ՍԱՊՐԻ ԱԹՄԱՆ — «Արմինիըն Ուիքլի»
«Թէեւ ասորիներու մեծամասնութիւնը քրիստոնեայ է‚ ոմանք՝ ակամայ‚ իսկ ուրիշներ՝ անհաւատ‚ գոյութիւն ունին նաեւ մեծաթիւ իսլամ ասորիներ‚ որոնք հպարտ են իրենց ասորական ինքնութեամբ։
«Թաքնուած ասորիներ» եզրը կ՚օգտագործուի նկարագրելու համար ազգութեամբ այն ասորիները‚ որոնք ստիպուած կը զգան իրենց ասորական ինքնութիւնը թաքցնելու թրքական եւ քրտական հասարակութենէն։
Այդ մարդիկը ժառանգորդներն են Օսմանեան Կայսրութեան տիրապետութեան տակ ապրած ասորիներուն։ Անոնց ծնողները սպաննուած են, եւ բազմաթիւ որբեր քիւրտ աղաներուն մօտ իբրեւ ստրուկ ծառայած են: Ասորի կիները իսլամ ամուսիններու կողմէ առնուած են կանանոցներու մէջ եւ իսլամացուած‚ բռնի գերի դարձած եւ մեծցած իբրեւ թուրք կամ քիւրտ։ Որբեր‚ աղջիկներ եւ կիներ բռնի կերպով խլուած են իրենց ծնողներէն եւ ծախուած շուկաներու մէջ‚ ճիշդ ինչպէս Իրաքի եզիտի կիներն ու աղջիկները այսօր՝ ՏԱՀԵՇի ձեռամբ։
Ասորիներու ցեղասպանութեան կամ Սէյֆոյի շուրջ աշխատանքիս ընթացքին, հանդիպեցայ այս նիւթին առնչուող բազմաթիւ պատմութիւններու։ Ինծի հետ կապ հաստատած են եւ տակաւին կը հաստատեն կարգ մը թաքնուած ասորիներ‚ որոնք կ՚ուզեն գտնել իրենց ազգականները։ Մինչ անոնցմէ ոմանք կ՚ուզեն քրիստոնեայ դառնալ‚ ոմանք պարզապէս կ՚ուզեն իրենց պատմութիւնները պատմել։
Ամբողջ այս եղելութիւնները տեղի ունեցած են Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ասորիներու հանդէպ տեղի ունեցած հալածանքներու ընթացքին։ Մէկ մասը Ասորիներու Ցեղասպանութեան ընթացքին‚ իսկ միւս մասը՝ անկէ առաջ։
Քանի մը շաբաթ առաջ, Դիմատետրի վրայ հանդիպեցայ թաքնուած ասորիներու էջի մը։ Անոնք ձանձրացած էին թաքնուելէ եւ կ՚ուզէին հրապարակաւ իրենց ինքնութիւնը յայտնել։ Այդ էջը անմիջապէս ուրիշներու փոխանցեցի։ Գրառումիս վերաբերեալ ստացած հակազդեցութիւններս շատ հետաքրքրական էին։
Մեզմէ շատերու համար նորութիւն էր այս մէկը‚ որովհետեւ իբրեւ ասորիներու՝ չենք գտնուած այսպիսի հարցերու դէմ յանդիման։
Շատեր ցնցուած էին, եւ ոմանք նոյնիսկ սկսան գռեհիկ լեզու գործածել։ Անոնք մոռցան, թէ մենք իբրեւ ասորիներու գոյութիւն ունէինք նախքան քրիստոնեայ ըլլալնիս։ Աւելի՛ն. անոնք մոռցան‚ թէ մենք Օսմանեան Թուրքիոյ եւ մնացեալ Միջին Արեւելքի մէջ շատ հալածանքներու ենթարկուեցանք։
Գրառումիս ժխտականօրէն հակազդող կարգ մը ասորիներ իրենք իրենց իրաւունք տուին «ասորի ըլլալու մենաշնորհը» ունենալու։ Ըստ անոնց՝ եթէ մէկը կը պնդէ‚ որ ասորի է‚ պէտք է «քրիստոնեայ» ըլլայ կամ քրիստոնէութիւնը ընդունի։
Ասորիները‚ որոնք հիմնած են Տիարպեքիրի Ասորական ընկերակցութիւնը‚ իրենց ազգային արմատներով հետաքրքրուելնուն պատճառով դժուարութիւն կ՚ունենան իսլամ դրացիներու եւ ազգականներու հետ կենակցելու։ Անոնց թիւը կը հասնի հազարներու։ Անոնք իրենց ասորական ինքնութեամբ հպարտ են եւ չեն ընդունիր իրենց նախնիներուն հանդէպ որեւէ ուրացում, մինչ կը փորձեն նաեւ հասկնալ անցեալի եւ ներկայի իրենց դիմագրաւած դժուարութիւնները։
