Հ.Գ.Խ.ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող՝ Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան» շաբաթօրեայ դպրոցը, Շաբաթ՝ 6 Հոկտեմբեր 2018ի առաւօտեան ժամը 10։00ին, Ս. Թարգմանչաց տօնի նախօրեակին, իր 2018-19 ուսումնական-կրթական տարեշըրջանի դռները անգամ մը եւս բացաւ, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ բացման հանդիսաւոր արարողութեամբ, գաղութի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի եւ տեղւոյն եկեղեցւոյ կարգ մը Սարկաւագներու եւ Ուրարակիրներու մասնակցութեամբ։
Եկեղեցական հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Թեսաղոնիկէի Ազգ. Վարչութեան, Թաղական Խորհուրդին, Ազգ. Կառոյցներու եւ Միութիւններու ատենապետներն ու ներկայացուցիչները, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու ծնողները, Դպրոցի Բարեկամներն ու Բարերարները, ինչպէս նաեւ հին եւ նոր աշակերտներ։ Առ այդ, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Խաչահանգիստ, ուր սաղմոսներով, շարականներով, քարոզներով եւ աղօթքներով, կատարուեցաւ Ջրօրհնէք։
Աւարտին, յաջորդաբար ողջոյնի, բարի գալստեան, Տարեմուտի բացման առիթով, ինչպէս նաեւ դպրոցէն ներս կարգ ու կանոնի որոշ տեղեկութիւններով խօսք առին դպրոցի տնօրէնուհի տիկ. Զապէլ Գալֆայեան եւ տեղւոյն եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ պրն. Արթին Աբրահամեան։ Ապա՝ Հայր Սուրբը իր ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ դպրոցի կարեւորութեան ու անոր պահպանման՝ յորդորելով բոլորին հայ լեզուն անաղարտ պահելու, մշտական կերպով օգտագործելու, իրենց հայու ինքնութիւնը բարձր պահելու, յատկապէս իրենց օճախներէն ու մասնաւորաբար ա՛յս դպրոցէն ներս։ Ան բարձրօրէն գնահատեց ա՛յն ծնողները, որոնք իրենց զաւակները կ’ուղարկե՛ն հայ դպրոց՝ հայ ընտանիքի ջահը միշտ վառ պահելու վճռակամութեամբ։ Ի վերջոյ, Հայր Սուրբը սրտի պարտք զգաց յանուն Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի, Յունաստանի Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան եւ անձնապէ՛ս, դպրոցի մեծ ընտանիքին բարի վերամուտ եւ յաջողութիւններով լի տարեշրջան մը մաղթեց եւ իր օրհնութիւնը բաշխեց բոլորին։
Աւարտին, յիշատակի ու պատմական խմբանկար մը առնուեցաւ եւ աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներու առաջնորդութեամբ բարձրացան դասարանները եւ սկսան իրենց տարուան դասընթացքներուն։ Յայտնենք, որ Հ.Գ.Խ.ի Թեսաղոնիկէի «Անի» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը, բացման առիթով՝ դպրոցի մեծ ընտանիքին հրամցուց պատշաճ ու կոկիկ հիւրասիրութիւն։
Վարձքերնիդ կատար եւ բարի վերամուտ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան» շաբաթօրեայ դպրոցի բացումը
Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան» շաբաթօրեայ դպրոցի բացումը
Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան» շաբաթօրեայ դպրոցի 2018-19 ուսումնական-կրթական տարեշրջանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւն՝ «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