Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ան­կա­խու­թիւ­նը ներ-հա­յաս­տա­նեան հարց չէ միայն, ան հա­մա­հայ­կա­կան խնդիր է:
Ս­փիւռք(ներ)ը ան­կա­խու­թեան պէտք է կառ­չի եր­կու պատ­ճառ­նե­րով: ­Նախ` ըն­թա­ցիկ հա­յա­պահ­պան­ման հա­մար, քա­նի որ ան­կախ հայ­րե­նի­քը զգա­ցա­կան-քա­ղա­քա­կան հպար­տու­թիւն կը ներշն­չէ, հո­գե­կան ուժ։ Երկ­րորդ` նաեւ վառ պա­հե­լու հա­մար միա­ցում-վե­րա­դար­ձի նոյ­նիսկ ե­րա­զա­յին յոյ­սը, թե­րեւս ալ յանձ­նա­ռու­թիւ­նը, ա­ռանց ո­րուն` սփիւռք(ներ)ը պի­տի չտե­ւէ:
7 ­Դեկ­տեմ­բեր 1919ին, ­Հա­յաս­տա­նի անդ­րա­նիկ հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պետ ­Յով­հան­նէս ­Քա­ջազ­նու­նի, տպա­ւո­րիչ պա­տո­ւի­րա­կու­թեամբ մը, գտնո­ւած է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ եւ ­Նիւ Եորք տե­ղի ու­նե­ցած հան­րա­ժո­ղո­վին խօ­սած է ճառ մը: Այդ ճա­ռը ամ­բող­ջու­թեամբ տեղ գտած է ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի «­Կեան­քի ու­ղի­նե­րով» եր­կի Ե. հա­տո­րին մէջ, էջ 310-315 (տպ. «­Հա­մազ­գա­յին», 1966): ­Ճա­ռի է­ջե­րուն հետ կայ նաեւ պա­տո­ւի­րա­կու­թեան խմբան­կա­րը, որ ին­չե՜ր կը պատ­մէ, Անդ­րա­նիկ եւ Ար­մէն ­Գա­րօ… եւ ու­րիշ­ներ…
­Յով­հան­նէս ­Քա­ջազ­նու­նիի ճա­ռը այ­սօր ալ կա­րե­լի է կրկնել` ուղ­ղո­ւած սփիւռք(ներ)ին.- «Ե­րա­զե՞լ էիք երբ եւ ի­ցէ, որ ձեզ, ձեր կեան­քի ըն­թաց­քում, վի­ճա­կո­ւել էր լսել այդ ա­նուն­նե­րը` հայ­կա­կան պար­լա­մենտ, կա­ռա­վա­րու­թիւն, զօրք, ոչ իբ­րեւ բաղ­ձանք կամ հե­ռա­ւոր յոյս, այլ` իբ­րեւ կա­տա­րո­ւած փաստ, գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ի­րա­կա­նու­թիւն: Զ­գո՞ւմ էք ար­դեօք այս ի­րո­ղու­թեան ամ­բողջ վե­հու­թիւ­նը»:
Այս խօս­քե­րը քա­ղա­քա­կան գի­տակ­ցու­թեան բարձ­րա­նա­լու կոչ են` ո՛չ բա­րե­սի­րու­թեան, ո՛չ զբօ­սաշր­ջու­թեան: ­Քա­ղա­քա­ցիա­կան գի­տակ­ցու­թեան կոչ` նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ հա­յը ո՛ւր որ ալ գտնո­ւի, ի՛նչ ալ ըլ­լան օ­րէնք­նե­րը, իր երկ­րին տէր քա­ղա­քա­ցի է: Ե­րէկ եւ այ­սօր այս տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը պէտք է որ հաս­նի իր եզ­րա­յան­գու­մին, ինչ ալ ըլ­լան խո­չըն­դոտ­նե­րը` հո­գե­բա­նա­կան, տնտե­սա­կան, ակն­կա­լու­թիւն­նե­րու: ­Յով­հան­նէս ­Քա­ջազ­նու­նի գի­տէ, որ մարդ­կա­յին տկա­րու­թիւն­ներ կան, կան նաեւ այ­սօր: ­Կը խօ­սի այն­պէս, որ կար­ծէք հի­մա կը գտնո­ւի գե­րա­ճող սփիւռք(ներ)ի այս կամ այն քա­ղա­քը:
