Ուր­բաթ՝ ­Մա­յիս 19ին, ­Թեք­սա­սի նա­հան­գա­յին խորհր­դա­րա­նը վա­ւե­րա­ցուց թիւ 191 բա­նա­ձե­ւը, որ նա­հան­գը կը դարձ­նէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցած՝ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու 46րդ ­նա­հան­գը։
«­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չում» խո­րագրո­ւած այս բա­նա­ձե­ւին վա­ւե­րա­ցու­մը յոյժ կա­րե­ւոր յաղ­թա­նակ մը հա­մա­րե­լով՝ Հ.Յ.Դ. Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ­Նո­րա ­Յով­սէ­փեան յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է բա­նա­ձե­ւը խորհրդա­րա­նին ներ­կա­յա­ցու­ցած պատ­գա­մա­ւոր Ս­քաթ ­Սեն­ֆոր­տին, խորհր­դա­րա­նի միւս ան­դամ­նե­րուն, ­Հիւս­թը­նի եւ ­Տա­լա­սի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բե­րուն եւ բա­նա­ձե­ւի վա­ւե­րաց­ման իւ­րա­քան­չիւր քայ­լա­փո­խին նպաս­տած ան­հատ­նե­րուն ու շրջա­նի հայ հա­մայն­քին, ա­ռանձ­նացնե­լով ­Տա­լա­սի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ­Լու­սիա ­Նա­զա­րեա­նի, ի­րա­ւանց ջա­տա­գով­ման «­Ֆո­քըստ Էտ­վո­քը­սի» կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գահ Պ­րեն­տըն ­Թատ Ա­ղա­մա­լեա­նի եւ ­Թեք­սա­սի հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս ­Միհ­րան Ա­րո­յեա­նի բե­րած կա­րե­ւոր ներդրում­նե­րը։ ­Բա­նա­ձե­ւը, որ ա­պա­հո­ված էր մօ­տա­ւո­րա­պէս 50 հո­վա­նա­ւոր­ներ, վա­ւե­րա­ցո­ւե­ցաւ միա­ձայ­նու­թեամբ։
­Յի­շեց­նենք, որ նոյն նա­հան­գի խորհր­դա­րա­նը 2015ին ձա­խո­ղու­թեան մատ­նած էր հա­կա­հայ բա­նա­ձեւ մը՝ միա­ժա­մա­նակ վա­ւե­րաց­նե­լով ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան օ­րե­րուն հա­յու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեան ձեռք եր­կա­րած ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի Ն­պաս­տա­մա­տոյց կազ­մա­կեր­պու­թեան բա­րե­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը դրո­ւա­տող թիւ 1541 բա­նա­ձե­ւը։
­Թեք­սա­սի նա­հան­գա­յին խորհր­դա­րա­նի թիւ 191 բա­նա­ձե­ւի վա­ւե­րա­ցու­մը, ինչ­պէս նաեւ Ո­ւա­յո­մին­կի նա­հան­գա­պե­տին կող­մէ ան­ցած Ապ­րի­լին տե­ղի ու­նե­ցած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը, Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի հո­վա­նիին տակ գտնո­ւող ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու 19 նա­հանգ­նե­րուն մէջ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը ա­մող­ջա­կան կը դարձ­նեն։