«Պատկերն ու յուսադրիչ ապագան էք
հազարամեակներ հաշուող մեր հայրենիքին,
մեր ազգին, մեր ժողովուրդին…»
2017-18 տարեշրջանը կը բոլորենք բեղուն, արդիւնաւէտ գործունէութեամբ: Հայ եւ յոյն ուսուցչական կազմերը, ձեռք-ձեռքի տուած, կ՛աշխատին ի սպաս վարժարանիս բարգաւաճման։ Շնորհիւ անկեղծ գործակցութեան, հասկացողութեան, մեր վարժարանը օրինակելի դարձած է իր մակարդակով ու նախաձեռնութիւններով Նիքէայի ու Փիրէայի մէջ։ Համալսարանի դասախօսներ, կրթական նախարարութեան խորհրդատուներ, դրացի յունական նախակրթարաններուն բարձր դասարաններու աշակերտները իրենց տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ ընդառաջեցին մեր հրաւէրներուն:
Օգտուելով այս տարեշրջանի հռչակումէն իբրեւ «մաթեմաթիքի տարի», կազմակերպեցինք հետեւեալ ելոյթները.
— Խորհրդաւոր «π»ի թիւը՝ 6րդ դասարանի 120 հայ եւ յոյն աշակերտներուն ներկայութեամբ։
— Էրաթոսթենիին փորձարկութիւնը։
— Աթէնքի համալսարանի թուաբանական ճիւղի դասախօս պր. Նեստորիդիս ներկայացուց մեր 5րդ ու 6րդի աշակերտներուն թուաբանութեան խորհրդաւոր մտածելակերպը ու բացատրեց պարզ լուծումներուն գաղտնիքը։
— Ե. եւ Զ. դասարաններուն բոլոր աշակերտները մասնակցեցան Յունաստանի Մաթեմաթիքի Ընկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած Յունաստանի տարածքին թուաբանութեան մրցոյթին. բոլորն ալ մասնաւոր գնահատանքի արժանացան եւ երեք աշակերտուհիներ՝ Մարօ Միքայէլեան, Ճորճինա Քալենտերի-Ամիրալեան եւ Մարիա Մարտիկեան պարգեւատրուեցան ձեռքբերած գերազանց արդիւնքներուն համար։
Առաջին երկու ելոյթները ներկայացուց մեր ուսուցիչներէն պր. Սիուլան եւ ներկայ եղան յաջորդաբար Ուսումնական Խուրհուրդի ատենապետ պրն. Թ.Յովակիմեան եւ շրջանի կրթական խորհրդատու պրն.Իոաննիս Քացարոս։
Կը հաւատանք լայնամիտ մանկավարժութեան ու բազմատեսակ դաստիարակութեան՝ ազատ դաշտ տալով մեր աշակերտներուն. այսպէ՛ս, շաբաթական հերթականութեամբ վայելեցինք անոնց նախաձեռնութիւններն ու ստեղծագործութիւնները. փոքր թատերակներով, պարերով, խաղերով, եւայլն…։
Հայեցի դաստիարակութիւնը մեր թիրախն է: Միշտ մեր ուղեցոյցն է։ Այս ուղղութեամբ Հոկտեմբերին, Հայ Կապոյտ Խաչի «Զաւարեան» եւ «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարաններու հայ ուսուցչական կազմերու որոշումով՝ կազմակերպեցինք Հայկական Մշակոյթի Օր, «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ: Նորարար ծրագիրին նպատակն էր նախ մօտիկ բերել եւ ծանօթացնել իրարու երկու դպրոցներուն աշակերտները, ապա՝ զանոնք ոգեւորել ու աւելի մօտեցնել հայկական մշակոյթին, զանազան խաղերու ու հետաքրքրական զբաղումներու միջոցաւ։ Աննախընթաց յաջողութիւն ունեցաւ:
Ազգային եւ հոգեւոր տօներուն առթիւ, աշակերտները հանդէս եկան իրենց նախաձեռնած եւ ուսուցիչին գործակցութեամբ իրականացուած աշխատանքներով, ներկայացումներով։
Խաղն ալ դաստիարակութեան միջոց մըն է՝ աւելիով նաեւ, երբ առիթը ունինք հայօրէ՛ն ընելու. զարդարեցինք մեր բակը հայեցի խաղերով….
Մեր վարժարանի այս տարուան գործունէութեանց ցուցակը երկար է. կրնաք տեղեկանալ այցելելով մեր կայքէջը։
Սիրելիներ,
Երբ սփիւռքեան դժուար պայմաններուն մէջ, մեր աչքերու լոյսին նման կը պահպանենք հայ դպրոցը, հո՛ս՝ ուր կը պատրաստուին ազգային արժէքներով թրծուած մատղաշ եւ պատանի սերունդներ, պարտք կը զգամ մեր շնորհակալական խօսքը ուղղելու թեմիս առաջնորդ սրբազան հօր՝ Գեղամ Արք. Խաչերեանին, շրջանիս «Ս.Յակոբ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Վահրիճ Ղարախանեանին ու Թաղային եւ Տիկնանց Մարմիններուն։ Հ.Հ. Յունաստանի մօտ յարգելի պարոն դեսպանին։ Վարժարանին բարօրութեան հոգատարներուն՝ յունահայոց Ազգային Վարչութեան, Ուսումնական, Տնտեսական եւ Կալուածային Խորհուրդներուն, Հայ Կապոյտ Խաչին Շրջանային եւ մասնաճիւղներու վարչութիւններուն։
Յատուկ շնորհակալան խօսք՝
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական բաժնին՝ կրթական, բարոյական ու նիւթական զօրակցութեան համար:
Ամերիկայի Յունահայերու Միութեան՝ բարոյական եւ նիւթական շարունակական աջակցութեան համար:
Զաւարեան Արմէն եւ Մովսէս եղբայրներուն՝ նիւթական խանդաղատանքին համար։
Վարժարանիս Ծնողական Միութեան վարչութեան, որ տարեշրջանի ընթացքին ճիգ չխնայեց դպրոցին կարիքները հոգալու համար։
Առաւել՝ մեր այսօրուան հանդէսին Ծաղիկ եւ Զ. դասարաններու շրջանաւարտներուն նուէրները սիրայօժար տրամադրած «Փաւլոս եւ Արիս» ոսկերչատան։
Այս տարի ալ գործակցաբար կազմակերպեցինք բաց սեմինար աշխատանոց. «Մանկական սեռային անհանգստացնում եւ խոշտանգում. Կանխազգուշութիւն եւ դիմագրաւում դպրոցին մէջ» նիւթը ներկայացուց կրթական նախարարութեան խորհրդատու տիկին Իրօ Ռենծի։
Շնորհակալութիւն՝
«Ազատ Օր» օրաթերթի եւ «Արմենիքա» պարբերաթերթի խմբագրութեանց, «Զաւարեան կեդրոն»ի խորհուրդին, «Համազգային»ի պարի միաւորին՝ հայկական տարազներուն համար եւ պարուսոյց Էտկար Էկեանին՝ մեր այսօրուան հանդէսին աւարտական դասարանին հայկական պարի ուսուցման համար: Աթէնքի համալսարանի դասախօս պր. Համբիկ Մարուքեանին:
Սան պահող բարերարներուն՝ տիկիններ Անոյշ Ճրագեան եւ Պերճուհի Ունճեան. պարոններ Արապեան Գէորգ եւ Թագւոր Յովակիմեան։
Նուիրատուներուն՝ Արամ եւ Իոաննա Գասարճեան, Բարի Արշակունի, Մէրի Փափազեան, Հայկ Աճէմեան, Ռաֆայէլ Չալեան, Կարինէ Միքայէլեան-Մարտիկեան, Պարոնեան Երուանդ, Արեգնազ Մինասեան, Մարինոս Ղիորղոս։
Եւ մեր բոլոր բարեկամներուն՝ որոնք թիկունք կանգնեցան մեր վարժարանին ու հոգացին բազմատեսակ կարիքներ։
Վարձքը կատար՝
Մեր սիրելի աշակերտներուն, որոնք տարեշրջանի ընթացքին, բացի իրենց ամէնօրեայ պարտականութիւններէն, գուրգուրացին իրենց վարժարանին վրայ:
Մանկապարտէզի ու Նախակրթարանի բոլոր ուսուցիչներուն, որոնց հասկացողութեան եւ անկեղծ գործակցութեան շնորհիւ մեր վարժարանը կը զարգանայ, կը բարգաւաճի կիրթ մթնոլորտի, անկեղծ, ջերմ ու հաղորդական միջավայրի մէջ։ Ի մասնաւորի կորովի հայ ուսուցչական կազմին՝ Աբիկեան Անի, Արաքսիա Միքայէլեան եւ Ֆենտեան Անոյշ:
