Տարիներու ընթացքին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը՝ Փետրուար կամ Մարտ ամիսներուն, իր գործունէութեան ծիրէն ներս, կը կազմակերպէ ելոյթներու շարքեր, որոնք նուիրուած են Արցախեան հիմնահարցի ծանօթացման՝ յատկապէս յունական քաղաքական աշխարհին մօտ, այլ նաեւ մեր գաղութի հայութեան համար։ Ելոյթներուն կը հրաւիրուին Արցախի պետական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց խօսքը եւ ներկայացումը, անմիջական հաղորդականութենէն անդին, ունին ծանրակշիռ նշանակութիւն՝ Արցախի հարցի վերլուծման համար, օտար հանրութեան առջեւ։ Առաւել, Արցախի պետականութեան փաստացի եւ իրաւական իրականութեան ներքոյ, քաղաքական շփումները լաւագոյն առիթները կը հանդիսանան՝ մեր արծուաբոյնի ճանաչման հաստատման ուղիին վրայ։
Այս տարի եւս, «Մեր Արցախը. Միջազգային ճանաչման ճամբուն վրայ» բնաբանով Արցախեան շաբաթը ծայր առաւ եւ իրականացաւ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար տոքթ. Լեռնիկ Յովհաննիսեանի մասնակցութեամբ։
Երիտասարդ նախարարը, իր ներկայացումներուն ընդմէջէն, ցոյց տուաւ հարցերէն լաւատեղեակ ըլլալու պետական եւ քաղաքական այրի մը յատկանիշները, որոնք մեծապէս սատարեցին իր կողմէ մանրամասն եւ հիմնաւորուած կերպով Արցախի հիմնահարցի ծալքերու վերլուծման՝ իր կատարած բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին։
Նախարարի այցելութեան առիթով, ծրագրուած քաղաքական եւ գաղութային հանդիպումներու եւ ելոյթներու շարքը՝ Աթէնքի ու Թեսաղոնիկէի մէջ, բաւական տարածուն էր. անոնց ընթացքին, յարգելի հիւրը ներկայացուց Արցախի վերաբերեալ վերջին զարգացումները, ազերիական յարձակողապաշտութեան հետզհետէ ծաւալող ընթացքը, Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի ճամբով ցարդ կատարուած բանակցութիւնները, եւ աւելին՝ Արցախի ճանաչման իրաւացիութիւնը, Արցախի ժողովուրդի ազատօրէն ապրելու եւ ստեղծագործելու աննկուն կամքը։
Ելոյթներու կարգին, գլխաւոր տեղն ու նշանակութիւնը ունեցաւ կլոր սեղանի զրոյցը, որ իրագործուեցաւ Լրագրողներու Միութեան սրահին մէջ։ Յայտնենք, թէ սոյն ելոյթը ծրագրուած էր կայացնել Փանտիօ համալսարանի թատերասրահին մէջ, սակայն անբացատրելիօրէն արգելքներ յառաջ դրուեցան համալսարանի տնօրէնութեան կողմէ, այսպէս՝ արագ ու ճկուն դասաւորումներով, Հայ Դատի Յանձնախումբի պատասխանատու ընկերները ելոյթը փոխադրեցին Լրագրողներու Միութեան սրահին մէջ՝ Աթէնքի կեդրոնը։ Թէ՛ ելոյթի ընթացքին, թէ՛ ալ անկէ ետք, Յանձնախումբը պատշաճ եւ ազդու հակազդեցութեամբ պախարակեց անբացատրելի եւ անիրաւ որոշումին պարտադրումը։
Հակառակ նախնական խոչընդոտներուն ու արգելքին, կարելի է հաստատել, թէ կլոր սեղանի ելոյթը ունեցաւ մեծ յաջողութիւն, ապա արձագանգ՝ յունական մամուլին մէջ։
Հարկ է հոս նշմարել, թէ ներկաներու շարքին գտնուեցան յոյն քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնք տարիներու ընթացքին ցոյց տուած են հայասէր կեցուածք։ Այս կեցուածքը եւ համակրանքը դէպի հայութիւն՝ անցած են նաեւ գործնական քայլերու եւ իրագործումներու բովէն։ Հետեւաբար, անոնց ներկայութիւնը եկաւ հաստատելու նաեւ անոնց զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին եւ անոր արդար ձգտումներուն։
Ներկաներու թիւին մէջ, կարեւորութեամբ պէտք է շեշտել զգալի ներկայութիւնը ակադեմական շրջանակներու, մասնաւորաբար՝ քաղաքական գիտութեանց այժմու եւ նախկին ուսանողներու, որոնք բարձրագոյն կրթարաններու ուսմանց բաժիններուն մէջ կը զբաղին արեւելագիտութեան եւ Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական զարգացումներու վերլուծման գիտական աշխատանքով։
Աւելի՛ն. կլոր սեղանի զրոյցին մասնակցող վերլուծաբաններու ընտրութիւնը ի սկզբանէ ցոյց կու տար ելոյթի յաջողութեան նախատեսութիւնը։
Փրոֆ. Խրիսթուտոլոս Եալուրիտիս ակադեմական ծանօթ անձնաւորութիւն մըն է, որ քաղաքական գիտութեանց մարզէն ներս արձանագրած է կարեւոր նուաճումներ՝ յատկապէս իր գիտական վերլուծումներու, յօդուածներու եւ գիրքերու հարուստ ներկայութեամբ միջազգային ակադեմական աշխարհէն ներս։ Ծանօթ հայասէր, արդարամիտ եւ խոր վերլուծող դասախօսը, նաեւ իր զգացական արտայայտութիւններով, կանգ առաւ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման իրաւացիութեան ու կամքին վրայ։
Յայտնութիւն մըն էր փրոֆ. Աֆենտուլիս Լանկիտիսի ներկայացումը։ Երիտասարդ դասախօսը ցոյց տուաւ, թէ ինք խորապէս ուսումնասիրած է Արցախեան հիմնահարցի քաղաքական, իրաւական եւ միջազգային ծալքերը, որով ան յայտնեց, թէ հարցը՝ տարածաշրջանի մը խնդիրը ըլլալէ անդին, ունի՛ միջազգային տարողութիւն եւ արդարօրէն հիմնուած է հայ ժողովուրդի անժամանցելի եւ պատմական իրաւունքներուն վրայ։
Նախարար տոքթ. Լեռնիկ Յովհաննիսեան, թէ՛ իր ներածականով, բայց մանաւա՛նդ կատարուած հարցումներուն իր պատասխաններով՝ մանրամասնօրէն ներկայացուց բոլոր հարցերը, տալով լայն բացատրութիւններ եւ փաստացի տուեալներ Արցախի հարցի քաղաքական լուծման արդարացիութեան մասին։
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի խօսնակ ընկ. Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան, իր ներածական խօսքով եւ երկար փորձառութեամբ, յատկանշականօրէն սատարեց զրոյցի ծաւալման, հարցումներու բազմազանութեան ու ճոխութեան, ինչպէս նաեւ տրուած զեկոյցներուն ու բացատրութիւններուն ընկալումին՝ հանդիսատեսներուն կողմէ։
Անվիճելի իրողութիւն մըն է, թէ նմանօրինակ այլ ելոյթներ Արցախի հիմնահարցի ծանօթացման համար պէտք է իրենց շարունակութիւնը ունենան՝ աւելի յաճախակի կրկնումով։ Յատկապէս Յունաստանի քաղաքական եւ ակադեմական շրջանակներուն մօտ ազերիական յարձակողապաշտութեան մերկացումը հետեւողական կերպով տեղ պէտք է գտնէ, հակազդելու համար՝ Ատրպէյճանի նաւթային եւ կազային միջ-պետական քաղաքականութեան ճամբով յառաջ մղուած՝ Արցախի հարցի ջլատման ու անոր անկախութեան կործանման փորձերուն։
Յատկանշական էր փրոֆ. Եալուրատիսի վերջին խօսքը՝.- «Գոյութիւն չունի համաշխարհին հանրային կարծիք եւ արդարութիւն՝ ինչպէս յաճախ կ՚ըսուի. անոնք ցնորական մտածումներ են։ Հանրային կարծիքը եւ արդարութիւնը կը պարտադրուին մեծապետական ուժերու կողմէ միայն։ Սակայն, հայ ժողովուրդը իր արդար պայքարով եւ մարտունակութեամբ ցոյց տուած է, թէ իր սեփական ուժերով նուաճած ու պարտադրած է արդարութիւնը՝ միջազգային ընտանիքին մէջ։
Այս մարտունակութիւնը պէտք է օրինակ եւ խթան ըլլայ՝ թուրք եւ ազերի քաղաքական, ռազմական եւ դիւանագիտական յարձակողապաշտութենէն տառապող այլ ժողովուրդներու համար եւս»։
ԴԻՏՈՂ