­Փետ­րո­ւար 19ին Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Ա­շոտ ­Ղու­լեան ըն­դու­նեց Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր Է­լե­նի ­Թեո­խա­րու­սին (­Կիպ­րոս) եւ «­Հա­մե­րաշ­խու­թեան շար­ժում» քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թեան կեդ­րո­նա­կան գրա­սե­նեա­կի նա­խա­գահ Եա­նի ­Սէ­լի­նո­փու­լո­սին, ո­րոնք այս օ­րե­րուս կը գտնո­ւին Ար­ցախ՝ ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հան­րա­քո­ւէի ըն­թաց­քին դի­տոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նե­լու նպա­տա­կով:
Ա.Ժ. նա­խա­գահ Ա­շոտ ­Ղու­լեան բարձր գնա­հա­տեց Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւո­րի ներ­կա­յու­թիւ­նը Ար­ցա­խի հա­մար ան­չափ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թեան՝ յոյս յայտ­նե­լով, որ ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հան­րա­քո­ւէի մա­սին երկ­խօ­սու­թիւ­նը թոյլ կու տայ ա­ռաջ տա­նել հա­մա­տեղ քննար­կում­նե­րու օ­րա­կար­գը:
Ող­ջու­նե­լով խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին՝ Է­լե­նի ­Թէո­խա­րիու­սը նշեց, որ տպա­ւո­րո­ւած է զի­նո­ւոր­նե­րու մօտ տի­րող ո­գիէն:
«Այս­տեղ ես կը տես­նեմ բար­գա­ւա­ճում ու ա­ռա­ջըն­թաց: Եւ հպարտ եմ ­Ղա­րա­բա­ղի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար, քա­նի որ ջանք չեն խնա­յեր ժո­ղո­վուր­դի կեն­սա­մա­կար­դա­կը բարձ­րաց­նե­լու եւ պե­տու­թիւ­նը զար­գաց­նե­լու հա­մար»,- նշեց Է­լե­նի ­Թեո­խա­րուս: ­Խօ­սե­լով Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նոր ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան մա­սին՝ Ա­շոտ ­Ղու­լեան նշեց, որ նոր ­Սահ­մա­նադ­րու­թեամբ ա­ռաջ­նա­յին տեղ տրուած է անվ­տան­գու­թեան: «­Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը եւ ա­զա­տու­թիւ­նը պէտք է ա­ռա­ջին հեր­թին պաշտ­պա­նո­ւած ըլ­լան»,- ընդգ­ծեց խորհր­դա­րա­նի ղե­կա­վա­րը:
«­Մար­դիկ, ո­րոնք ի­րենց կեան­քը կը զո­հա­բե­րեն ա­զա­տու­թեան հա­մար, ա­մէն ինչ կ­’ը­նեն նաեւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հա­մար»,- ար­ցախ­ցի­նե­րու կամ­քին մա­սին կար­ծիք յայտ­նեց Ե.Խ. պատ­գա­մա­ւո­րը:
­Հան­դիպ­ման խօ­սո­ւած է նաեւ ­Կիպ­րո­սի խնդրով վեր­ջերս ար­ձա­նագ­րո­ւած տե­ղա­շար­ժե­րու ու սպա­սում­նե­րու մա­սին: