Մարտ 1ի օրը, 83 տարի առաջ, Երեւանի մէջ վախճանեցաւ հայկական ճարտարապետութեան արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Թորոս Թորամանեան։ Շնորհալի ու նշանաւոր ճարտարապետը իրաւամբ կը նկատուի հայկական ճարտարապետութեան գիտական ուսումնասիրութեան հիմնադիրը։
Ան ծնած է 1864 թուի Մարտ 18ին, Փոքր Հայքի Շապին-Գարահիսար քաղաքը՝ հողագործի ընտանիքի մէջ։ 1878ին, 14 տարեկանին, ան զրկուած է ծնողներէն։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրի «Մուշեղեան» վարժարանին մէջ։ 1883ին մեկնած է Կ. Պոլիս, ուր աշխատած է իբրեւ հիւսնի աշկերտ եւ միաժամանակ, 1888էն 1893, ուսանած է Կ. Պոլսոյ Կայսերական Գեղարուեստից Ճեմարանի ճարտարապետական բաժնին մէջ։
1896էն 1900, Թորամանեան ապրած է Պուլկարիա, ուր զբաղուած է շինարարութեամբ։ Կառուցած է քանի մը շէնքեր, գլխաւորապէս հարուստ հայերու (Մանուկեաններ, Սարգիս Ֆադեան, Դանիէլ Պուլկարացի եւ այլն) համար։ Սակայն ճարտարապետական կառուցումներէն աւելի, Թորամանեանին կը հետաքրքրէր ճարտարապետութեան տեսութիւնը։
1900ին տեղափոխուած է Ռումանիա, ապա՝ շրջագայած է Պարսկաստան, Սուրիա, Եգիպտոս, Յունաստան, Իտալիա: 1902ին մեկնած է Փարիզ՝ կատարելագործուելու:
1903ին, ապա՝ 1905էն 1909, յայտնի հնագէտ Նիկողայոս Մառի հետ միասին, Թորամանեան մասնակցած է Անիի մէջ տարուած պեղումներուն՝ կատարելով անոր աւերակներու ողջ ճարտարապետական նիւթին յատակագիծները, նկարները, կտրուածքները, վերակազմութիւնները։
Իր աշխատանքներով եւ ուսումնասիրութիւններով՝ Թ. Թորամանեան յեղաշրջում կատարեց համաշխարհային ճարտարապետութեան պատմութեան մէջ՝ ներկայացնելով հայերու ճարտարապետութեան ծագման ու զարգացման շրջանները։ Նշանաւոր ճարտարապետը մեր սերունդներուն կտակեց պաշտամունքը հայկական ճարտարապետութեան՝ պատգամելով, որ «ուրիշ ազգերի արուեստների գեղեցկութիւնը յուզիչ է, յաճախ գրգռող եւ խռովիչ, իսկ մեր արուեստի գեղեցկութիւնը անդորրող է, հանգստացնող, հայեցողութեան տանող։ Հայերը նախահայրերից ժառանգել են շինարարութեան արուեստը։ Քարաշատ Հայաստանը մեր ճարտարներին ու վարպետներին տուել է անսպառ նիւթ… Մեր ժողովուրդը այդ հլու, հնազանդ նիւթի մէջ մարմնացրել է իր հոգին, բաղձանքները, երազները, ճաշակը»։
1904ի գարնան Թորամանեան սկսաւ Զուարթնոց տաճարի հետազօտութիւնը. ղեկավարեց Խաչիկ Վարդապետի նախաձեռնած պեղումները, կատարեց չափագրման աշխատանքներ: 1905ին աւարտեց տաճարի վերակազմութեան նախագիծը, որ հաստատուեցաւ 1906ին՝ Անիի մէջ Նիկողայոս Մառի արշաւախումբի պեղումներուն ժամանակ յայտնաբերուած Սբ. Գրիգոր (Գագիկաշէն) տաճարի մանրակերտին նոյնանման յօրինուածքով:
Մասնագէտներու վկայութեամբ՝ 1905ին լոյս տեսած Թ. Թորամանեանի «Զուարթնոցի եկեղեցին» յօդուածով, սկզբնաւորուեցաւ հայկական ճարտարապետութեան գիտական գրականութիւնը: Թորամանեան ուսումնասիրեց ու չափագրեց նաեւ Հոռոմոսի համալիրը, Արգինայի եկեղեցին, Տեկորի տաճարը, Շիրակ եւ Արագածոտն գաւառներու յատկապէս Ե-Է. դարերու յուշարձանները:
1904էն 1912, Թորամանեան պարբերաբար իր մասնակցութիւնը բերաւ Անիի մէջ Նիկողայոս Մառի գիտարշաւախումբի պեղումներուն, ուսումնասիրեց ու չափագրեց բազմաթիւ եկեղեցիներ, պալատներ, հիւրատուներ, բնակելի տուներ, պարիսպներ, կամուրջներ, ստեղծեց վերակազմութեան նախագիծեր: Թորամանեանի «Էջմիածնի տաճարը» (ռուսերէն` 1909 թ., հայերէն` 1910 թ.), «Տեկորի տաճարը» (առանձին գիրքով` 1911 թ.), «Գաւիթ եւ ժամատուն հայոց հնագոյն եկեղեցիների մէջ» (1911 թ.), «Նորագոյն կարծիքներ հայ ճարտարապետութեան մասին» (1911 թ.), «Անի քաղա՞ք, թէ՞ ամրոց» (1912 թ.) եւ այլ ուսումնասիրութիւնները կը վկայեն հայկական ինքնուրոյն ճարտարապետութեան զարգացման բարձր մակարդակին մասին: Շնորհիւ այդ ուսումնասիրութեանց` բազմաթիւ օտար գիտնականներ վերանայած են իրենց թիւր տեսակէտները հայկական ճարտարապետութեան վերաբերեալ:
1913ին Թորամանեան Վիեննայի համալսարանին կից Արուեստի պատմութեան հիմնարկի գիտական նստաշրջանին, արժանացաւ գլխաւոր մրցանակի՝ լաւագոյն աշխատանքի համար: Անոր 1000է աւելի գծագիրներուն, ուսումնասիրութեանց եւ այլ նիւթերու հիման վրայ, Վիեննայի համալսարանի պրոֆեսոր Եոզէֆ Ստրժիգովսկին 1918ին հրատարակեց «Հայերի ճարտարապետութիւնը եւ Եւրոպան» գերմաներէն երկհատորեակը, որուն շնորհիւ հայկական ճարտարապետութիւնը՝ որպէս ինքնուրոյն ճարտարապետական դպրոց, արժանացաւ համաշխարհային ճանաչման: Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին (1914-1918) եւ անոր յաջորդած գաղթի տարիներուն կորսուեցան Թորամանեանի հրատարակութեան պատրաստ 10է աւելի աշխատութիւններն ու մեծ քանակութեամբ այլ նիւթեր:
1921ին Թորամանեան դասախօսութիւններ կարդաց Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ, հին Հայաստանի ճարտարապետութեան պատմութեան մասին։
Թորամանեանի աշխատութիւններու հիմնական մասը 2 հատորով լոյս տեսան գիտնականի մահէն յետոյ՝ «Նիւթեր հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան» խորագիրով (1942-48):
1923ին Թորամանեանի մասնակցութեամբ ստեղծուեցաւ Յուշարձաններու Պահպանութեան Կոմիտէն: Ան շուրջ 30 տարի չափագրեց, լուսանկարեց ու նկարագրեց Հայաստանի հարիւրաւոր յուշարձաններ, որոնցմէ շատերը պահպանուած եւ վերակազմուած են անոր նիւթերուն շնորհիւ:
Թորամանեան ստեղծագործական սերտ կապեր ունեցած է ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանի հետ, որու արուեստանոցին մէջ 1928էն աշխատած է որպէս խորհրդական, կատարած է նաեւ յատակագծման ու նախագծման աշխատանքներ: Թորամանեան եղաւ առաջին գիտնականը, որ դասակարգեց ու բնութագրեց հայկական ճարտարապետութեան զարգացման ժամանակաշրջանները, բացայայտեց անոր ինքնատիպութիւնը, ամբողջականութիւնը եւ ոճական ինքնուրոյնութիւնը: Անոր աշխատութիւնները սկզբնաղբիւր են ուսումնասիրողներու համար:
Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիան 1969ին սահմանեց Թորամանեանի անուան մրցանակ: Անոր անունով Երեւանի մէջ կայ փողոց։ Նաեւ այն տան առջեւ, ուր ապրեցաւ Թորամանեան՝ դրուած է յուշաքար:
Հայկական ճարտարապետութեան մեծարժէք երախտաւորին նուիրուած այս հակիրճ անդրադարձը կ՚արժէ պսակել մեր Մեծերու վկայութիւններէ քաղուած փունջով.
Յովհաննէս Թումանեան՝ «Ահա վեր է կացել հայ ճարտարապետ պ. Թորամանեանը, ցոյց է տալիս Եւրոպային ու ամբողջ աշխարհին, թէ գոյութիւն է ունեցել հայկական ինքնուրոյն ճարտարապետութիւն եւ հայկական ինքնուրոյն ճարտարապետութիւնը ազդել է թէ՛ հարեւան եւ թէ՛ հեռաւոր ազգերի ճարտարապետութիւնների վրայ, ստիպում է ազգերի արուեստների պատմութեան մէջ նոր գլուխ բաց անել «հայոց ճարտարապետութիւնը» վերնագրով։
Աւետիք Իսահակեան՝ «Եթէ ճարտարապետութիւնը քարացած երաժշտութիւն է, ապա Թորոս Ճարտարապետը այդ քարացածը վերածել է կենդանի երգի: Նա մեր հոյակապ աւերակների ու յուշարձանների, նոյնքան հոյակապ երգիչն է»։
Մարտիրոս Սարեան՝ «Տիտանական ջանքերի, մտքի ու զգացմունքների լարման գնով, համաշխարհային եւ հայ կուլտուրայի իմացութեան հողից ելնելով, նա թափանցել էր ժամանակի խորքերը եւ բիւրեղեայ մաքրութեամբ դուրս հանել այն մարգարիտները, որոնք զուտ ազգային են: Ողջ աշխարհին ապացուցեց հայկականը»…
Նիկողայոս Մառ՝ «Ես առաւել առողջ լոյս եմ սպասում ճարտարապետական յուշարձանների լեզուից, երբ մենք սովորենք այն հասկանալ: Թորամանեանի մէջ ես տեսնում եմ այդ լեզուի առաջին ուսուցչին»:
Թորոս Թորամանեան 1864-1934
Թորոս Թորամանեան (1864-1934). Հայկական ճարտարապետութեան արժանաւոր ներկայացուցիչը Ն.