացուցիչին՝ բանաստեղծ Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեանի գործը։ Ոչ միայն Ժառանգաւորացի ուսուցչական կազմը արժանաւոր եւ հեղինակաւոր դասախօսներով հարստացուց, այլեւ՝ կարեւոր դեր ունեցաւ Միջին Արեւելքի տարբեր հայօճախներէն նոր սաներ Ժառանգաւորաց բերելու եւ անոնց ուսում ու հայեցի շունչ ջամբելու գործին մէջ։
Իր պատրիարքութեան շրջանին էր, նաեւ, որ պաշտօնաթերթ «Սիոն»ը հայագիտական եւ բանասիրական գիտական հանդէսի իր փայլուն ու ծաղկուն ժամանակները ապրեցաւ։
Թորգոմ Պատրիարքի կարապի երգը եղաւ իր մղած հաւատքի պայքարը ի սպաս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան անսասան պահպանումին, երբ նախ հայաշխարհով մէկ բացայայտեց պոլշեւիկներու ձեռամբ Ամենայն Հայոց Խորէն Մուրադբեգեան Կաթողիկոսի խեղդամահ սպանութեան քստմնելի ոճիրը, ապա՝ համընդհանուր շարժում ծաւալեց ի պաշտպանութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ վերականգնումին ու լիարժէք առաքելութեան։
Երուսաղէմի Հայոց արժանաւոր Պատրիարքը սրտի կաթուածով յանկարծամահ եղաւ 1939ի Փետրուար 10ին։
Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեանէն ժառանգ կը մնայ գրականագիտական եւ բանասիրական հարուստ ժառանգութիւն մը, որուն կարեւորագոյն նուաճումը իրաւամբ կը նկատուի Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» աշխարհաբարի թարգմանութիւնը։
Հայ հոգեւորականութեան արժանաւոր այս դէմքի յիշատակին նուիրուած այս հակիրճ անդրադարձը կ՚արժէ եզրափակել հայ մամուլի մեծանուն, այլեւ խստապահանջ խմբագրապետին՝ Շաւարշ Միսաքեանի վկայութենէն հետեւեալ ընդգծումով.
«Ուշագրաւ դէմք մըն էր Թորգոմ Արք. Գուշակեան՝ Երուսաղէմի Պատրիարքը, շատ մը տեսակէտներով։ Նախ՝ իբրեւ կղերական, յետոյ՝ իբրեւ հաւատաւոր մշակ մը դպրութեանց։
«Հանգուցեալը մէկն էր Օրմանեան Արք.ի առաջին տասը ձեռնասուններէն, որոնք հրապարակ նետուեցան 1895-96ի ջարդերէն անմիջապէս վերջը, հիմնական դաստիարակութիւն մը ստանալէ ետք։
«Որքան գիտենք, ինք աւելի շատ Դուրեան Արք.ի ներշնչումներով տոգորուած էր եւ երկար ատեն մնաց վանքին մէջ, պրպտելու եւ սերտելու համար, առաջնորդական պաշտօն ստանձնելէ առաջ։ Աւելի հասուն տարիքին մէջ ալ, միշտ կ’ոգեկոչէր Դուրեանը, թէեւ չունէր անոր ո՛չ նուրբ խառնուածքը, ոչ ալ իմաստասիրական խորութիւնը։
«Երիտասարդութեան շրջանին, աւելի ազատամիտ կ’երեւար քան աւելի վերջը, մանաւանդ Եգիպտոսի առաջնորդութեան եւ Երուսաղէմի պատրիարքութեան շրջանին, երբ արդէն դարձած էր «իշխան եկեղեցւոյ»։
«Այս եզրակացութեան յանգելու համար, կը բաւէ բաղդատել իր «Խրիմեան Հայրիկը» եւ, օրինակ, «Սիոն»ի խմբագրականները եւ ուրիշ արտայայտութիւններ։ Տեսակ մը դարձ՝ դէպի պահպանողականութիւն, եթէ ոչ դէպի կղերապետութիւն։
….
«Վերջին տարիներու ընթացքին Թորգոմ Արք. տեսակ մը փոխանորդն էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան։ Էջմիածին իր միջոցաւ կը հաղորդէր զանազան հրահանգներ, եւ Երուսաղէմի Պատրիարքը անոնց գործադրութեան կը հսկէր տառապէս։ Եւ «Սիոն»ի մէջ ալ, յաճախ կը ջանար պարտկել կամ չքմեղացնել ըմբոստացուցիչ իրողութիւններ, փոխանակ արտայայտելու կամ լսելի դարձնելու ազատ արտասահմանի մտածումները։
…
«Ողբացեալ պատրիարքը եղաւ նաեւ հաւատաւոր մշակ մը դպրութեանց, իր պրպտումներով, ուսումնասիրութիւններով, ինքնագիր եւ թարգմանածոյ արտադրութիւններով, որոնց մէջ առաջին տեղը կը բռնէ «Խրիմեան Հայրիկ»ը։ Բանաստեղծութիւններ ալ կը փորձէր եւ մանաւանդ կը թարգմանէր. բայց ատոնք շատ բան չեն աւելցներ իր գրական բերքին վրայ։
«Իբրեւ պատրիարք, եւ մանաւանդ յաջորդելով Դուրեան Արք.ի, ինք ալ ուզեց դառնալ մղիչ ուժ մը՝ հայկական մշակոյթի զարգացման։ Իր առաջին գործն եղաւ «Դուրեան Մատենադարան»ին հրատարակութիւնը, եւ կը կարծենք թէ աւելին պիտի կրնար ընել, եթէ վանքը ծանրաբեռնուած չըլլար խոշոր պարտքով մը, իսկ ինքն ալ ուզէր աւելի լայն մտածել,- գոնէ այնքան, որքան Արմաշի մէջ։
«Պատրիարքին հետ, մտքի մարդ մը, վաստակաւոր մըն է, որ կը թաղուի Երուսաղէմի մէջ, այնպիսի ատեն մը, երբ այնքան սակաւաթիւ են «ընտրեալները»։ (14 Փետրուար 1939)։
Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան 1874-1939
Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան (1874-1939). Հայ Եկեղեցւոյ ազգային նկարագրին ու առաքելութեան արժանաւոր Պատրիարքը Ն.