ՍԵԴՐԱԿ ԱՐԱՄԵԱՆ
«Ժամանակ» թերթի ժողովրդական
Տարեցոյցի Բ. (1927) հատորէն
Ժամանակաւ կեսարացիները, ուսումնական վարդապետ մը ունենալու տենչով, կը դիմեն Պատրիարքարան եւ կը խնդրեն, որ իրենց վարդապետը ետ կանչուի եւ անոր տեղ ուսումնական վարդապետ մը ղրկուի։
Պատրիարքարանը նկատի կ’առնէ խնդիրը եւ գոհացում կուտայ մեծ աղաներուն։
Հին վարդապետը ետ կը կանչուի եւ տեղը նոր մը կը ղրկուի ուսումնական դասէն։
Վարդապետը կը հասնի Կեսարիա եւ կ՚առաջնորդուի մեծ աղաներէն մէկուն տունը։
Կիրակի օրը վարդապետը իր անդրանիկ քարոզը կուտայ.-
«Օրհնեա՛լ ժողովուրդ։ Գործք Առաքելոցի 16րդ գլուխը կ’ըսէ, թէ դատաստանի օրը արդարներուն կողմը պիտի դասուին. նոյնը կը հաստատէ նաեւ Պօղոս առաքեալ իր առ Թեսաղոնիկեցիս գրած երկրորդ թուղթին 12րդ գլխուն մէջ»։
Մեծ աղաները դուրս կ’ելլեն եկեղեցիէն եւ կը հաւաքուին խորհրդարանը։
— Չեղաւ աս, մեր գործին չի գար,- կ’ըսէ մէկը։
— Ինչո՞ւ։
— Չլսեցի՞ր Հաճի աղա, անճախ Գործք Առաքելոցին 16րդ գլխէն կրնայ կոր վկայութիւն բերել։
— Պօղոս առաքեալին 12րդ գլխէն անդին չկրցաւ անցնիլ։
— Չէ՛, չէ՜, աս վարդապետին սնտուկը ձեռքը տալու եւ ետ դարձնելու է, մենք տգէտ վարդապետ չենք ուզեր։
Ու խեղճ մարդը կը վերադարձնեն Պոլիս եւ նոր խնդրագրով մը ուսումնական վարդապետ կ’ուզեն։
Պատրիարքը կեսարացիներուն խօսքը չի կոտրեր եւ իր վարդապետներուն ամէնէն ուսումնականը կը զատէ եւ ճամբայ կը հանէ։
Դարձեալ առօք-փառօք կ’ընդունուի նոր վարդապետը ու Կիրակի օրը կը սկսի իր քննութան քարոզը.-
«Օրհնեա՛լ ժողովուրդ, Սողոմոն իմաստուն իր Առակաց գիրքին 20րդ գլուխին մէջ կ’ըսէ, որ երկիւղած մարդը Աստուծոյ ընտրեալն է, ինչպէս որ Մատթ. Աւետարանիչ 30րդ գլխուն մէջ ըսած է, թէ… եւն։
Հաւաքում՝ մեծ աղաներու։
— Աս ալ չեղա՛ւ։
— Է՜հ, նորէն միւս գացողին հետ բաղդատելով սանկ քիչ մը «պիլկիչ»ը բարձր է։ Ասիկա Աւետարանին մինչեւ 30րդ գլուխը ելաւ, բայց նորէն մեր գործին չի գար։ Սողոմոն Իմաստուն, Պօղոս Առաքեալ, ասոնք ամէն մարդ գիտէ, չըլլար, ճանըմ, աս ալ չըլլար։
Վարդապետը յաջորդ շաբթու Պոլսոյ ճամբան ձեռք կ’առնէ։
Նոր դիմում՝ Պատրիարքարան։
Պատրիարքարանը շուարած է։
— Ի՞նչ տեսակ վարդապետ ղրկելու է այս մարդոց,- կ’ըսէ Պատրիարքը։
Այն ատենները Դաւիթ Վարդապետ մը կայ եղեր Մայր Եկեղեցին, գաւառացի տգէտ կրօնաւոր մը, քիչ մըն ալ փախուկ։ Կը լսէ Պատրիարքին մտմտուքը եւ կ’երթայ անոր մօտ։
— Սրբազա՛ն Հայր, զիս ղրկեցէք Կեսարիա, ես այդ մարդիկը գոհ կ’ընեմ,- կ՚ըսէ։
