Յունաստանի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ողջ ընտանիքը խորապէս կը գուժէ ընկ. Խարա Քէօսէյեանի վաղահաս մահը՝ երկարատեւ ու անողոք հիւանդութեան պատճառով, եւ կը խոնարհի անոր թարմ յիշատակին առջեւ։ Հանգուցեալին յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը տեղի ունեցան իր ծնողաց ծննդավայր՝ Նաֆփլիոյի եւ մարմինը ամփոփուեցաւ Արղոսի (Միքինէս) գերեզմանատան մէջ, Ուրբաթ` 24 Օգոստոս 2018ի երեկոյեան։
Ընկերուհին՝ վճռորոշ ներդրումով հիմնադիր անդամներէն եղաւ Տոտէքանէզի (Երկոտասնեակ կղզեխումբին) մայրաքաղաք Ռոտոսի մէջ Համազգայինի «Տիգրան-Երկաթ» մասնաճիւղին, առաջին մէկ օրէն ընտրուած վարչութեան կողմէ իրեն վստահուած ատենապետի պաշտօնը ստանձնելով։
Սոյն մասնաճիւղը գործել սկսաւ թուականէս մօտ 4 տարի առաջ, շրջանէն ներս ազգային-մշակութային ու Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ու «Համազգային»ի համագործակցութեամբ, ազդու եւ աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալելով։
Խարա Քէօսէյեան բարձր կրթութեան տէր աննաւորութիւն մըն էր. ասպարէզով բանասէր էր. տարիներով Ռոտոսի մէջ պաշտօնավարեց իբրեւ յունական երկրորդական վարժարաններու ուսուցիչներու դաստիարակչական ու կրթական որակաւոր մանբաժանմունքներու ընդհանուր հսկիչի ու պատասխանատուի պաշտօնով։
Իր բանասէրի ասպարէզին առընթեր, արուեստի ու գրականութեան ճանապարհով ընթանալով, ան ծաւալեց մատենագիտական-հրատարակչական հարուստ գործունէութիւն, որու նիւթերու մէկ մասը հայկական եւ քաղաքաընկերային բովանդակութեամբ յատկանշուեցաւ, եւ իր նկարագրային բազմապատկուած աշխուժութեան շնորհիւ, իր շրջանէն ներս յարգանքի, համակրանքի, լայն ծանօթութեան ու ակնածանքի արժանացաւ։
«Համազգային»ի Շրջանային վար-չութեան ու իր մասնաճիւղներու համագործակցութեամբ՝ յաջորդականօրէն իրագործուեցան անոր հրատարակած գիրքերու յաջող ներկայացումներ, Աթէնքի, արուարձաններու, Գարէայի, Նաֆփլիոյի, Թեսաղոնիկէի, Ալեքսանտրուպոլսոյ եւ Ռոտոսի մէջ։ Իսկ Նէա Զմիռնիի «Ղալաքսիաս» մշակութային կեդրոնին մէջ ներկայացուեցաւ անոր՝ «Օ Արմենիս» թատերականգործը, արհեստավարժ յոյն դերասանական խումբի մը մասնակցութեամբ։
Խարա Քէօսէյեանի կորուստով՝ ազգային ծառայութեան գիտակցութեամբ օժտուած երիտասարդ ուժ մը կը կորսնցնենք։
Ազգային կեանքէն հեռացողներուն յիշատակը, մշակութային բնագաւառէն ներս՝ ազգային կարեւոր ստորոգելի մըն է։
Իր յիշատակը անթառամ պիտի մնայ։
Յունաստանի «Համազգային»ի
Շրջանային Վարչութիւն