Եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր, Հ. Կ. ­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու կող­քին կը գոր­ծեն Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թիւն­ներ, ո­րոնք ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեամբ՝ մե­ծա­պէս կը նպաս­տեն մեր վար­ժա­րան­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րուն, ա­շա­կեր­տա­կան յա­ռաջ­դի­մու­թեան եւ դպրո­ցա­կան զա­նա­զան կա­րիք­նե­րու բա­ւա­րար­ման։
­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թեան շրջա­նա­ւարտ վար­չու­թիւ­նը, որ գոր­ծեց նա­խորդ եր­կու տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, ­Շա­բաթ՝ 11 ­Նո­յեմ­բեր 2017ի ե­րե­կո­յեան ժո­ղո­վի հրա­ւի­րեց բո­լոր ծնող­նե­րը՝ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ։ ­Ժո­ղո­վին ըն­դա­ռա­ջե­ցին մեծ թի­ւով ծնող­ներ, ո­րոնք լսե­ցին շրջա­նա­ւարտ վար­չու­թեան նիւ­թա­բա­րո­յա­կան տե­ղե­կա­գի­րը եւ ի­րենց գնա­հա­տա­կա­նը կա­տա­րե­ցին կա­տա­րո­ւած գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին։ ­Տե­ղե­կա­գի­րէն ի յայտ ե­կաւ, թէ վար­չու­թիւ­նը ի­րա­գոր­ծած էր գիր­քե­րու ցու­ցադ­րու­թիւն, նո­ւէր­նե­րու բաշ­խում, ար­կած­նե­րու ա­պա­հո­վագ­րա­կան դրու­թիւն ա­շա­կեր­տու­թեան հա­մար, հա­մա­կար­գիչ­նե­րու եւ տպագ­րա­կան մե­քե­նա­նե­րու ա­պա­հո­վում վար­ժա­րա­նին հա­մար, հա­ւա­քոյթ­ներ եւ այլ ձեռ­նարկ­ներ, ո­րոնք ծա­ւա­լե­ցան եր­կու տա­րո­ւան ըն­թաց­քին։
«­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի տիկ. ­Հայ­կա­նոյշ ­Մի­նա­սեան շնոր­հա­ւո­րեց շրջա­նա­ւարտ Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թեան վար­չու­թիւ­նը ի­րենց տա­րած բծախն­դիր աշ­խա­տան­քին, ինչ­պէս նաեւ փո­խա­դարձ յա­ջող գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար։ ­Շա­րու­նա­կե­լով՝ ան անդ­րա­դար­ձաւ Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան, շեշ­տեց տնօ­րէ­նու­թեան եւ վար­չու­թեան մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ՝ ա­շա­կեր­տու­թեան հո­գե­բա­նա­կան, զգա­ցա­կան եւ մտա­յին կա­րիք­նե­րուն ու հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րուն հաս­նե­լու նա­խա­պա­տո­ւու­թիւ­նը։ ­Նաեւ ընդգ­ծեց, թէ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նէն ներս գոր­ծող սկաու­տա­կան եւ պա­տա­նե­կան շար­ժում­նե­րը կու գան ա­ւե­լիով ամ­րապն­դե­լու ե­րե­խա­յի մը դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը, ո­րուն հի­մե­րը կը դրո­ւին ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րէն ներս։
Այ­նու­հե­տեւ, ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին, լսո­ւե­ցան զա­նա­զան ա­ռա­ջարկ­ներ ա­պա­գայ գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար, ա­պա՝ կա­տա­րո­ւե­ցաւ նոր վար­չու­թեան ընտ­րու­թիւն եւ ընտ­րո­ւե­ցան հե­տե­ւեալ ծնող­նե­րը.-
­Լու­սի­նէ Այ­վա­զեան, ­Մա­րիամ ­Սարգ­սեան, Էլ­վան ­Մա­նի­կեան, ­Մա­րիամ ­Ճար­պի­կեան, ­Վառ­վա­ռա ­Սի­րի­ղու, ­Վար­դու­հի ­Չա­լեան եւ ­Սո­նա Գ­րի­գո­րեան։
Շ­նոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քե­րու եւ մաղ­թանք­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով՝ ժո­ղո­վի ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ կո­կիկ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։

ԹՂԹԱԿԻՑ