Շնորհակալութիւն՝ դպրոցի մատակարար տիկին Մարի Առաքելեանին. Ինքնաշարժներու վարորդներուն՝ Գաբրիէլ Ֆենտեան եւ Նիքօ Ծավարան, ուղեկցող տիկիններուն՝ Արուս Փոստաճեան եւ Զուարթ Թոքաթլեան, ու ձեզի՝ շատ սիրելի ծնողներ, որ մեզի կը վստահիք ձեր զաւակները, ձեր աչքի լոյսերը։ Դուք՝ անկեղծօրէն գիտակից հայկական դպրոցին առաքելութեան, համեստօրէն կը շարունակէք անոր նեցուկ կանգնիլ։
Շատ սիրելի աշակերտներս,
Ահա՛ ժամը եկաւ հրաժեշտ առնելու ձեր առաջին դպրոցէն. բայց վստահ եմ, թէ հոս անցուցած անմոռանալի պահերը ձեզ միշտ պիտի ընկերակցին… Եւ ի՜նչ պահեր… մանր-մունր վէճերը, թիւրիմացութիւնները… Սակայն ի զուր չէին «հրշէջ»-ուսուցիչներուն խրատները, համբերութեամբ հարցերուն լուծում տալը ձեր մասնակցութեամբ իսկ, միշտ փոխադարձ յարգանքով…
Փա՞ստը, ձեր այս տարուան հասուն ընթացքը…։
Ձեր ամէնօրեայ աշխուժութիւնը, եռանդը՝ դասարանին մէջ ե՛ւ դուրսը, հետաքրքրութիւնը, մասնակցութիւնը վարժարանի կեանքին ամէն տեսակէտով… բացառիկ էր. դո՛ւք եղաք մեր օգնականները՝ աւելի փոքրերուն խրատելով, օգնութեան ձեռք երկարելով, ուր որ պէտք եղաւ…։ Երկուշաբթի օրերը կարծես հաշուետուութիւն մըն էին Պատանեկանի, սկաուտականի, մարզականի եւ կամ «Համազգային»ի պարախումբի ձեր մասնակցութեանց։
Դասարանային աշխատաձեւի առաջարկները, մանաւանդ մի քանին՝ որոնց վրայ ես ալ հարցականներ ունէի… «գլուխ պիտի ելլե՞ն», «արդեօք շա՞տ կը պահանջեմ», անտարբեր երբեք չանցան. ընդհակառակն. մէկ խօսքը՝ երկու չեղաւ… Մեր վարժարանի կայքէջին էջերը բանալի հանդիսացան՝ գոհացնելու մասամբ ձեր հետաքրքրութիւնն ու ախորժակը նորը ճանչնալու եւ անոր մասնակցելու։ Բացուեցաք-ճանչցաք հայկական համացանցը, մասնակցեցաք անոր` գրութիւններով, գծագրութիւններով, շարադրութիւններով… ցանկը երկար է։
Ոգեւորուած հայերէնի «Հայրենի Աղբիւր» դասագիրքի նիւթերէն, զբօսանքի ժամերուն՝ կը հաւաքուէիք բոլորդ եւ բեմադրութիւններ կը պատրաստէիք… հակառակ մեր պատգամներուն, թէ զբօսանքի պահն ալ կարեւոր է… բայց եւ այնպէս ամբողջ դպրոցը մեծարեցիք՝ ամսական հերթականութեամբ 5-6 հետաքրքրական հաճելի դադարներով։
«Զաւարեան» վարժարանին մէջ տիրող հայրենասիրական մթնոլորտը կ՛արտացոլար ձեր շարադրութիւններուն մէջ արտայայտուած կարծիքներէն, մտածումներէն՝ ըլլան անոնք ազատ ու անկախ հայրենիքին մասին, սփիւռքի իրականութեան շուրջ, մայրենի լեզուին, մեր պահանջատիրական դատին ու դպրոցին մասին։