Կը հասկնա՞նք զանոնք։ Անոնց հասկնալու համար, բաւարար հասունութիւնը ունի՞նք։
Այս հարցերուն վրայ լոյս սփռելու յոյսով՝ կապ հաստատեցի Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտ) Ասորական Ընկերակցութեան նախագահ Էյլեմ Տէօնենի հետ եւ անոր հետ ունեցայ հարցազրոյց մը։
Կը յուսամ‚ որ հարցազրոյցը սկզբնակէտ մը կ՚ըլլայ այս կարեւոր հարցերուն շուրջ քննարկումներու համար։ Ընթերցողները պէտք է ի մտի ունենան‚ թէ ասորիները այսպիսի հարցեր դիմագրաւող միակ ժողովուրդը չեն: Հայերը‚ եզիտիները եւ աշխարհի տարածքին ուրիշներ եւս‚ որոնք բազմաթիւ հալածանքներու ենթարկուած են, կը դիմագրաւեն այսպիսի հարցեր։
***
Կրնա՞ք դուք ձեզ ծանօթացնել մեր ընթերցողներուն։
Անունս Էյլեմ Տէօնեմ է։ Նախագահն եմ Ասորական Մշակութային Ընկերակցութեան եւ կ՚ապրիմ Տիարպեքիրի (Օմիտ) մէջ։
Ո՞ւր ծնած ես եւ մանկութիւնդ ո՞ւր անցուցած։ Ծնողքդ եւ մեծ հայրերդ ուրկէ՞ էին։ Ի՞նչ կը յիշես մանկութեանդ մասին։
Ծնած եմ Տիարպեքիր։ Հայրս՝ Մեհմեթ Տէօնեն, ծնած է Տիարպեքիրի Լիչէ գաւառի Շըմշըմ գիւղը։ Մեծ հայրս՝ Պաքի Տէօնեն, ծնած ու մեծցած է Օրման Քայա գիւղին մէջ։ Շատ քիչ կը յիշեմ մեծ հօրս ցեղասպանութեան մասին խօսիլը։ Ան իր կեանքի պատմութիւնը կը պատմէր եւ թէ ինչպէ՛ս ցեղասպանութենէն վերապրեցաւ։
Առաջին անգամ ե՞րբ իմացար‚ թէ ասորի ես եւ որմէ՞։ Ի՞նչ զգացիր։ Զգացական դժուարութիւններէ անցա՞ր։ Ասորական ինքնութեանդ գիտակցելէ առաջ, ինքզինքդ ի՞նչ ազգութեան եւ կրօնի պատկանող կը նկատէիր։
Ընտանիքս եւ մեծ հայրերս մեր մանկութեան մեզի փոխանցած են մեր ինքնութեան մասին։ Այդ պատճառով ալ ասորական ինքնութեանս հարցով դժուարութիւններ չունեցայ։ Ազգային պատկանելիութիւնս միշտ ալ ասորի եղած է։ Ընտանիքս ու ես իսլամ ենք։
Որո՞ւն յայտնած ես ազգային պատկանելիութիւնդ։ Ընտանիքիդ եւ հարազատ ազգականներուդ հակազդեցութիւնը ի՞նչ էր։
Ընտանիքս եւ հարազատ ազգականներս գիտէին ազգային պատկանելիութեանս մասին եւ որեւէ խնդիր չդիմագրաւեցի։ Բայց եւ այնպէս‚ աշխարհագրական այս տարածքին ապրող այլ ազգութիւններէ մարդիկ տարբեր վերաբերմունք ցուցաբերեցին։ Ոմանք դրական‚ իսկ ուրիշներ որոշ նախապաշարումներով՝ ժխտական։ Այո՛‚ ես իսլամ եմ եւ պիտի մնամ։ Մեծ յարգանք ունիմ քրիստոնէութեան հանդէպ։ Սակայն կը հաւատամ‚ որ իսլամութիւնը ամէնէն նոր կրօնն է, եւ կեանքս այսպէս պիտի շարունակեմ՝ հաւատքիս կառչած։
Ինչպէ՞ս կապ հաստատեցիր քեզի պէս ուրիշներու հետ, եւ ինչպէ՞ս իրարու միացաք։ Ինչպիսի՞ դժուարութիւններ դիմագրաւեցիր։
Մեր գիւղին մէջ ապրող ընտանիքիս եւ հարազատներուս հետ միշտ կապի մէջ եղած եմ։ Քով-քովի գալու դժուարութիւններ չենք ունեցած։ Երբ այլ շրջաններէ այլ անձերու հետ հանդիպեցանք‚ մեր ինքնութեան վերաբերեալ հարցեր եւս չունեցանք‚ սակայն մեր հաւատքին վերաբերեալ որոշ վերապահութիւններ կան։
