Մինչ աշխարհի տարածքին հայօճախները կ’ոգեկոչէին Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցը՝ թուրք պատմագէտ դոկտ. Թաներ Աքչամի կողմէ կատարուած նորագոյն յայտնաբերումը վերածուած էր քննարկումի գլխաւոր նիւթի‚ որուն անդրադարձան առաջատար լրատուամջիոցներ եւ հրատարակութիւններ։ Աքչամ‚ որ կը կոչուի նաեւ «Հայոց Ցեղասպանութեան Շերլօք Հոլմզ»ը‚ տարիներէ ի վեր կ’ուսումնասիրէ Ցեղասպանութիւնը՝ հաւաքելով աշխարհի տարածքէն փաստաթուղթեր, պայքարելու համար թրքական պետութեան ժխտողականութեան դէմ։
Ըստ Աքչամի՝ իր վերջին բացայայտումը‚ զոր կը նկատէ «անհերքելի փաստ» եւ «ժխտողականութեան պատին վերջին աղիւսը»‚ կը փաստէ‚ թէ օսմանեան կառավարութիւնը կը գիտակցէր եւ մեղսակից էր հայ ժողովուրդի բնաջնջումին։ Այս փաստաթուղթերը Համաշխարհային Ա. Պատերազմէն ետք կը կարծուէին կորսուած ըլլալ‚ սակայն այժմ յայտնաբերուած են։
Փաստաթուղթը‚ որ յետ-պատերազմեան թուրք կառավարութեան կողմէ վաւերական նկատուած է‚ օգտագործուած է Ցեղասպանութեան հեղինակ Պեհաէտտին Շաքիրը (Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկը) դատապարտելու՝ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծրագրող գլխաւոր յանցագործներէն մէկը։
Ստորեւ՝ «Արմինիըն Ուիքլի»ի հարցազրոյցը Աքչամի հետ
Տիգրան Խոտանեան — Հեռագիրի յայտնաբերումը կոչած էք «անհերքելի փաստ» եւ «ժխտողականութեան պատին վերջին աղիւսը»։ Ինչո՞ւ այս փաստաթուղթը աւելի կարեւոր կը նկատէք, քան արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող միւս փաստերը։
Թաներ Աքչամ — Այս փաստաթուղթը կը հաստատէ տարիներու ընթացքին հաւաքուած փաստերը։ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ամէնէն կարեւոր աղբիւրներէն մէկը Պոլսոյ մէջ զինուորական դատավարութեան արձանագրութիւններն են։ Պատմագէտ Վահագն Տատրեան այդ դատավարութիւնները օգտագործած է՝ վերցնելու համար Թուրքիոյ ժխտողականութեան պատը։ Սակայն‚ դատարանի փաստաթուղթերը միշտ քննադատուած են‚ որովհետեւ բնագիրներ չէին։
Իրականութեան մէջ‚ Կունթըր Լեւի իր «Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայկական ջարդերը՝ վիճելի ցեղասպանութիւն մը» խորագիրով գիրքին մէջ ռազմական դատարանի նիւթերը թերագնահատեց՝ պնդելով, որ բնագիրները չունինք‚ որովհետեւ գոյութիւն չունին։ Այդ գիրքին մէջ ան կը գրէ.- «1919-20ի ռազմական դատարանի հոլովոյթի ապացուցական արժէքին ազդող լրջագոյն հարցը այդ դատավարութիւններուն բոլոր փաստաթուղթերուն կորուստն է։ Այդ մէկը կը նշանակէ‚ որ բնագիրները չունինք փաստաթուղթերուն‚ երդուեալ վկայութիւններուն եւ տուեալներուն‚ որոնց վրայ հիմնուած են հաստատումներն ու վճիռները» (էջ 80)։
Եւ այժմ ունինք բնագիր փաստաթուղթերը՝ պաշտօնական անթեթաւոր թուղթերու վրայ‚ որոնք գրուած են ծածկագրի համակարգով մը։ Ծածկագրի համակարգը մեզի կ’արտօնէ սպանութեան եւ սպանդի գործողութեան առնչուած նամակներուն իսկութիւնը հաստատելու։ Այս մէկը մեծ հարուած մըն է ժխտողական պնդումներուն։ Պիտի շարունակեմ հրապարակել զինուորական դատարաններէն յաւելեալ փաստաթուղթեր‚ որովհետեւ գոյութիւն ունեցող աշխատութեանց կարեւոր յաւելում մըն են անոնք։