— Ի՞նչ կ՚ըսես, դո՞ւն մի. ես երկու ուսումնական վարդապետ ղրկեցի՝ ե՛տ դարձուցին. քեզի՞ պիտի հաւնին։
— Սրբազան Հայր, ես գիտեմ անոնց «միզաճ»ը, ղրկէ զիս եւ նայէ վերջը քեզմէ ի՜նչպէս գոհ պիտի ըլլան։
Վերջապէս Դաւիթ Վարդապետ կը հասնի Կեսարիոյ մօտ գիւղ մը։ Հոնկէ մէկը կը ղրկէ քաղաք մեծ աղաներուն. այդ մարդը վարդապետին կողմէ կ’ըսէ.-
— Ի՜նչ տխմար մարդիկ էք դուք, ձեր առաջնորդը եկեր է եւ չէ՞ք երթար դիմաւորելու։
Մեծ աղաները իրար կ՚անցնին։
— Այս վարդապետը «զօրլու» մէկը կ’երեւայ կոր, կ’ըսեն ու էշերը նստելով ընդ առաջ կ՚երթան։
Հոն ալ լաւ մը կը ջախէ վարդապետը.-
— Ասա՞նկ կը դիմաւորէք ձեր առաջնորդը, եւ յետոյ ներկուած են ձեր այս կենդանիները,- կ’ըսէ։
Մեծ աղաները հազար ներում խնդրելով ձեռքերը կը համբուրեն եւ կը բերեն քաղաք։
Կիրակի օրը Դաւիթ վարդապետ կը քարոզէ.-
— Ձեզի պէս տխմարներուն ի՛նչ խօսիմ, որ հասկնաք. դուք ի՜նչ խապար ունիք գիրքերէն ու մարգարէներէն. դուք միայն «պաստըրմա» ուտել մը գիտէք։ Երկու բառ հայեվար չէք գիտեր։ Ձեզի պէս տգէտներուն համար չէ՞, որ Իգնատիոս Մարգարէն իր գիրքին երեք հարիւր երեսունը վեց հազար ութը հարիւր իննիսունը վեցերորդ գլխին մէջ կ’ըսէ.-
«Բարձեալ է ի նոցանէ ամենայն իմաստութիւն»։
Փափիտուս Իմաստունն ալ իր գրքին հինգ հարիւր վաթսուն հազարերորդ գլխուն մէջ կ՚ըսէ.- «Որպէս զաւանակն Բաղաամու» եւն։
Եւ այսպէս Դաւիթ Վարդապետ ժամ մը կը խօսի հետեւեալ կերպով.-
«Չէք գիտեր զաւակ մեծցնել. ձեր բերնէն կը հանէք ծամուածը եւ անոնց բերանը կուտաք։ Փողոցի մէջ ձեր աղջիկները ձեր ետեւը կը ձգէք, ձեր եղունգները միշտ սուգի մէջ կը պահէք, ինչպէս նաեւ ձեր օձիքները իւղալից։ Պոլիսէն վերադարձողները կը ծաղրէք, «չէօբտէն չէլէպի» կ՚ըսէք»։ Եկեղեցիներուն մէջ տեղ կը ծախէք, այնպէս որ մէկուն առած տեղը ուրիշ մը չի կրնար նստիլ»։
Մեծ աղաները ապուշ կտրած, հիացած եւ ամօթահար մտիկ կ՚ընեն եւ խորհրդարան կը հաւաքուին.-
— Տեսա՞ք մը ուսումնական եւ ուղղախօս վարդապետը, կարծես մեր մէջը մեծցած է։ Իգնատիոս Մարգարէ, Փափիտուս Իմաստուն ո՞ր վարդապետէն լսած էինք։
— Հապա վկայութիւնննե՞րը, 336 հազար գլուխէն կը խօսի կոր մարդը։
— 560 հազարէն վար չիջնար կոր։
— Կեցցէ՜ Դաւիթ Վարդապետ, մեր բոլոր պակասութիւնները անկեղծօրէն կը խօսի կոր, գտանք վերջապէս մեզի պէտք եղած ուսումնական վարդապետը։
Եւ ամիս մը յետոյ օրուան Պատրիարքը կ՚ընդունի շնորհակալութեան ուղերձ մը…։