Կրնա՞ք մեզի տեղեկացնել‚ թէ ձեր ընկերակցութիւնը ինչպէ՞ս կազմուեցաւ։ Զայն կազմելով՝ ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդէիք։
Ընկերակցութիւնը հիմնելով՝ մեր գլխաւոր նպատակն էր գտնել մեզի նման իսլամ ասորիներ‚ որոնք «թաքնուած» են։ Կ՚ուզենք անոնց տրամադրել բեմահարթակ մը‚ որպէսզի կարենան ձայն բարձրացնել եւ իրենց մտածումները յայտնել։ Աւելին‚ կ՚ուզենք ասորական ինքնութիւնը ամրապնդել։
Ներկայիս ի՞նչ է ձեր անդամներուն թիւը։ Թուրքիոյ մէջ քանի՞ անձերու հետ կապ հաստատած էք։
Ունինք 100 արձանագրուած անդամ‚ որոնք մեր ընտանիքներուն նման ընտանիքներ ունին։ Ընկերային ցանցի եւ այլ միջոցներով կապի մէջ ենք Թուրքիոյ մէջ ապրող 5000 ասորիներու հետ։
Ո՞ր շրջաններէն են։
Անոնք Տիարպեքիրէն են եւ ամբողջ արեւելեան Թուրքիայէն։
Ի՞նչ գիտէք Սէյֆոյի (Ասորիներու Ցեղասպանութեան) մասին։
«Սէյֆօ» կը նշանակէ սուր‚ որ 1915ին ասորիները բնաջնջելու համար օգտագործուած իր մըն է։ Այդ է պատճառը‚ որ զայն կը կոչենք Սէյֆօ՝ մեր պատմութեան ամէնէն սեւ էջերէն մէկը։ Ասորիները իրենց երկու երրորդը կորսնցուցին այդ օրերուն։
Ընտանիքդ‚ մեծ հայրերդ ինչպէ՞ս իսլամացած են։ Որո՞նց կողմէ առնուած կամ ծախուած են:
Մեծ հայրս մեզի ըսաւ‚ թէ Սէյֆոյի ընթացքին քիւրտ ընտանիք մը առած է զինք եւ իր քոյրը. այդպիսով ցեղասպանութենէն փրկուած է։ Մեծ հայրս ութ տարեկան էր‚ իսկ քոյրը՝ վեց։ Այս ընտանիքին հետ կ՚ապրին։ Մեծ հայրս կ՚աշխատի իբրեւ հովիւ‚ իսկ քոյրը՝ տնային աշխատանք կը կատարէ։ Այդ շրջանին բռնի իսլամացուած են երկուքը։
Ի՞նչ կրնաս ըսել ընկերակցութեանդ անդամներուն անցեալին մասին։ Ո՞վ զանոնք բռնի իսլամացուցած է։ Ի՞նչ էր կառավարութեան դերակատարութիւնը։ Տեղական իշխանութիւնները այդ մէկը անկախաբար կը կատարէի՞ն‚ թէ՞ կառավարութեան թելադրանքով։
Մեր անդամներուն մեծամասնութիւնը մեծ հօրս ու անոր քրոջ պատմութեան շատ նման պատմութիւններ ունին‚ անոնցմէ ոմանք գերեվարուած են‚ ուրիշներ՝ «գնուած» շուկայէն։ Այս մարդիկը բռնի իսլամացուած են‚ որովհետեւ կը բնակէին իսլամ ընտանիքներու մէջ։ Կառավարութիւնը (օրուան) եւ տեղական իշխանութիւնները գործակցաբար իրագործեցին Ասորիներու Ցեղասպանութիւնը։
Թաքնուած ասորիները իրենց ինքնութեան բացայայտման հարցով ի՞նչ հակազդեցութիւն ցուցաբերած են:
Անոնք ազատօրէն չեն կրնան բացայայտել իրենց ծագումը՝ շրջապատին հակազդեցութեան պատճառով։ Անոնք լուրջ դժուարութիւն կը դիմագրաւեն այս հարցով։
Որքա՞ն է Թուրքիոյ մէջ քեզի պէս թաքնուած ասորիներու թիւը:
Միայն մեր ընկերացութեան միջոցաւ այս տարի կապ հաստատեցինք 100 ընտանիքի հետ։ Իսկական թիւը չենք գիտեր՝ վերապահութիւններու եւ զանազան դժուարութիւններու պատճառով։ Քիչեր ազատօրէն կ՚արտայայտուին։ Սակայն գիտենք, թէ թիւը շատ մեծ է։
Այս գնահատականը ինչպէ՞ս գոյացուցիր։
Այս գնահատականը տուինք‚ որովհետեւ մեր ընկերակցութիւնը հետաքննեց մեր գիւղերուն‚ քաղաքներուն եւ շրջանին մէջ ապրող ժողովուրդին ծագումը։