Տ.Խ. — Դուք նշած էք‚ որ փաստաթուղթը գտած էք հայ կաթողիկէ վարդապետի մը՝ Գրիգոր Կերկէրեանի զարմիկին մօտ։ Կրնա՞ք այդ մասին խօսիլ։ Ինչպէ՞ս կրցաք վերջապէս ապահովել փաստաթուղթը։
Թ.Ա. — Փաստաթուղթը Նիւ Եորքի մէջ հայ կաթողիկէ վարդապետ Գրիգոր Կերկէրեանի անձնական արխիւին մէջն էր։ Բնագիրը կը գտնուի Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան արխիւներուն մէջ։ Կերկէրեան 1960ական թուականներուն այցելած է Պատրիարքարան եւ այդ արխիւները ամբողջութեամբ լուսանկարած։ Հանրածանօթ փաստաթուղթ մըն է եւ բազմաթիւ անգամ հրապարակուած է։ 1919-1921ին Պոլսոյ գլխաւոր դատավարութեան մէջ լայնօրէն մէջբերուած է։ Տատրեան անձնապէս այցելեց Երուսաղէմ՝ միեւնոյն ժամանակ կապի մէջ էր Կերկէրեանի հետ‚ այս հեռագիրը օգտագործեց եւ իր ենթագրութիւններուն մէջ յղումներ կատարեց Կերկէրեանին եւ Երուսաղէմի արխիւին։
Ամէնէն կարեւորը՝ Հայկական Համագումարը 1983ին լուսանկարեց Կերկէրեանի ամբողջ արխիւը։
Այդ արխիւը հասանելի է 1983էն ի վեր‚ սակայն ոչ ոք կրնար զայն մանրամասնօրէն քննել‚ որովհետեւ պատշաճ ցանկագրում չկար։ Թերեւս ժապաւէնի 100 ծրար կար եւ գրեթէ անկարելի էր այս փաստաթուղթը գտնելու համար այդ բոլորը աչքէ անցընել։ Մասնագէտները Կերկէրեանի արխիւին եւ Համագումարին մօտ անոր օրինակներու գոյութենէն տեղեակ էին։ 2000ին երբ առաջին անգամ եկայ Միացեալ Նահանգներ‚ մօտեցայ Կերկէրեանի զարմիկին եւ արտօնութիւն խնդրեցի քննելու բնագիրները‚ որոնք Նիւ Եորքի մէջ անոր մօտ են։ Ան մերժեց‚ որովհետեւ բոլոր նիւթերուն լուսապատճէնները կը գտնուէին Ուաշինկթընի մէջ։ 2015ին‚ դարձեալ կապ հաստատեցի զարմիկին հետ՝ բնագիրները տեսնելու արտօնութիւն խնդրելու համար, եւ այս անգամ արտօնեց։
Տ.Խ. — Յայտնաբերելի յաւելեալ փաստաթուղթեր կրնա՞ն ըլլալ։
Թ.Ա. — Տակաւին յայտնաբերելի շատ այլ փաստաթուղթեր կան։ Պոլսոյ դատարանէն շարք մը բնագիր ծրարներ ունինք‚ որոնք՝ գիտենք, թէ կը գտնուին Երուսաղէմի եւ Կերկէրեանի անձնական արխիւներուն մէջ։
1940ական թուականներուն‚ մինչ Գրիգոր Կերկէրեան Գահիրէի մէջ իր դոկտորական թեզին համար Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին կրօնաւորներու բնաջնջման մասին ուսումնասիրութիւն կը կատարէր‚ հանդիպում ունեցաւ օսմանեան նախկին դատաւորի մը հետ‚ որ անդամ էր Համաշխարհային Ա. Պատերազմէն ետք Պոլսոյ ռազմական դատարանին։ Ան Կերկէրեանին յայտնեց‚ որ երբ ռազմական դատարանին մէջ ծառայող դատաւոր էր‚ Հայոց Պատրիարքարանը դատարանին մէջ հայերու պաշտօնական ներկայացուցիչն էր։ Անոնց արտօնութիւն տրուած էր դատական փաստաթուղթեր ձեռքբերելու եւ, հետեւաբար, անոնց արտօնեց դատարանի փաստաթուղթերը առնելու։
Դատաւորը նաեւ Կերկէրեանին յայտնած է‚ թէ 1922ին Պոլսոյ հայոց Զաւէն (Տէր-Եղիայեան) Պատրիարքը ծրարներ փոխադրեց Եւրոպա՝ սկիզբը Մարսէյլ‚ ապա՝ Մանչեսթըր եւ ի վերջոյ Երուսաղէմ։
Ուստի 1960ական թուականներուն Գրիգոր Կերկէրեան գնաց եւ այդ բոլորը լուսանկարեց։
Տ.Խ. — Ձեր յայտնաբերումը ինչո՞վ կը տարբերի այլ յայտնաբերումներէ եւ կը կարծէ՞ք‚ որ այս նորագոյն յայտնաբերումը Թուրքիոյ կեցուածքը կրնայ փոխել եւ Ինչո՞ւ։
Թ.Ա. — Կատարած յայտնաբերումս ծածկագրութեան համակարգին բացայայտումն է եւ նշումը, որ փաստաթուղթը գրուած է օսմանեան անթեթաւոր (պաշտօնական վերտառութեամբ) թուղթի վրայ։ Թրքական իշխանութիւնները պիտի չկարենան փաստել, որ իսկական չէ։ Հեռագիրին վրայ եղող ծածկագրութիւնը անհերքելի է եւ իսկական ըլլալը ցոյց կու տայ։
Այսօր‚ Օսմանեան Արխիւին մէջ գոյութիւն ունին հարիւրաւոր փաստաթուղթեր‚ հիմնականին մէջ նահանգներէն Պոլիս եկած հեռագիրներ։ Անոնք բոլորն ալ ծածկագրուած են արաբերէն թիւերով։ Չորս կամ հինգ թիւեր ցոյց կու տան բառ մը կամ յետնամասնիկներ։ Երբ այս ծածկագրուած հեռագիրները կը հասնէին Պոլիս‚ պաշտօնատարները իւրաքանչիւր թիւերու խումբին համապատասխան բառեր կը գրէին։ Ահա այս ձեւով է‚ որ այսօր կրնանք կարդալ այդ փաստաթուղթերը։ Պեհաէտտին Շաքիրի հեռագիրներուն ծածկագրութիւնը բաղդատեցի Օսմանեան Արխիւին մէջ եղածին հետ եւ գտայ, որ իրարու համապատասխան են։
Պարզապէս օրինակ մը տալու համար‚ Շաքիրի հեռագիրին մէջ տեղահանութիւն եզրը ծածկագրուած է «4889»ով։ Եթէ նոյն ժամանակաշրջանին նահանգներէն կեդրոնական կառավարութեան հասնող եւ Շաքիրի հեռագիրին նման չորս թիւեր ունեցող օսմանեան փաստաթուղթերուն նայիք, կը տեսնէք, որ անոնք բոլորն ալ տեղահանութեան համար կ’օգտագործեն «4889» ծածկագիրը։
Ոչ ոք կրնայ պնդել‚ որ այս հեռագիրը իսկական չէ։ Հիմա թրքական կառավարութիւնը պէտք է բացատրութիւն մը գտնէ‚ որովհետեւ «բնագիրը ցոյց տուր»ի պնդումը անօգուտ է այլեւս։ Բնագիրը ունինք։
Վստահ եմ‚ որ պիտի շարունակեն ժխտել Ցեղասպանութիւնը‚ որովհետեւ ժխտողականութիւնը կապ չունի ակադեմական հետազօտութեան հետ‚ այդ մէկը քաղաքական հարց է։ Բայց ըսածս այն է‚ որ հիմնուելով նոր փաստաթուղթերուն վրայ‚ այժմ շատ դժուար է Հայոց Ցեղասպանութիւնը հերքել։ Այն պատճառաբանութիւնները‚ զորս տարիներէ ի վեր կ’օգտագործէին, այլեւս գործի չեն ծառայեր։ Ուստի‚ պէտք է նոր հնարքի դիմեն։
Տ.Խ. — Երուսաղէմի արխիւներուն մէջ հետազօտութիւն կատարելը պատմաբաններուն արտօնուած չէ՞։
Թ.Ա. — Այո՛‚ անոնք մասնագէտներուն հասանելի չեն։ Տարիներու ընթացքին քանի մը անգամ մերժուած եմ։ Կ’ուզէի ստուգել Գրիգոր Կերկէրեանի արխիւները՝ տեսնելու համար, թէ իսկապէ՛ս ամէն ինչ լուսապատճէնի առած է։ Արտօնութիւն չէի ստանար։ Եւ պատրաստ պատասխան մը ունին՝ «Ցանկագրութեան ընթացքին մէջ ենք»։ Վստահ չեմ‚ թէ ատիկա ճիշդ է կամ ոչ։ Ըստ իս՝ յատուկ պատճառ մը գոյութիւն չունի‚ որ Երուսաղէմի արխիւները հասանելի չըլլան պատմաբաններուն։ Չեմ ուզեր նաեւ ենթադրութիւններ կատարել։