Է­րե­բու­նի-Ե­րե­ւա­նի 2800ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած ե­րե­կո­յի ա­ռի­թով՝ ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բը դար­ձեալ ջերմ եւ տօ­նա­կան շունչ ա­ռած էր հայ­կա­կան մշա­կոյ­թով՝ երգ ու պա­րով, ­Կի­րա­կի՝ 9 ­Դեկ­տեմ­բեր 2018ին:

­Հա­մազ­գա­յի­նի Ատ­տի­կէի «­Սօս-­Վա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած ձեռ­նար­կը ձօ­նո­ւած էր աշ­խար­հի հա­յե­րու սրտի եւ կա­րօ­տի մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նին, որ թէեւ մեզ հա­սած ու­րար­տա­կան սե­պա­գիր ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու հա­մա­ձայն 2800 տա­րե­կան է, սա­կայն պե­ղում­նե­րու ժա­մա­նակ յայտ­նա­բե­րո­ւած բնա­կու­թեան հետ­քե­րը կը վկա­յեն Ք. ա. 6000 եւ ա­ւե­լի տա­րի­նե­րու պատ­մու­թեան մա­սին:

­Ներ­կայ էին Հ.Յ.Դ ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէն, յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը,  Ա­թէն­քի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Հ­րայր Ա. քհնյ. ­Նի­կո­լեան, Հ.Կ.­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, «Ա­զատ Օր»ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ մշա­կու­թա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւն:

­Հա­ղոր­դա­վար­նե­րու կող­մէ ձեռ­նարկ բա­ցու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք, հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ «­Սօս-­Վա­նի» վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Ժագ ­Տա­մա­տեան՝ ող­ջոյ­նի խօսք ուղ­ղե­լու ներ­կա­նե­րուն.- «­Քա­նի մը շա­բա­թէն կ’ա­ւար­տի տա­րի մը, որ լե­ցուն էր յո­բե­լեան­նե­րով եւ՝ զգա­ցում­նե­րով: Իբ­րեւ մշա­կու­թա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւն, գու­ժե­ցինք ­Շարլ Ազ­նա­ւու­րի եւ Ա­րա ­Կիւ­լէ­րի կո­րուս­տը: ­Տօ­նե­ցինք «­Հա­մազ­գա­յին»ի հիմ­նադ­րու­թեան 90ա­մեա­կը: Ազ­գա­յին գետ­նի վրայ՝ նշե­ցինք ­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան 100ա­մեա­կը եւ ­Ղա­րա­բա­ղեան շարժ­ման 30ա­մեա­կը: Լ­րա­ցան 30 տա­րի­ներ ­Սում­կայ­թի ջար­դե­րէն եւ Ս­պի­տա­կի ա­հա­ւոր երկ­րա­շար­ժէն: ­Սա­կայն հա­յը, ան­գամ մը եւս, պող­պա­տի նման զօ­րա­ցաւ հա­րուած­նե­րէն, նո­րէն եր­գեց ու պա­րեց, ստեղ­ծեց եւ դար­ձեալ՝ տօ­նեց: Այս­պէս՝ հեր­թը հա­սաւ, որ տօ­նենք Ե­րե­ւա­նի 2800ա­մեա­կը:

«­Դա­րեր ես ան­ցել, բայց մնա­ցել ես պա­տա­նի»,- կ’ը­սէ բա­նաս­տեղ­ծը: Իս­կա­պէս, մեր սրտի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ իր լայն պո­ղո­տա­նե­րով, շքեղ պար­տէզ­նե­րով, վար­դա­գոյն շէն­քե­րով, բազ­մա­թիւ թան­գա­րան­նե­րով ու յու­շար­ձան­նե­րով, նո­րա­ձեւ ա­ռեւտ­րա­կան կեդ­րոն­նե­րով եւ յա­տուկ գի­շե­րա­յին մթնո­լոր­տով՝ ո­րե­ւէ բա­նով պա­կաս չէ ժա­մա­նա­կա­կից եւ­րո­պա­կան մայ­րա­քա­ղաք­նե­րէն: Ա­ռա­ւել՝ հպարտ է իր փա­ռա­ւոր պատ­մու­թեամբ եւ դա­րա­ւոր ան­ցեա­լով»:

­Ձեռ­նար­կը իր բնոյ­թով ոչ միայն տօ­նախմ­բու­թիւն մըն էր, այ­լեւ կը կրէր ճա­նա­չո­ղա­կան բնոյթ: «­Ճա­նա­չենք մեր քա­ղա­քի պատ­մու­թիւն»ը խո­րագ­րի ներ­քոյ ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ «Ե­րե­ւա­նի քա­րա­լե­զու պատ­մու­թիւն. քա­րայ­րից՝ ամ­րոց» տե­սա­ժա­պա­ւէ­նը, նկա­րա­հա­նո­ւած ­Սի­վիլ­նե­թի կող­մէ: Սկ­սած ու­րար­տա­կան թա­գա­ւո­րու­թե­նէն եւ հաս­նե­լով մին­չեւ մեր օ­րե­րը, ա­ռա­ւել յի­շար­ժան եւ պատ­մա­կան հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ հա­ղոր­դա­վա­րա­կան խօս­քի ընդ­մէ­ջէն հան­դի­սա­տե­սին ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան մայ­րա­քա­ղա­քի գո­յու­թեան, գո­յա­տեւ­ման, անկ­ման եւ զար­գաց­ման մա­սին պատ­մա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ: ­Մեր շնոր­հա­լի հա­ղոր­դա­վար­ներ ­Լո­ւի­զա ­Պօ­ղո­սեան եւ Հ­ռիփ­սի­մէ ­Կա­րա­պե­տեան՝ յա­ջոր­դա­բար բեմ կը հրա­ւի­րէին տա­ղան­դա­շատ եւ ա­նուշ ձայ­նով մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, որ յա­տուկ այս ձեռ­նար­կին հա­մար պատ­րաս­տած էին եւ կա­տա­րե­ցին Ե­րե­ւան քա­ղա­քին նո­ւի­րո­ւած ութ սի­րո­ւած եր­գեր: ­Հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու նո­ւա­գա­խում­բի ան­դամ­ներն էին.- Երգ՝ ­Գէորգ ­Լա­զա­րեան, ­Թա­մար ­Պար­սա­մեան, Ա­րազ ­Պար­սա­մեան. կի­թառ՝ Ա­նի ­Մա­նու­կեան, ­Սեր­գօ ­Սա­մո­ւէ­լեան, ­Վի­գէն ­Փար­թա­մեան. դաշ­նակ՝ ­Սու­լա ­Պար­տաք­ճեան, Ե­րո­ւանդ ­Մա­նու­կեան: Ինչ­պէս նաեւ երգ՝ ­Մա­րիան­նա ­Գու­յում­ճեան, Ա­նա­հիտ ­Սա­ֆա­րեան, երգ եւ կի­թառ՝ ­Յով­սէփ ­Թո­փա­լեան: ­Ներ­կա­նե­րը ի­րենց ծա­փե­րով ջեր­մօ­րէն կ՚ ող­ջու­նէին եւ կը վա­յե­լէին շուրջ եր­կու ժամ տե­ւած ձեռ­նար­կի մաս­նա­կից­նե­րուն ե­լոյթ­նե­րը:

­Խան­դա­վառ մթնո­լորտ ստեղ­ծեց նաեւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Նա­նոր» պա­րա­խում­բը իր ե­լոյթ­նե­րով՝ «Ես իմ ա­նուշ ­Հա­յաս­տա­նի» եւ յա­տուկ Ե­րե­ւա­նի 2800ա­մեա­կի այս ե­րե­կո­յին նո­ւի­րո­ւած, պա­րու­սոյց Ան­նա ­Պօ­ղո­սեա­նի կող­մէ «­Սէր Ե­րե­ւան» եր­գի հի­ման վրայ բե­մադ­րած պա­րը: Ողջ ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին, զու­գա­հե­ռա­բար, բե­մին վրայ ցու­ցադ­րուե­ցաւ նաեւ հին եւ նոր Ե­րե­ւա­նի լու­սան­կար­նե­րու ընտ­րա­նի: Ա­ւար­տին, փակ­ման խօս­քէն ան­մի­ջա­պէս ետք, բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցան բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը, ա­պա՝ ըն­կեր ա­տե­նա­պե­տը սրա­հի բո­լոր ներ­կա­նե­րուն հրա­ւի­րեց միաս­նա­բար եր­գե­լու «Է­րե­բու­նի-Ե­րե­ւան»ը խմբո­վին, ­Գո­հար ­Չի­մա­նեա­նի դաշ­նա­կի նո­ւա­գակ­ցու­թեամբ: ­Յոտն­կայս՝ ներ­կա­նե­րու շուրթ­նե­րէն եւ սիր­տէն հնչեց 2800ա­մեայ ե­րի­տա­սարդ քա­ղա­քի, 21րդ ­դա­րի ծաղ­կուն եւ ­Հա­յաս­տա­նի 12րդ ­մայ­րա­քա­ղա­քին օրհ­ներ­գը:

­Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին, հան­դի­սա­տե­սը ջեր­մօ­րէն շնոր­հա­ւո­րեց մաս­նա­կից­ներն ու կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, գնա­հա­տեց եւ կա­րե­ւո­րեց ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը, հայ մշա­կոյ­թի հան­դէպ ա­նոնց սէ­րը: Ող­ջու­նեց ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը սրա­հին մէջ:

«­Սօս-­Վա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղին վար­չու­թիւ­նը ձեռ­նար­կի կա­յաց­ման եւ կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու հա­մար յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նէ յատ­կա­պէս ­Գո­հար ­Չի­մա­նեա­նին, ­Մա­րիա ­Մար­կո­սեան-­Տա­մա­տեա­նին, ինչ­պէս նաեւ ­Կա­րօ Ա­ղա­պա­տեա­նին եւ ­Յով­սէփ ­Թո­փա­լեա­նին: ­Խո­րին յար­գան­քով եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ՝ շնոր­հա­կալ է նաեւ հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Վի­ճա­կա­ւոր ­Յով­սէփ Թ.Ծ.Վ. ­Պէ­զա­զեա­նին:

­Նո­րա­նոր վե­րել­քի եւ յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­նե­րով՝ վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին:

«­Հա­մազ­գա­յին»ի թղթա­կից