Ապ­րիլ 20ի օ­րը, 133 տա­րի ա­ռաջ, լոյս աշ­խարհ ե­կաւ հայ գրա­կա­նու­թեան հան­ճա­րեղ մե­ծե­րէն ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժան։
1884ին ծնած՝ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժան միայն 31 տա­րի կրցաւ վա­յե­լել ի­րեն տրո­ւած կեան­քի ժա­մա­նա­կը։
Թր­քա­կան պե­տու­թիւ­նը բրտօ­րէն կտրեց կեան­քի թե­լը ­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րի ա­մէ­նէն շքեղ ու վսե­մա­շուք քեր­թո­ղին։
­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժան դար­ձաւ ա­ռա­ջին նա­հա­տակ­նե­րէն մէ­կը հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան։
Ե­ղաւ «յա­ռա­ջա­պահ»ը 24 Ապ­րիլ 1915ին ձեր­բա­կա­լո­ւած եւ մա­հո­ւան ճի­րան­նե­րուն մէջ նե­տո­ւած հա­րիւ­րա­ւոր հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու ե­ղե­րա­բախտ փա­ղան­գին։
­Նա­հա­տակ մեր ցե­ղի ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան մեր ար­ժէք­նե­րուն եւ ար­ժա­նիք­նե­րուն վսե­մա­գոյ­նը խտաց­նող ա­դա­ման­դի մեծ քար է ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժան, որ ոչ միայն կը դի­մա­նայ ժա­մա­նա­կի մա­շու­մին, այլ ժա­մա­նա­կի թա­ւա­լու­մին հետ՝ ա­ւե­լիո՛վ կը փայլփ­լայ ու կը ճա­ռա­գայ­թէ հա­յոց ո­գե­ղէն հայ­րե­նի­քի ան­ծայ­րա­ծիր հո­րի­զո­նին վրայ։
­Հայ­կա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թեան քրմա­պե­տին ծննդեան տա­րե­դար­ձը բա­ռին ա­մէ­նէն խո­րունկ ի­մաս­տով հա­ղոր­դու­թեան ՊԱՀ է գե­ղե­ցի­կին ու բա­րիին, ազ­նո­ւա­գոյ­նին եւ մարդ­կայ­նա­կա­նին հետ։
­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժան ի­րա՛ւ ու վա­ւե­րա­կա՛ն վկան է եւ յու­շա­րա­րը հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին բազ­մա­դա­րեան ու­ղիին՝ հա­րա­զատ թարգ­մանն ու խո­րա­սոյզ վեր­ծա­նո­ղը հան­դի­սա­նա­լով մեր ան­սան­ձե­լի թռիչք­նե­րուն եւ ա­րիւ­նա­քամ ան­կում­նե­րուն, մեր ո­գե­ղէն ան­հա­սա­նե­լի բարձ­րունք­նե­րուն եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան մեր մշտա­հոս ա­կունք­նե­րուն, ար­դար աշ­խա­տան­քով հա­մայ­նա­բաշխ բա­րիք ա­րա­րե­լու երկ­նա­տուր շնորհ­քին եւ յա­նուն ի­րա­ւուն­քի ու ար­դա­րու­թեան մին­չեւ վեր­ջին շունչ պայ­քա­րե­լու ան­պար­տե­լի կամ­քին։
Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով ­Դա­նիէլ Չ­պուգ­քեա­րեան՝ ­Վա­րու­ժան ծնած է Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի ­Սե­բաս­տիա նա­հան­գի Բրգ­նիկ գիւ­ղը։ ­Ման­կու­թիւ­նը ան­ցու­ցած է հայ­րե­նի ծննդա­վայ­րի գե­ղե­ցիկ բնու­թեան մէջ, ի­րենց գիւ­ղի գե­տե­զերք­նե­րու թախ­ծոտ ու­ռի­նե­րու օ­րօ­րին տակ, ինչ­պէս հե­տա­գա­յին ինք կը նշէ։ ­Գի­շեր­նե­րը մայ­րը որ­դուն կը պատ­մէր պանդխ­տու­թեան մէջ գտնո­ւող եւ ըն­տա­նի­քին օ­րա­պա­հիկ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար պայ­քա­րող հօր մա­սին։ ­Վա­րու­ժա­նի մա­նուկ հո­գին եւ ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը խո­րա­պէս ցնցո­ւած ու բոր­բո­քած էին թուրք ե­նի­չե­րի­նե­րու մա­սին ա­նոր լսած ու կար­դա­ցած պատ­մու­թիւն­նե­րով։
­Տար­րա­կան ու­սու­մը ­Վա­րու­ժան ստա­ցած է իր ծննդա­վայ­րի գիւ­ղա­կան դպրո­ցին մէջ, իսկ 1896էն ետք՝ ­Պոլ­սոյ ­Սա­գըղ Ա­ղա­ջիի Մ­խի­թա­րեան եւ, ա­պա, ­Քաղ­կե­դո­նի վար­ժա­րան­նե­րէն ներս։
Ինչ­պէս կեն­սա­գիր­նե­րը կը նշեն, ­Պո­լի­սը ­Վա­րու­ժա­նի վրայ ծանր տպա­ւո­րու­թիւն կը գոր­ծէ։ Ան կը տես­նէ սուլ­թան ­Հա­մի­տի կազ­մա­կեր­պած ջար­դի հետ­քե­րը։ Այդ օ­րե­րու հա­լա­ծեալ­նե­րէն էր նաեւ ­Վա­րու­ժա­նի հայ­րը, ո­րուն հա­րա­զատ­նե­րը՝ եր­կար ժա­մա­նակ փնտռե­լէ ետք՝ վեր­ջա­պէս գտած էին բան­տի մէջ՝ շղթա­նե­րու կա­պո­ւած։ ­Տա­րի­ներ յե­տոյ՝ խօ­սե­լով այդ յի­շո­ղու­թեանց մա­սին, ­Վա­րու­ժան պի­տի գրէր «­Հօրս բան­տին մէջ» ո­տա­նա­ւո­րը, յի­շե­լով՝

­Դեռ փոքր էի, ե­կայ քե­զի մե­նա­ւոր,
­Մութ զըն­տա­նիդ մէջ այ­ցի,
­Մայրս հի­ւանդ էր, կը շրջէի ես ա­զատ
­Մէջ­տե­ղը բան­տի եւ մա­հի­ճի։

1902ին ­Վա­րու­ժան կ՚՚ն­դու­նո­ւի ­Վե­նե­տի­կի ­Մու­րատ-­Ռա­ֆա­յէ­լեան վար­ժա­րա­նը, որ վճռո­րոշ դեր կը խա­ղայ հան­ճա­րեղ բա­նաս­տեղ­ծին թէ՛ հո­գեմ­տա­ւոր եւ թէ գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան կազ­մա­ւոր­ման ու իբ­րեւ տա­ղան­դի կա­տա­րե­լա­գործ­ման մէջ։
­Վա­րու­ժա­նին կը գե­րեն ­Վե­րած­նուն­դի դա­րաշր­ջա­նի նկար­չու­թեան ու քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան կո­թող­նե­րը՝ ի­րենց գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձ­րո­րակ ա­րո­ւես­տով եւ մարդն ու բնու­թեան հրաշք­նե­րը վեր­ծա­նող յու­զաշ­խար­հով։
­Նաեւ՝ ու­սա­նո­ղու­թեան այդ տա­րի­նե­րը ­Վա­րու­ժա­նի հա­մար ե­ղան հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան գլուխ-գոր­ծոց­նե­րը յափշ­տա­կու­թեամբ կար­դա­լու, ա­նոնց­մով խան­դա­վա­ռո­ւե­լու եւ ներշն­չո­ւե­լու, այ­լեւ այդ ա­մէ­նը հայ­կեան հան­ճա­րի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան մեծ ժա­ռան­գու­թեան բո­վէն ան­ցը­նե­լու ինք­նամ­շակ­ման շրջան մը։
Այ­դօ­րի­նակ կազ­մա­ւոր­ման խոր­հուր­դը կը խտաց­նէ ­Վա­րու­ժան հե­տա­գա­յին իր ար­ձա­նագ­րած այն շեշ­տադ­րու­մին մէջ, ըստ ո­րու՝ իր վրձի­նը թա­թա­խած է միայն հայ­րե­նի հո­ղի «որ­դան կար­միր»ին եւ «ծո­վա­ծուփ ա­րեան» մէջ։
Ար­դա­րեւ, ­Վա­րու­ժան ա­ռանձ­նա­յա­տուկ յու­զա­կա­նո­ւեամբ կ­՚ու­սում­նա­սի­րէ ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թիւ­նը, հայ հին ու նոր գրա­կա­նու­թիւ­նը։ ­Վե­նե­տի­կեան օ­րե­րուն իսկ ան կը գրէ իր ա­ռա­ջին բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը՝ հայ պան­դուխտ­նե­րու կեան­քին եւ 1896ի հա­մի­տեան ջար­դե­րու թե­մա­նե­րով։
1905ին ­Վա­րու­ժան կը մեկ­նի ­Պել­ճի­քա եւ կ­՚ըն­դու­նո­ւի ­Կան­տի հա­մալ­սա­րա­նը, ուր կը հե­տե­ւի հա­սա­րա­կա­կան եւ քա­ղա­քա­կան գի­տու­թեանց, կ­՚ու­սում­նա­սի­րէ գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րո­ւես­տի դա­սա­կան թէ ժա­մա­նա­կա­կից հո­սանք­նե­րը։ ­Վա­րու­ժա­նի դի­մա­քան­դա­կը զե­տե­ղո­ւած է ­Կան­տի հա­մալ­սա­րա­նի գլխա­ւոր գրա­դա­րա­նի դահ­լի­ճին (Ghent University Library — Rozier 9, B-9000 Ghent) մէջ։ ­Դի­մա­քան­դա­կին վրայ նշո­ւած են ­Վա­րու­ժա­նի հե­տե­ւեալ խօս­քե­րը.-

Ի՜նչ փոյթ կեան­քը մեռ­նող,
երբ որ ե­րա­զը կ­՚ապ­րի,
երբ որ ե­րազն ան­մահ է։

­Բարձ­րա­գոյն ուս­ման ա­ւար­տին, 1909ին, ­Վա­րու­ժան վե­րա­դար­ձաւ ծննդա­վայր։ Եր­կու տա­րի ու­սուց­չու­թիւն ը­րաւ ­Սե­բաս­տիա­յի Ա­րա­մեան վար­ժա­րա­նին մէջ, ա­պա՝ 1911ին տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Եվ­դո­կիա­յի (­Թո­քա­տի) Ազ­գա­յին ­Ճե­մա­րա­նը։ Իսկ 1912ին ­Վա­րու­ժան հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Պոլ­սոյ ­Բե­րա­յի վար­ժա­րա­նը՝ տե­սու­չի պաշ­տօ­նով։
Ան­խոնջ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան եւ բե­ղուն գրի­չի կեանք մը ապ­րե­ցաւ ­Վա­րու­ժան։ Իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը ա­ռա­ջին իսկ քայ­լե­րէն լայն ճա­նաչ­ման ար­ժա­նա­ցան։ Ան դար­ձաւ պոլ­սա­հայ գրա­կան շրջա­նակ­նե­րու ազ­դե­ցիկ դէմ­քե­րէն մէ­կը, գրա­կան հա­ւա­քոյթ­նե­րու ո­գին։ ­Տա­սը տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ան ստեղ­ծա­գոր­ծեց հայ գրա­կա­նու­թեան բա­նաս­տեղ­ծա­կան փառ­քը կազ­մող չորս գլուխ-գոր­ծոց­ներ՝ «­Սար­սուռ­ներ», «­Ցե­ղին սիր­տը», «­Հե­թա­նոս եր­գեր» եւ «­Հա­ցին եր­գը»։ ­Միա­ժա­մա­նակ գրեց նաեւ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան նո­թեր, յօ­դո­ւած­ներ. կա­տա­րեց թարգ­մա­նու­թիւն­ներ։
1914ին, ե­ղե­րա­կան իր վախ­ճա­նէն տա­րի մը ա­ռաջ, ­Վա­րու­ժան հան­դի­սա­ցաւ հինգ հիմ­նա­դիր­նե­րէն մէ­կը բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու հայ գրա­կան մե­ծար­ժէք ամ­սա­գի­րին՝ «­Մե­հեան»ին՝ ­Կոս­տան ­Զա­րեա­նի, ­Յա­կոբ ­Քիւ­ֆէ­ճեա­նի (Օ­շա­կան), ­Գե­ղամ ­Բար­սե­ղեա­նի եւ Ա­հա­րոն ­Տա­տու­րեա­նի հետ։ Ամ­սա­գի­րի եր­րորդ՝ ­Մար­տի հա­մա­րէն ետք, ­Վա­րու­ժան բաժ­նո­ւե­ցաւ խում­բէն եւ Յ.Ճ. ­Սի­րու­նիի հետ խմբագ­րեց «­Նա­ւա­սարդ» գրա­կան տա­րե­գիր­քը, որ­մէ լոյս տե­սաւ միայն ա­ռա­ջին հա­տո­րը 1914ին։
1915ին ­Վա­րու­ժան կը շա­րու­նա­կէր իր աշ­խա­տան­քը «­Հա­ցին եր­գը» գոր­ծի ամ­բող­ջաց­ման վրայ։ ­Միա­ժա­մա­նակ կը պատ­րաս­տո­ւէր գրե­լու «­Հայ­կա­կան հո­մե­րա­գիրք» ժո­ղո­վա­ծուն, ուր պի­տի տեղ գտնէին հին հայ­կա­կան ա­ռաս­պել­նե­րու եւ ա­ւան­դու­թեանց վա­րու­ժա­նեան մշա­կում­նե­րը։ ­Վա­րու­ժա­նի ե­րազն էր ամ­բող­ջո­վին մշա­կել «­Սաս­նայ ծռեր» ժո­ղովր­դա­կան դիւ­ցազ­ներ­գու­թիւ­նը։ Ծ­րագ­րած էր նաեւ գրել «­Գի­նիին եր­գը» քեր­թո­ղա­կան հա­տո­րը։ ­Բայց վրայ հա­սաւ ա­րիւ­նա­լի ա­ղէ­տը։ ­Հա­յոց աշ­խար­հը ներ­կո­ւե­ցաւ ա­րիւ­նով։
­Վա­րու­ժա­նի խօս­քե­րով՝ կեան­քը կը մոր­թո­ւէր ար­տե­րուն մէջ, իսկ միտ­քը՝ գան­կի մէջ։
Ինչ­պէս ա­րո­ւես­տի ու գրա­կա­նու­թեան, այն­պէս ալ նա­հա­տա­կու­թեան մէջ ճա­կա­տա­գի­րը ի­րա­րու կա­պեց հայ­կեան հան­ճա­րին ճա­ռա­գայ­թող դէմ­քե­րէն եր­կու­քը՝ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժանն ու ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կը։ Ա­միս­ներ տե­ւած չար­չա­րան­քէ ետք, 1915ի Օ­գոս­տոս 26ին, «­Ցե­ղաս­պան ­Թուրք»ը մարմ­նա­ւո­րող ոճ­րա­գործ­ներ ուղ­ղա­կի դա­շոյն­նե­րով մոր­թո­տե­ցին զա­նոնք։
­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րի վսե­մա­շուք քեր­թո­ղին ծննդեան 133րդ ­տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով՝ հա­ղոր­դու­թեան եւ ա­նոր ան­մահ յի­շա­տա­կին խունկ ծխե­լու ա­ռիթ մը թող ըլ­լայ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նի սքան­չե­լի գոր­ծե­րէն՝

ԿԱՐՄԻՐ ՀՈՂԸ

Գ­րա­սե­ղա­նիս վրայ, սա
Ս­կա­ւա­ռա­կին մէջ կայ բուռ մ՚­հող, բե­րո­ւած հոն
­Հայ­րե­նի­քի դաշ­տե­րէն:
­Նո­ւէր է ան.- ­Զայն ինձ ձօ­նո­ղը կար­ծեց
­Սիրտն իր տրո­ւած, ա­ռանց եր­բեք գիտ­նա­լու
­Թէ կու տար իր պա­պե­րունն ալ միա­սին:
­Զայն կը դի­տեմ.- մերթ ժա­մեր
­Բի­բերս ա­նոր վրայ յա­ռած կը մնամ
­Լո՜ւռ եւ թախ­ծո՜տ, իբր այդ հո­ղին մէջ յուռ­թի
­Նա­յո­ւածքս ար­մատ ար­ձա­կէր:-
­Կը մտա­ծեմ.- ­Գու­ցէ իր գոյ­նը բո­սոր
­Չէ պար­գե­ւո­ւած բնու­թեան ներ­հուն օ­րէն­քէն .
­Վէր­քե­րու սպունգ մ­՚ըլ­լա­լով
Խ­մած է մաս մը կեան­քի, մաս մ­՚ա­րե­ւու.
Եւ իբր տարր ան­պաշտ­պան
­Կար­միր հող մ­՚է ե­ղած, հայ հող մ­՚ըլ­լա­լուն:
­Գու­ցէ իր մէջ կը բա­բա­խեն տա­կա­ւին
­Դա­րե­րը հին-հին փառ­քին,
­Կայծն ամ­րա­կուռ սմբակ­նե­րու, ո­րոնց գոռ
Ար­շա­ւանքն օր մը ծած­կեց
­Հայ­կեան վաշ­տերն յաղ­թու­թեան տաք փո­շիով:
Կ­՚ը­սեմ.- Իր մէջ դեռ կ­՚ապ­րի
Ինք­նա­տիպ ուժն այն, որ կազ­մեց շունչ առ շունչ,
­Կեանքս իմ, քու կեանքդ, ու տո­ւաւ,
­Կար­ծես ձեռ­քով գի­տա­կից,
­Նոյն թուխ ա­չո­ւին նոյն եւ նման հո­գիով
­Կիրք մ՚Եփ­րա­տէն առ­նո­ւած,
­Սիրտ մը կամ­շոտ, թաքս­տոց
Ըմ­բոս­տան­քի ու նաեւ բո՛ւ­ռըն սի­րոյ:
Իր մէջ, իր մէջ կը կայծկլ­տայ հո­գի մ՚­հին ՝
­Հին դիւ­ցազ­նի ե­ղած փսոր մը գու­ցէ ՝
­Կոյ­սի մ­՚ա­ղո­ւոր ար­ցուն­քով .
­Հիւ­լէ մը կայ ­Հայ­կէն, փո­շի մ՚Ա­րա­մէն,
Ա­նա­նիա­յէն բիբ մը դէտ՝
­Դեռ աստ­ղե­րու ճա­ճանչ­նե­րով թա­թա­ղուն.
Ա՜զգ մը կայ հոն, սե­ղա­նիս վրայ ազգ մը հին,
Որ այ­սօր իր վե­րա­շող­շող այ­գուն մէջ,
­Հո­ղի բնա­տուր մարմ­նոյն տակ ինձ կը խօ­սի,
Կ­՚ո­գե­զի­նէ — եւ աստ­ղե­րու ինչ­պէս ցանն
Ան­հու­նու­թեան մէջ կա­պոյտ —
­Փո­շի­նե­րովն իր հրա­բորբ
­Հո­գիս քաղց­րիկ փայ­լակ­նե­րով կ­՚ո­ռո­գէ:
Ու այն ա­տեն լա­րը ջղե­րուս կը դո­ղայ
­Սար­սու­ռով մ՚ յորդ, ա՛յն սար­սու­ռով ՝ որ մտքին
­Հեր­կե­րուն վրայ ա­ւե­լի՛
Ըս­տեղ­ծիչ է քան գար­նան հովն ար­փա­գաղջ:
Ու կը զգամ անցքն ու­ղե­ղէս
­Նոր յու­շե­րո՜ւ, հո­գի­նե­րո՜ւ դեռ կար­միր
­Խոր վէր­քե­րովն ի­րենց, վրէ­ժի՛ շրթունք­ներ.
Եւ այդ հողն, այդ փո­շին, զոր ես կը պա­հեմ
Այն­քա՜ն սի­րով՝ որ­քան հո­գիս պիտ՚ չը­նէր
Ե­թէ մարմ­նոյս ա­ճիւն­ներն
Օր մը մա­հէն վերջ հո­վե­րուն մէջ գտնար.
Այդ պան­դուխտ մասն ­Հա­յաս­տա­նի, մա­սունքն այդ
Մ­նա­ցած մեր յաղթ պա­պե­րէն,
Բժ­ժանքն ու ձօնն այդ կար­միր,
­Սիրտս սեղ­մած մա­գիլ­նե­րով ան­ծա­նօթ,
Եր­կինքն ի վեր, գըր­քի մը վրայ, թան­կա­գին
­Ժա­մու մը մէջ ժպիտ­նե­րու, սէ­րե­րու,
­Կամ քեր­թո­ւա­ծի մը ծնած վեհ վայր­կեա­նին
­Զիս հա­պըշ­տապ կը մղէ
­Մերթ լա­լու, մերթ մռնչե­լու,
Եւ զի­նե­լու բռունցքս, հո­գիս բռունց­քիս մէջ:
ԱՌԿԱՅԾ ՃՐԱԳ

­Յաղ­թա­նա­կի գի­շերն է այս տօ­նա­կան.
— ­Հա՛րս, եղ լե­ցո՛ւր ճրա­գին։
­Պի­տի դառ­նայ կռի­ւէն տղաս յաղ­թա­կան.
— ­Հա՛րս, քի­թը ա՛ռ պատ­րոյ­գին.

­Սայլ մը կե­ցաւ դրան առ­ջեւ, հո­րին քով.
— ­Հա՛րս, վա­ռէ՛ լոյ­սը ճրա­գին։
Տ­ղաս կու գայ ճա­կատն հպարտ դափ­նիով.
— ­Հա՛րս, բեր ճրա­գը շե­մին։

­Բայց… սայ­լին վրայ ա­րի՞ւն եւ սո՞ւգ բեռ­ցեր են…
— ­Հա՛րս, ճրա­գը աս­դի՛ն եր­կա­րէ։
­Հե­րոս տղաս հոն զար­նո­ւա՜ծ է սրտէն.
— Ա՜խ, հա՛րս, ճրա­գըդ մա­րէ՜…։

ԱՆԴԱՍՏԱՆ

Ա­րե­ւե­լեան կողմն աշ­խար­հի
­Խա­ղա­ղու­թի՜ւն թող ըլ­լայ…
Ոչ ա­րիւն­ներ, քրտինք հո­սին
­Լայն ե­րա­կին մեջ ա­կօ­սին
Ու երբ հըն­չէ կոչ­նակն ա­մէն գիւ­ղա­կի`
Օրհ­ներ­գու­թի՜ւն թող ըլ­լայ:

Ա­րեւմ­տեան կողմն աշ­խար­հի
­Բեր­րիու­թի՜ւն թող ըլ­լայ…
Ա­մէն աստ­ղէ ցող կայ­լա­կի,
Ու ա­մէն հասկ ձու­լէ ոս­կի.
Եւ ոչ­խար­ներն երբ սա­րին վրայ ա­րա­ծին`
­Ծիլ ու ծա­ղի՜կ թող ըլ­լայ:

­Հիւ­սի­սա­յին կողմն աշ­խար­հի
Ա­ռա­տու­թի՜ւն թող ըլ­լայ…
Ոս­կի ծո­վուն մէջ ցո­րեա­նին
­Յա­ւէտ լո­ղայ թող գե­րան­դի.
Ու լայն ամ­բարն ա­ղուն­նե­րուն երբ բա­ցո­ւի՝
­Բեր­կը­րու­թի՜ւն թող ըլ­լայ:

­Հա­րա­ւա­յին կողմն աշ­խար­հի
Պտ­ղա­բե­րու­թիւն թող ըլ­լայ…
­Ծաղ­կի՝ մեղ­րը փե­թակ­նե­րուն,
­Յոր­դի գի­նին բա­ժակ­նե­րուն.
Ու երբ թխեն հար­սե­րը հա­ցը բա­րի՝
­Սի­րեր­գու­թի՜ւն թող ըլ­լայ: