Ծնաւ Լարիսա՝ 15 Օգոստոս 1927ին, ատաբազարցի Կարապետ եւ Ամասիացի Աղաւնի Մկրտիչեաններու տաքուկ բոյնին մէջ: Նախնական կրթութիւնը աւարտելէ ետք, ուսումը շարունակեց Կիպրոսի Մելքոնեան վարժարանը, ուրկէ արժանացաւ մանկավարժութեան մասնագիտութեան:
Ամուսնացաւ Տիրան Թորոսեանի հետ ու բախտաւորուեցաւ 3 զաւակներով — Վարուժան եւ երկուորեակներ՝ Այտա եւ Վերա:
Սկսաւ իր ուսուցչական ասպարէզը պաշտօնավարելով նախ «Ազգային» եւ ապա «Զաւարեան» վարժարաններուն մէջ, ու 1963ին՝ Բարեգործականի դպրոցին մէջ: Սակայն կեանքը շատ կանուխ ցոյց տուաւ իր մութ երեսը, երբ 1967ին ամուսինը կորսնցուց, այրի մնաց 3 զաւակներով՝ ամենափոքրերը երկուքուկէս տարեկան:
Ընտանիքը ապրեցաւ դժուար պայմաններու մէջ: Ան եղաւ ե՛ւ մայր, ե՛ւ հայր:
Միաժամանակ՝ 1968էն ետք, շարունակեց ուսուցչութիւնը հայկական դպրոցներուն մէջ՝ հասցնելով հայաշունչ ոգիով դաստիարակուած պատանիներ. նախ մի քանի տարի՝ Հ.Կ.Խ.ի Ֆիքսի «Լ. Եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանին մէջ եւ, ապա, մինչեւ հանգստեան կոչուիլը՝ «Զաւարեան» դպրոցին մէջ:
Եղաւ բոլորին սիրելի մանկապարտիզպանուհի տիկին Մարին:
Հպարտ եղաւ իր 4 թոռնիկներով՝ Տիրան, Գէորգ, Մարիլենա եւ Իլիա:
Կեանքը խաղեր կը խաղայ եւ 1997ին կրկին ցոյց տուաւ իր անողոք դէմքը՝ խլելով տիկին Մարիէն կրտսեր զաւակը՝ Վերան։
Սիրելի տիկին Մարի,
Եղար դասատուի տիպար մը՝ քու աշխատասիրութեամբ, պարտաճանաչութեամբ: Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, զորս անցուցիր, հայ դպրոցը ամէն բանէ վե՜ր դասեցիր:
Հողը թող թեթեւ ըլլայ վրադ։
ՀոՄէն