­Յով­հան­նէս ­Քա­ջազ­նու­նի, կամ ժա­մա­նա­կա­կից մը երբ խօ­սի, պէտք ու­նի նաեւ լսո­ղի: Կ­’ը­սէ.- «­Պատ­մու­թեան մեծ դէպ­քե­րը ու­նին մի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն. նրանք չեն հաս­կաց­ւում, չեն գնա­հատ­ւում ըստ ար­ժա­նի­քի ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րի կող­մից: ­Պատ­մու­թիւ­նը մեծ է, լայն ու խոր, իսկ մարդ­կա­յին միտ­քը` թոյլ ու սահ­մա­նա­փակ: ­Ժա­մա­նակ պէտք է անց­նի, որ յան­կար­ծա­կիի բե­րո­ւած միտ­քե­րը կա­րո­ղա­նան մար­սել եւ իւ­րաց­նել ան­ցած ե­ղե­լու­թիւ­նը: Ան­մի­ջա­կան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը` յա­ճախ տգեղ ու վրդո­վե­ցու­ցիչ եւ միշտ չնչին` ամ­բող­ջու­թիւ­նը ո­րա­կե­լու հա­մար, ա­ռօ­րեայ մանր-մունր փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ան­հա­տա­կան, խմբա­յին կամ կու­սակ­ցա­կան հա­մակ­րու­թիւն­նե­րը կու­րաց­նում եմ ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րի կար­ճա­տես աչ­քե­րը, սխալ գա­ղա­փար են տա­լիս կա­տա­րո­ւած ի­րո­ղու­թեան մե­ծու­թեան մա­սին» (էջ 311):
Այդ օ­րե­րուն ալ, ինչ­պէս այ­սօր, տգեղ ու վրդո­վե­ցու­ցիչ ի­րո­ղու­թիւն­ներ կան, բայց յանձ­նա­ռու քա­ղա­քա­ցին, հա­յը ընդ­հան­րա­պէս, փո­խա­նակ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թե­նէ խու­սա­փե­լու հա­մար զա­նոնք պատ­ճառ-պատ­րո­ւակ հա­մա­րե­լու` տի­րու­թիւն կ’ը­նէ:
­Հայ­րե­նիք լքե­լու եւ հայ­րե­նիք չվե­րա­դառ­նա­լու հա­մար այն­քա՜ն հա­մո­զիչ պատ­ճառ­ներ կա­րե­լի է ներ­կա­յաց­նել, ինչ­պէս` «ապ­րո­ւե­լիք տեղ չէ», «ի՞նչ պի­տի տայ ին­ծի ­Հա­յաս­տա­նը», «կա­շա­ռա­կե­րու­թիւն կայ», «աշ­խա­տանք չկայ»…
­Բայց ո՞ւր գրո­ւած է, որ հայ­րե­նիք կը ստեղ­ծո­ւի եւ կը պա­հո­ւի ա­ռանց տքնե­լու: ­Հա­յաս­տան ­Խա­ղա­ղա­կա­նի ա­րե­ւա­դար­ձա­յին այս կամ այն կղզին չէ, ինչ­պէս կ’ը­սեն` պա­նա­նա­յին հան­րա­պե­տու­թիւն չէ, որ այդ­պէս, ա­ռանց պայ­քա­րե­լու ան­կա­խա­նայ: Այդ եր­կիր­նե­րուն տի­րած գա­ղու­թա­րար­նե­րը գա­ցին, ա­նոնք թշնա­մի դրա­ցի­ներ չու­նին, ի­րենց ե­տին չու­նին ա­ւե­րա­ծու­թեան հետք ձգած ներ­խու­ժող­նե­րու պատ­մու­թիւն:
­Յով­հան­նէս ­Քա­ջազ­նու­նի կը խօ­սի պատ­մա­կան մեծ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու մա­սին, ո­րոնք ան­մի­ջա­պէս չեն հասկ­ցո­ւիր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րու կող­մէ: Իսկ մեր պատ­մու­թեան հան­գու­ցա­յին պա­հե­րու ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րը մե՛նք ենք: Ինչ­պէ՞ս ակնկա­լու­թիւն­ներ ու­նե­նալ` բա­ցա­կայ ըլ­լա­լով: Ե­րէկ եւ այ­սօր, ­Հա­յաս­տա­նի վե­րա­կանգ­նու­մին հա­մար, ոչ միայն այ­սօ­րո­ւան հան­րա­պե­տու­թեան, հա­մազ­գա­յին վե­րա­բե­րում պէտք է: Այդ վե­րա­կանգ­նու­մը ամ­բող­ջա­ցումն է հայ­րե­նի­քի:
Ո՞վ կրնար ե­րե­ւա­կա­յել, որ հայ­կա­կան Ար­ցա­խը պի­տի ա­զա­տագ­րո­ւէր:
Այդ­պէս կրնայ ըլ­լալ միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ի­րա­կա­նա­ցու­մը… ե­թէ պատ­մու­թեան բա­նա­լի պա­հուն մենք ներ­կայ ըլ­լանք, ոչ միայն սրտով, եր­գով, ծա­փով, այլ` մեր համ­րան­քով, բա­զու­կով, աշ­խա­տան­քով, գի­տու­թեամբ, որ­պէս­զի ­Հա­յաս­տան-Ար­ցա­խի իւ­րա­քան­չիւր թիզ հո­ղը ծաղ­կի, բնա­կո­ւի, զար­գա­նայ, ըլ­լայ Ե­րե­ւա­նի պատ­կե­րով: Ինչ­պէ՞ս. մար­դոց­մով, քրտին­քով, ներդ­րու­մով, գի­տու­թեամբ:
Ե­թէ միայն հա­մո­զո­ւինք, ինչ­պէս կ’ը­սէ ­Յով­հան­նէս ­Քա­ջազ­նու­նի, որ «հա­մակ­րու­թիւն­նե­րը կու­րաց­նում են ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րի կար­ճա­տես աչ­քե­րը, սխալ գա­ղա­փար են տա­լիս կա­տա­րո­ւած ի­րո­ղու­թեան մե­ծու­թեան մա­սին»…
Ան­հատ­նե­րու ճիշ­դէն եւ սխա­լէն ան­դին, պէտք է գի­տակ­ցիլ նշո­ւած կա­տա­րո­ւած ի­րո­ղու­թեան մե­ծու­թեան: Ե­թէ դար մը ա­ռաջ այդ գի­տակ­ցու­թիւ­նը ցու­ցա­բե­րած ըլ­լա­յինք` հրա­ժա­րե­լով ան­հա­տա­կան ե­սե­րէ եւ հա­րուստ եր­կիր­նե­րու յա­տուկ տե­սա­բա­նա­կան մար­զանք­նե­րէ, թե­րեւս այլ կ’ըլ­լար պատ­մու­թեան ըն­թաց­քը:
­Յով­հան­նէս ­Քա­ջազ­նու­նիի խօս­քին մէջ կայ խիստ կա­րե­ւոր պատ­գամ մը նաեւ: Կ­’ը­սէ.- «Այ­սօր ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւնն է, ուր մենք պէտք է ո­րո­նենք մեր փրկու­թիւ­նը, մեր դա­րա­ւոր տեն­չե­րի ի­րա­գոր­ծու­մը: Այս­տե՛ղ է, որ հայ ցե­ղը պէտք է կեդ­րո­նաց­նէ այ­սօր իր ամ­բողջ ու­շադ­րու­թիւ­նը, իր միտքն ու հո­գին, իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ամ­բողջ կո­րո­վը, ո­րով­հե­տեւ այս­տե­ղից է, որ նա պէտք է լայ­նաց­նէ սահ­ման­նե­րը, վե­րա­շի­նէ ամ­բողջ ­Հա­յաս­տա­նը»:
Այլ պատ­գամ կրնա՞ն ու­նե­նալ ­Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռք(ներ)ի ի­րաւ ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը:
­Սահ­ման­նե­րու լայ­նա­ցու­մը մա­նա­նա­յի պէս եր­կին­քէն պի­տի չգայ, հե­քիաթ­նե­րու թզուկ­նե­րը պի­տի չվե­րա­շի­նեն ամ­բողջ ­Հա­յաս­տա­նը… ­Պարզ է` խօս­քը չի վե­րա­բե­րիր միայն հան­րա­պե­տու­թեան: Ե­րազ­նե­րը կա­րե­ւոր են, մեզ դուրս կը բե­րեն ան­հա­տա­կան եւ հա­ւա­քա­կան հո­գե­կան ընկ­ճո­ւա­ծու­թե­նէ, բայց ան­բա­ւա­ւար են հան­րա­պե­տու­թիւ­նը եւ ամ­բողջ ­Հա­յաս­տա­նը վե­րա­շի­նե­լու:
­Պէտք է յա­ճա­խել մե­ծե­րու դպրո­ցը, մա­նա­ւանդ ա­նոնց, ո­րոնք մեր պատ­մու­թեան աս­տե­ղա­յին պա­հե­րուն գտնո­ւած են ազ­գի ճա­կա­տա­գիր տնօ­րի­նո­ղի դիր­քե­րուն վրայ:
Ե­թէ ­Յով­հան­նէս ­Քա­ջազ­նու­նիի 1919ին ­Նիւ Եոր­քի մէջ ար­տա­սա­նած ճա­ռը այ­սօր կրկնէր ժա­մա­նա­կա­կից մը, ոչ ոք պի­տի խոր­հէր, որ այդ խօս­քե­րը դար մը ա­ռաջ ը­սո­ւա­ծին ար­ձա­գանգ են: 1919ին կամ այ­սօր, ազ­գո­վին պէտք է գի­տակ­ցիլ, որ ­Հա­յաս­տան­նե­րը միաց­նե­լու եւ վե­րա­շի­նե­լու աշ­խա­տան­քը ոչ ոք պի­տի կա­տա­րէ մեր փո­խա­րէն: Իսկ այս մե՛­րը չի լքուիր եւ չի կի­սո­ւիր:
Ս­փիւռք(ներ)ի հա­մար ան­կա­խու­թիւ­նը գի­տակ­ցու­թեան ոս­կի ա­ռիթ է, մաս­նակ­ցու­թեան եւ յանձ­նա­ռու­թեան ա­ռիթ, փաս­տե­լու հա­մար, որ ինք ազ­գին մէջ է, ազ­գի ի­րաւ հա­տո­ւած է: Ոս­կի ա­ռիթ` նաեւ հայ­րե­նի հո­ղի վրայ ինք­նի­րա­կա­նաց­ման՝ գիտ­նա­լով, որ հո­ղի վրայ միայն շա­րու­նա­կու­թիւն կա­րե­լի է ըլ­լալ:
Ա­ռանց ազ­գին մէջ սե­փա­կան ճա­կա­տագ­րի տի­րու­թեան կը մնան սկիզբ եւ վերջ չու­նե­ցող շա­տա­խօ­սու­թիւն­նե­րը, բա­րե­սի­րա­կան խիղ­ճի հան­դար­տե­ցում­նե­րը, ո­րոնք գոյն կու տան զբօ­սաշր­ջա­յին ար­շաւ­նե­րուն:
­Դար մը ա­ռա­ջի մա­սին երբ կը խօ­սինք, ի մտի պէտք է ու­նե­նանք, որ դար մը վեր­ջը այ­սօր սկսած է վե­րա­շի­նու­թեամբ` սահ­ման­նե­րու լայ­նաց­ման հե­ռան­կա­րով:
­Դար մը վերջ մեր յետ­նորդ­նե­րը եւ պատ­մու­թիւ­նը ինչ­պէ՞ս պի­տի դա­տեն մեր սե­րուն­դը:
­Պա­տաս­խա­նը այ­սօր պէտք է խմբագ­րել. հայ­րե­նիք լքող եւ ծա­գու­մով հա­յու ինք­նա­գոհ սփիւռք: