Թուրքիոյ նախագահ Րաճէպ Թայիպ Էրտողան Հինգշաբթի օր՝ 7 Դեկտեմբերին իր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան սկսաւ Յունաստան։
Թէեւ 65 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ նախագահ մը կ’այցելէ Յունաստան, բայց պատմական այդ առիթը ինքնին բաւարար չեղաւ շրջահայեաց պահելու նախագահ Էրտողանը, որ ընդհակառակն՝ Յունաստանի իր պաշտօնակիցներուն ուղղեց արտակարգօրէն կարծր քննադատութիւններ, երկու դրացի երկիրներու յարաբերութեանց մէջ առկայ տարակարծութեանց վերաբերեալ։
Մինչ տնտեսական ծանրագոյն ճգնաժամէ անցնող Յունաստանը կը յուսար, որ հարեւան Թուրքիոյ նախագահը անհըրաժեշտ ճիգը պիտի թափէր իր նպաստը բերելու զոյգ երկիրներու տարակարծութեանց հարթումին ուղղութեամբ, պրն. Էրտողան առաջին իսկ պահէն կարծր դիրք ճշդելով յամառեցաւ՝ առկայ տարակարծութեանց պատասխանատուութիւնը բեռցնելու յունական կողմին վրայ։
Յունաստանի նախագահ պրն. Փաւլոփուլոսի հետ իր հանդիպման աւարտին, պրն. Էրտողան բառերը առանց ծամծմելու շեշտեց, որ 1923ի Լօզանի Դաշնագիրը հարկ է վերանայիլ եւ մեր օրերուն պատշաճեցնել, որպէսզի անհրաժեշտ սրբագրումները կատարուին թէ՛ Յունաստան-Թուրքիա գործող «անարդար» սահմաններուն, թէ Յունաստանի իսլամ (թուրք) փոքրամասնութեան իրաւունքներուն ամրագրման ուղղութեամբ։
Իսկ Յունաստանի վարչապետ Ցիփրայի հետ հանդիպումէն ետք, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան ոչ միայն կրկնեց ՆԱԹՕի իր դաշնակից դրացիին ուղղուած սահմաններու վերադասաւորման, Եգէականի մէջ թրքական իրաւունքներու վերականգնման եւ իսլամ փոքրամասնութեանց իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ իր քննադատութիւնները, այլեւ Կիպրոսի հարցով ուղղակի գրգռիչ արտայայտութիւններ ունեցաւ Յունաստանի հասցէին՝ յունական կառավարութիւնը պատասխանատու համարելով Կիպրոսի բաժանումին համար, որուն Յունաստանի վարչապետը պարզապէս պատասխանեց, թէ Կիպրոսի հիւսիսային բաժինին թրքական գրաւումն է պատճառը տագնապին այսքան երկար ժամանակ անլուծելի մնալուն։
Նոյնիսկ վարչապետ Ցիփրայի հետ իր միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, նախագահ Էրտողան ուղղակի դատապարտեց Յունաստանը, որ քաղաքական ապաստան տուած է անցեալ տարուան Յուլիսին Թուրքիոյ մէջ զինուորական բռնաշրջում փորձած բարձրաստիճան զինուորականներու։
Իր կողմէ՝ վարչապետ Ցիփրաս կարեւորութեամբ շեշտեց, որ Յունաստան մեծապէս մտահոգ է Եգէականի մէջ թրքական օդուժին կատարած ոտնձգութեանց պատճառով՝ միաժամանակ շեշտելով, որ Աթէնք կը նախընտրէ բանակցային ճամբով լուծումներ գտնել դրացի եւ ՆԱԹՕի մէջ զինակից զոյգ երկիրները տագնապեցնող հարցերուն։
Երէկ երեկոյեան, նախագահ Էրտողանի այցելութեան դէմ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան Աթէնքի կեդրոնին մէջ՝ մասնակցութեամբ մեծաթիւ քիւրտերու, թուրքերու եւ ձախակողմեան յոյներու։
Այսօր՝ Ուրբաթ օր, Թուրքիոյ նախագահը երկօրեայ իր պաշտօնական այցը պիտի աւարտէ Քոմոթինի այցելութեամբ, ուր պիտի տեսակցի հիւսիսային Յունաստանի իսլամ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ՝ անոնց փոքրամասնական իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերուն շուրջ։
Էրտողանի Յունաստան այցելութիւնը
Թուրքիոյ նախագահին Յունաստան այցելութիւնը Աթէնքի մէջ սկսաւ գրգռիչ յարձակումներով