Ի՞նչ կրնաք ըսել ձեր անդամներուն ներկայ կրօնական պատկանելիութեան մասին։ Անոնք իրենք զիրենք իսլամնե՞ր‚ քրիստոնեանե՞ր‚ թէ՞ անհաւատներ կը սեպեն:
Մեր աշխատանքը կրօնական պատկանելիութեան մասին ոչինչ կը ներառէ։ Ոմանք իսլամ են‚ ուրիշներ՝ քրիստոնեայ եւ ոմանք ալ՝ անհաւատ։ Մեր ընկերակցութեան հիմնական նպատակը թաքնուած ասորիներ գտնելն է։
Ընտանիքդ ինչպէ՞ս հակազդեց‚ երբ ընկերակցութիւնդ հաստատեցիր, եւ ինքնութիւնդ բացայայտուեցաւ։ Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանես այդ հակազդեցութիւնները։
Պիտի փափաքէի ըսել‚ որ հակազդեցութիւնները դրական եղան։ Դժբախտաբար ընտանիքիս կարգ մը անդամներ մոռցան‚ որ նոյն ազգութեան կը պատկանինք։ Եթէ սկսիս Սէյֆոյի ժամանակաշրջանը վերլուծել՝ իսլամանալը փրկուելու միակ ընտրանքն էր։ Կը յուսամ, որ ասորիները կ՚ընդառաջեն մեզի հետ գործակցելու մեր առաջարկին, իրենց տեղեկութիւններով կ՚աջակցին մեր աշխատանքներուն եւ չեն կեդրոնանար կրօնափոխութեան հարցին վրայ:
Ինչպիսի՞ հակազդեցութիւն ունեցան քիւրտերը‚ թուրքերը եւ այլ իսլամ խմբաւորումներ ձեզի հանդէպ‚ երբ ընկերակցութիւնդ հաստատեցիր։ Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանես այդ հակազդեցութիւնները։
Այս տարածաշրջանին մէջ ասորիներու կացութիւնը շատ դժուար է։ Բայց եւ այնպէս‚ եթէ մենք որպէս ասորիներու զիրար ընդունինք‚ այլ իսլամներ եւ ազգութիւններ ալ ապագային կը հարկադրուին ճանչնալու մեզ։ Այս է նպատակը մեր կազմակերպութեան։
Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Իրաքի‚ Սուրիոյ եւ միջին-արեւելեան այլ երկիրներու մէջ ասորիներուն դիմագրաւած կացութիւնը. ի՞նչ է ձեր հակազդեցութիւնը անոնց նկատմամբ։
Պատմութեան ընթացքին‚ ասորիները իրենց ինքնութեան պատճառով միշտ ալ այլ ազգերու կողմէ բռնարարքներու ենթարկուած են եւ պատերազմներ մղած։ Իբրեւ ասորիներու՝ մենք արձանագրուած պատմութենէն առաջ իսկ Միջագետքի մէջ գոյութիւն ունեցած ենք եւ տակաւին գոյութիւն ունինք։ Սակայն շատեր փորձած են մեզ բնաջնջել՝ ցեղասպանական բազմաթիւ միջոցներով։ Ես վստահ եմ‚ որ պիտի պայքարինք եւ գոյատեւելէ բնաւ պիտի չհրաժարինք։
Ասորի նկատուելու համար ոեւէ մէկուն հրամանին կարիքը ունի՞ս։
Ո՛չ‚ շատ յստակ է, թէ ո՛ւր մեծցած ենք։ Շատ յստակ է, թէ մեր նախնիները ովքե՛ր էին։ Շատ յստակ է, թէ մեծ հայրս եւ անոր քոյրը ովքե՛ր էին։ Ուստի‚ մենք մեզ ասորի կոչելու համար ոեւէ մէկուն արտօնութեան կարիքը չունինք։
Կը յուսամ՝ մարդիկ կը հասկնան‚ որ կրօնքը անձնական ընտրութիւն մըն է։ Ինչպէս որ եւ կը յարգեմ քրիստոնէութեան եւ այլ կրօններու պատկանող մարդիկը‚ անոնցմէ կը սպասեմ‚ որ իրենք ալ իմ հաւատքս յարգեն։
Աշխարհի տարածքին ապրող ասորիներուն ի՞նչ պատգամ կ՚ուզես փոխանցել։
Չենք կրնար անցեալը որոշել‚ սակայն պէտք չէ նաեւ զայն մոռնանք։ Ժամանակն է‚ որ մեր տարակարծութիւնները մէկդի դնենք ու միանանք։ Դարձեալ կ՚ուզեմ շեշտել‚ որ եկած է ժամանակը իբրեւ ասորիներու միանալու, եւ մեր ձայնը աշխարհին լսելի դարձնելու։