«Եունայթըտ Ուըրլտ Քոլէճզ» (Աշխարհի Միացեալ Քոլէճներ) ցանցի անդամ Դիլիջանի Միջազգային Դպրոցը, զոր հիմնած է գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեան, յայտնուած է «Ֆորպզ»ի վարկանիշի լաւագոյն հնգեակին մէջ: Դպրոցը ներառուած է ռուս միլիառատէրներու մասնակցութեամբ ստեղծուած լաւագոյն դպրոցներու վարկանիշին մէջ, որուն կարելի է ծանօթանալ «Ֆորպզ» հրատարակութեան պաշտօնական կայքին վրայ: Ռուբէն Վարդանեանի հիմնած Դիլիջան Միջազգային Դպրոցը գրաւած է երկրորդ հորիզոնականը։ Այս մասին կը յայտնէ «Sputnik Արմենիա»ն: Թերթը գրած է, որ 2014ին Ռուբէն Վարդանեան կնոջ հետ հիմնած է Դիլիջանի Միջազգային Դպրոցը, ուր կը յաճախեն տաղանդաւոր երեխաներ: Անիկա կը գտնուի Հայաստանի համանուն քաղաքին մէջ եւ մաս կը կազմէ «Եունայթըտ Ուըրլտ Քոլէճզ» միջազգային դպրոցներու ցանցին:
Այդ կը նշանակէ, որ ընդունելութեան քննութիւններէն ետք, ընդունող յանձնաժողովը կրնայ աշակերտը ուղարկել այլ երկիր ուսանելու, ուր նոյնպէս կայ ցանցի դպրոց: Այսօրուան դրութեամբ դպրոցին մէջ կ՛ուսանի 198 ուսանող՝ աշխարհի 72 երկիրներէ:
Վարկանիշին մէջ ներառուած են նաեւ հարուստ բարերաներու միջոցներով ստեղծուած այլ նախագիծեր:
Դիլիջանի Միջազգային Դպրոց
Դիլիջանի Միջազգային Դպրոցը՝ «Ֆորպզ» վարկանիշի լաւագոյն հնգեակին մէջ