Հպարտութեամբ ու ոգեւորութեամբ գործակցեցաք դպրոցի մանկապարտէզին եւ մինչեւ Ե. դասարանի ձեզմէ փոքր «դասընկերներուն» եւ ուսուցիչներուն հետ. պատրաստեցինք մեր այս բացառիկ հանդէսը, ցօնուած՝ հայկական պետականութեան վերականգնման ու Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման 100ամեակին, մեր հայրենիքի մայրաքաղաք Երեւանի 2800ին (երկու հազար ութը հարիւրամեակին), Արցախեան ազատագրական պայքարի 30ամեակին (երեսունամեակին): Իսկապէս պատկերն ու յուսադրիչ ապագան էք հազարամեակներ հաշուող մեր հայրենիքին, մեր ազգին, մեր ժողովուրդին, որ պարտաւորուեցաւ միշտ պայքարելու, կռուելու, պատերազմելու, պաշտպանելու համար իր ինքնութիւնն ու հայրենիքը։
Դասարան մը՝ որ եզակի օրինակ դարձաւ գործակցութեան, խմբային ոգիի։ Ուրախանալ դասընկերոջը յաջողութեամբ, անոր ճամբայ բանալով նորանոր յաջողութիւններու, տխրիլ ու ցաւակցիլ գէշ պահերու, սակայն միաժամանակ՝ սիրտ տալ շարունակելու։
Վստա՛հ, թէ այդպէս ալ պիտի շարունակէ՛ք ձեր կեանքը ու մօտ ապագային այդպէս ալ պիտի գործէք մեր գաղութի կառոյցներէն ներս…
Հպա՛րտ եմ, որ ձեր ուսուցչուհին եղայ, ձեր տնօրէնուհին…
Ապրի՛ք, հազա՛ր ապրիք ու բարի շարունակութիւն ունենաք…
Եւ դո՛ւք ծնողներ՝ խերերնին տեսնէք։
Մրցանակներ
Աշխոյժ-խանդավառ դասարան, 14ն ալ. ամէն մէկը իր նախասիրութեամբ… իրեն յուզող հետաքրքրութեամբ, ըլլայ ատիկա հեքիաթ, ծիծաղ պատճառող գրութիւն, թատերախաղ, արկածախնդրական, պատմական եւ կամ մարզական նիւթ…։ Բոլորը յաջողեցան գերազանց արդիւնքով։ Ալիսան, երկու Աննաները, Էլիզը, Լիտիան, Մալվինան, Մարիան, Մարինան, Մարոն, Քրիստինը, Արթուրը, Աւետիսը, Էտուարդը եւ Միկէլը։
Ա Պ Ր Ի ՛ Ք
Ամէն տարի Հ.Կ.Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը աւարտական դասարանէն տարեշրջանի ընթացքին հայերէն լեզուի մէջ գերազանց արդիւնք բերող աշակերտին կը պարգեւատրէ Պատանեկան Միութեան ամառուան բանակումի մասնակցութեան մրցանակով։ Բոլորը 9էն վեր… սակայն գերազանց նիշ 10ն մաքուր՝ ձեռք բերին երեք աշակերտներ՝ Ալիսա Յունտինեան, Մալվինա Միքայէլեան եւ Մարօ Միքայէլեան։ Մրցանակին կ՛արժանանայ դասարանին իսկ արդար որոշումով՝ Մալվինա Միքայէլեանը։
Մէրի Փափազեան եւ Արշակունի Ռոպերթ իրենց հօր եւ վարժարանիս նախկին աշակերտներէն, Յակոբ Արշակունիի յիշատակին, 200 եւրոյի մրցանակով կը պարգեւատրեն մեր վարժարանի աւարտական դասարանէն հայոց պատմութեան գերազանց աշակերտը։ Հոս ալ 4 աշակերտներ ձեռքբերեցին բացառիկ 9,50էն բարձր արդիւնք՝ Մարօ Միքայէլեան, Մալվինա Միքայէլեան, Միկէլ Իօրտնաքէն եւ Աւետիս Մխիթարեան. մրցանակին կ՛արժանանայ 10 արդիւնքով՝ Մարօ Միքայէլեան։
Կրթաթոշակ
Տէր եւ տիկին Բիւզանդ եւ Պերճուհի Ունճեան, 2013-14 տարեշրջանի աւարտէն սկսեալ, ամէն տարի 500 եւրոյի կրթաթոշակով կը պարգեւատրեն հայկական դասանիւթերուն մէջ բացառիկ ճիգ թափող եւ գերազանց արդիւնքներ ձեռքբերող աշակերտ մը։ 2018-19 տարեշրջանին համար սոյն կրթաթոշակին կ՛արժանանայ Դ. դասարանի աշակերտ Լեւոն Նաւասարդեան։
Մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները բոլորին ու բարի շարունակութիւն։ Շնորհակալութիւն։
Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» վարժարանի
տնօրէնուհի Հայկանուշ Մինասեան